Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոտնլուայի Արարողութիւն` «Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոնի Աշակերտներուն Համար

March 29, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 27 մարտի առաւօտեան ժամը 11:00-ին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ոտնլուայի արարողութիւն` «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի աշակերտներուն համար, ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, ներկայութեամբ` Ազգային Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վիգէն Աւագեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Ասլանեանի եւ փոխատենապետ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, նաեւ` Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամներուն:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Քրիստոս իր երկրաւոր կեանքի վերջին օրերուն յատուկ ճիգ մը կատարեց, որպէսզի առանձնանայ իրեն  հարազատ եղող աշակերտներուն հետ միասին` անոնցմով երկրաւոր կեանքի վերջին պահերը անցընելու համար: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ ըստ աւետարանին, մեր Տէրը յատուկ սէր ցոյց  տուաւ բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք աշխարհէն ներս իր հարազատները եղան: Քրիստոս սիրեց զիրենք եւ անսահման սիրով վարուեցաւ անոնց հետ եւ վերջին ընթրիքի պահուն նաեւ բոլորը զարմացնելով` իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց եւ աւարտելէն ետք նոր պատուիրան մը տուաւ անոնց, որ զիրար սիրեն եւ իրարու հետ վարուին այնպէս, ինչպէս Ինք սիրեց զիրենք եւ վարուեցաւ իրենց հետ: «Խորհրդալից են աւետարանէն մեզի հասնող պատուէրները, նաեւ խորհրդալից են Քրիստոսի վերջին պատգամները, հաստատեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ մենք ալ մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, նաեւ` առ ի գործադրութիւն Տիրոջ պատուիրանին, Աւագ շաբթուան նուիրական այս առիթով կը փորձենք Քրիստոսի նոր պատուիրանը կեանքի կոչել, նաեւ` իր օրինակը կենդանի կերպով իրականացնել մեր եկեղեցական արարողութիւններու ընթացքին: Սրբազանը ըսաւ, որ իրբեւ «Զուարթնոց» կեդրոնի հարազատներ` հաւաքուած ենք ոտնլուայի սրբազան արարողութեան յիշատակը կենդանի կերպով իրականացնելու: Ան յայտնեց, որ իբրեւ մարդ` տարուան այս եղանակին մեր ուշադրութիւնը կը փորձենք ուղղել դէպի երկինք եւ դէպի Աստուած, սակայն Աստուած մեզի կը թելադրէ մեր ուշադրութիւնը ուղղել դէպի մեր նմանը, մեր շրջապատը, մեր ընկերութեան անդամները, մանաւանդ անոնց, որոնք իսկապէս առաւել սիրոյ, գուրգուրանքի կարիքը ունին, նաեւ մեր ուշադրութիւնը կ՛ուղղէ մեզի յիշեցնելով, որ կեանքէն ներս շատ բան կրնայ սրբագրուիլ մարդկային մեր ճիգով, մեր մասնակցութեամբ ու մեր նուիրումով: Սրբազանը հաստատեց, որ իբրեւ Քրիստոսի հետեւորդներ` մենք նուիրական այս առիթով պէտք է անդրադառնանք, որ աշխարհէն ներս մենք Աստուծոյ գործակիցներն ենք: «Ոտնլուայի արարողութիւնը ոչ միայն մեզ խոնարհութեան կը հրաւիրէ, այլեւ կը հրաւիրէ` սիրելու Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը, սիրելու մեր ընկերութեան անդամները, մասնաւորաբար սիրելու բոլոր անոնք, որոնք իսկապէս կրնան կեանքէն ներս յարատեւել միայն մեր աջակցութեամբ ու մեր սիրոյն շնորհիւ», ըսաւ սրբազանը` վստահեցնելով, որ այս պահը մեզ կ՛առաջնորդէ խորունկ ապրումներու, որոնք ծառայութեան ճամբով պէտք է ի սպաս մեր ընկերութեան նոր գիտակցութիւն եւ նոր ջերմեռանդութիւն ստեղծեն բոլորիս մէջ, որպէսզի մէկզմէկուն աջակից եւ զօրակից մնալով` մնանք կանգուն եւ պայծառ` մեր աշխատանքին ու մեր կեանքին մէջ: Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը աղօթեց, որ Աստուծոյ շնորհքը առատանայ բոլորիս մէջ անխտիր, նաեւ Աստուած քաղցրացնէ բոլորիս սրտերը, որպէսզի մենք ալ Աստուծոյ պարգեւած օրհնութեամբ եւ քաղցրութեամբ ջանանք սէր եւ քաղցրութիւն տարածել մեր ընկերութեան մէջ եւ մեր հարազատներուն կեանքէն ներս:

Արարողութիւնը փակուեցաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»-ով եւ Տէրունական աղօթքով:

Նախորդը

Մեր Խօսքը

Յաջորդը

Թատերական Գործիչները` Թատրոնի Մասին

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.