Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրիւքսելի Մէջ. Եւրոպական Միութիւնը Եւ Միացեալ Նահանգները Կը Նախատեսեն Աւելի Ամուր Համագործակցութիւն Հայաստանի Հետ

April 6, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն տեր Լեյենի եռակողմ հանդիպումը, որուն աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի.

«Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները կը սատարեն Հայաստանի եւ շրջանին համար կայուն, խաղաղ, անվտանգ, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ ապագային: Այս ծիրին մէջ մենք նպատակ ունինք ընդլայնել համագործակցութիւնը` միտուած Հայաստանի դիմակայունութեան ամրապնդման, այնպիսի առանցքային ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են` քաղաքական բարեփոխումները, տնտեսական զարգացումը եւ մարդասիրական աջակցութիւնը: Մենք պիտի ձգտինք ընդլայնել մեր գործընկերութիւնները, օրինակ` շարժունակութեան, կառավարման, օրէնքի կիրարկման, առեւտուրի, կապի, գիւղատնտեսութեան, ուժանիւթի եւ ճարտարագիտութիւններու ոլորտներուն մէջ: Այս առանցքային ոլորտներուն աջակցելու նպատակով Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները կը նախատեսեն աւելի ամուր համագործակցութիւն Հայաստանի հետ:

«Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները բարձր գնահատած են 2018 թուականէն ի վեր ժողովրդավարութեան եւ արդարադատութեան ոլորտներուն մէջ բարեփոխումներուն, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարին մէջ Հայաստանի արձանագրած էական յառաջընթացը, եւ յանձնառութիւն յայտնած են շարունակելու գործընկերութիւնը եւ աջակցելու Հայաստանին` հաշուի առնելով, որ անիկա կը շարունակէ ամրապնդել ժողովրդավարութիւնը եւ օրէնքի գերակայութիւնը մեր հասարակաց արժէքներուն եւ սկզբունքներուն համահունչ:

«(…)Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները ողջունած են արտաքին աշխարհին հետ կապը բարելաւելու Հայաստանի յանձնառութիւնը, ներառեալ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը, որ պիտի խթանէ հասարակաց բարգաւաճումը ու շրջանային տնտեսական եւ առեւտուրի բազմազանացումը:

«Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները մտադիր են լրացուցիչ օգնութիւն ցուցաբերել` օգնելու Հայաստանին մեղմացնել ռիսքերը, բազմազանացնել առեւտուրը եւ ամրապնդել տնտեսական ու հաստատութենական դիմակայունութիւնը»:

Հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ, որ Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները Հայաստանին պիտի օգնեն եւ տրամադրեն «տեղահանուած մարդոց երկարաժամկէտ տնտեսական ու ընկերային ներառման ուղղուած պիւտճէական աջակցութիւն»:

«Բարգաւաճ, գերիշխան եւ ժողովրդավարական Հայաստանը, որ կը զարգացնէ իր սեփական գործընկերային յարաբերութիւնները եւ ազատօրէն կ՛որոշէ իր ուղին, պիտի նպաստէ շրջանային կայունութեան եւ բարգաւաճման», կ՛եզրափակէ հաղորդագրութիւնը:

Փաշինեան «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով «գերազանց» որակած է Պլինքընի եւ Ֆոն տէր Լեյենի հետ իր հանդիպումը` աւելցնելով. «Քննարկած ենք համագործակցութիւնը Հայաստանի տնտեսական, մարդասիրական եւ ժողովրդավարական կայունութեան ամրապնդման համար»:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը հանդիպումի մեկնարկէն առաջ Փաշինեանի, Պլինքընի եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Մենք այս հանդիպումին մասին համաձայնած էինք անցեալ հոկտեմբերին, յայտարարած, որ պատրաստ ենք ուս-ուսի կանգնելու Հայաստանի կողքին եւ այժմ կը կատարենք այդ խոստումը»` բարձր գնահատելով Հայաստանի բարեփոխումները, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու շրջանցման հարցին մէջ որդեգրած քայլերը:

«Ասիկա ցոյց կու տայ, որ մենք միեւնոյն տեսակէտներն ու արժէքները ունինք», ըսաւ ան: Ֆոն տեր Լեյեն հաղորդեց, որ Պրիւքսել պատրաստ է յաւելեալ 270 միլիոն եւրոյի դրամաշնորհ տրամադրելու Հայաստանին` նշելով. «Մենք պիտի աջակցինք, որպէսզի Հայաստանը ըլլայ աւելի դիմակայուն: Մենք պիտի աջակցինք փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններուն, որպէսզի անոնց օգնենք զարգանալ, մտնել նոր շուկաներ: Մենք ներդրումներ պիտի կատարենք ենթակառոյցներու նախագիծերուն մէջ», ըսած է Ֆոն տեր Լեյեն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը կ՛աջակցի Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ նախաձեռնուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին: Անոր կարծիքով` հզօր ապագայ կայ շրջանին հետ, որ հետզհետէ աւելի կը համարկուի, եւ որ օգուտ պիտի բերէ մարդոց ու երկիրներուն: «Եւ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզեն օգնել ձեզի ատիկա կառուցելու», ըսաւ Պլինքըն:

«Մենք այստեղ հաւաքուած ենք վերահաստատելու անդրատլանտեան աջակցութիւնը հայ ժողովուրդի ժողովրդավարական, բարեկեցիկ ապագային եւ աւելի համարկուած ու խաղաղ Հարաւային Կովկասի շրջանին: Մենք կը կիսենք հայ ժողովուրդի ապագայի տեսլականը: Մենք կ՛ուզենք, որ Հայաստանը ըլլայ ուժեղ, անկախ, իր դրացիներուն հետ խաղաղութեան մէջ ապրող` շրջանին եւ աշխարհին հետ կապուածութեամբ: Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզեն գործընկեր դառնալ այս հարցին. կը կարծեմ, որ այս օրը այդ բոլորին վկայութիւնն է», յայտարարեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է օգտագործել հայ ժողովուրդի եւ անոր ղեկավարներու ընտրութեան այս պահը:

Անդրադառնալով Արցախէն բռնի տեղահանուած հայ բնակչութեան աջակցութեան` ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նշեց. «Մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած 100 հազար հայերուն: Ասիկա վճռորոշ նշանակութիւն ունի Հայաստանի երկարաժամկէտ կայունութեան եւ բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ անոր շրջանային անվտանգութեան համար: Հայաստանի համար շրջանային համարկումը անվտանգութեան եւ բարգաւաճման բանալին է»:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ Հայաստանի համար դրական օրակարգ մշակել եւ, Միացեալ Նահանգներու հետ միաւորելով իր ուժերը, ցոյց տալ Հայաստանի գերիշխանութեան, ժողովրդավարութեան եւ դիմակայունութեան նկատմամբ ամուր նուիրուածութիւնը:

Ան շեշտեց, որ ուժեղ եւ կայուն Հայաստան կը նշանակէ աւելի ուժեղ եւ կայուն Հարաւային Կովկաս, եւ ատիկա օգուտ պիտի բերէ շրջանի բոլոր երկիրներուն:

Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, մէկ օր առաջ խօսելով Պրիւքսելի հանդիպումին մասին, Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած էր. «Օրակարգային հարցերը հիմնականին մէջ տնտեսական են: Տնտեսական այն առումով, որ մենք կ՛ուզենք հասանելիութիւն ստանալ ճարտարագիտութիւններու եւ շուկաներու Եւրոպական Միութեան տարածքին մէջ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու շուկային մէջ: Մեր նպատակն է, որ այս իրադարձութեան ծիրին մէջ կարենանք այդ օրակարգերը յառաջ մղել:

«Ասիկա իրադարձութիւն մըն է, որ թէ՛ Եւրոպական Միութեան հետ, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու հետ մեր յարաբերութիւնները իսկապէս պիտի փոխէ, սակայն ասիկա  շարունակական հոլովոյթ է, եւ ես կ՛ըսեմ, որ թէ՛ մենք, թէ՛ Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները այս յարաբերութիւններուն համար աշխատանքներ ունին ընելիք: Պիտի քննարկուին հիմնականին մէջ տնտեսական հարցեր, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածներուն օգնելու հարցեր», ըսած էր ան:

«Տնտեսական առումով մեր մէկ կէտէն փոխկապուածութիւնը պէտք է փոխուի: Տնտեսական կախեալութիւնը պէտք է փոխարինենք շատ գործընկերներու հետ տնտեսապէս փոխյարաբերութիւններ ունենալով: Շրջանային հարցեր մենք այնտեղ պիտի չքննարկենք», աւելցուցած էր ան:

Ֆոն Տեր Լեյեն–Ալիեւ
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Եւրոպական յանձնախումբի ղեկավար Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյեն 4 ապրիլին հեռաձայնած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին: Այս մասին կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Քննարկուած են Ազրպէյճանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները: Զրոյցի ընթացքին քննարկուած է նաեւ երէկ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ եռակողմ հանդիպումը:

Ալիեւ յայտնած է այս հանդիպումին վերաբերեալ ազրպէյճանական կողմի դիրքորոշումը եւ կարեւոր նկատած շրջանային ներառականութիւնը:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է մարդասիրական ականազերծման գործին մէջ Ազրպէյճանին աջակցելու:

Ալիեւ. «Պրիւքսելի Հանդիպումը Հարաւային Կովկասի Համար
Վտանգի Յաւելեալ Աղբիւր Մը Կը Ստեղծէ»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ, ՕԹԱՆ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ թրքական պատուիրակութեան ղեկավար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ Պրիւքսելի մէջ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ հանդիպումը Հարաւային Կովկասի համար «վտանգի յաւելեալ աղբիւր մը կը ստեղծէ»:

«Հակառակ այն հանգամանքին, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարները իրենց նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ընթացքին փորձած ենք մեզ համոզել, որ այս հանդիպումը ուղղուած չէ Ազրպէյճանի դէմ, մենք գիտենք, որ ատիկա կը հակասէ Ազրպէյճանի հետ համագործակցութեան», ըսաւ Ալիեւ:

 

 

Նախորդը

Անգարայի Պնդումով` Փաշինեան-Պլինքըն-Ֆոն Տեր Լեյեն Հանդիպումը «Կը Հակասէ Չէզոքութեան Սկզբունքին»

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ընկերները Այցելեցին ՄԱՀԱԵՄ-ի Նախագահի Տեղապահ` Վեր. Փօլ Հայտօսթեանին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.