Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Աթալլայի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ ունեցած իր կարգ մը հանդիպումներէն ետք, որոնք կը կատարուէին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի խորհուրդով, կարգ մը լիբանանեան օրաթերթեր անդրադարձ կատարած են անճիշդ տեղեկութիւններու եւ փորձած երեւակայութեան վրայ յենելով քանդել այդ հանդիպումներուն առթած դրական մթնոլորտը:
«Պըրրիի հետ կայացած հանդիպումները կը դրսեւորեն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հաւատամքը, թէ դժուար պահերուն բոլորը պէտք է տարակարծութիւնը մէկդի դնեն», յայտնեց ան:


