Ս. Զատկուան տօնին առիթով շաբաթ, 7 ապրիլ 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ՔԱՀԼ-ի Հայ ծերանոց այցելեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի երիտասարդական կեդրոնի անդամները` գլխաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ երիտասարդականի ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեանի եւ ներկայութեամբ ծերանոցի տնօրէն վեր. Սեպուհ Թերզեանի:
Այս առիթով ծերունիներուն ուղղուած խօսքեր արտասանեցին երիտասարդական կեդրոնի անդամներ Նանօր Կոտալազեան եւ Վիքի Թորոսեան, որոնք ներկայացուցին կեդրոնին գործունէութիւնն ու հայ մայրերուն եւ հայրերուն հոգատարութիւն ցուցաբերելու կարեւորութիւնն ու արժէքը: Անոնք շեշտեցին, որ տօնական օրերուն պէտք չէ մոռնալ ծերերը, այլ` գուրգուրանքով պէտք է բաժնել ուրախ առիթը:
Ապա Պուրճ Համուտի միջնակարգ եւ երկրորդական դասարաններէն հաւաքուած կեդրոնի անդամները ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին երգերով, պարով ու ասմունքով ծերունիներուն մօտ յառաջացուցին տօնական ուրախ մթնոլորտ եւ մեծ խանդավառութիւն:
Խումբը նաեւ շրջագայեցաւ ծերունիներուն սենեակները եւ իւրաքանչիւր ծերունիի նուիրեց Ս. Զատկուան յատուկ նուէրներ` ժպիտ պարգեւելով հայ մայրերուն ու հայրերուն:


