Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրիւքսելի Մէջ` Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի Նոր Գրասենեակի Բացում

March 27, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 24 մարտին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նոր գրասենեակի բացման արարողութիւնը, որ նշանակալի է անոր հիմնադրութենէն` 2002-էն ի վեր:

Իբրեւ խորհրդանիշ Հայ դատի առաքելութեան օժանդակութեան` կարմիր ժապաւէնը կտրեցին Մայք եւ Էվելինա Սարեանները, որոնց ընտանիքի առատաձեռն նուիրատուութեան շնորհիւ ձեռք բերուեցաւ նոր գրասենեակը:

Բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան տասնեակներով հիւրեր, որոնց կարգին` Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի երկարամեայ բարերարներ Րաֆֆի Արսլանեան եւ Ատոմ Թնճուկեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Հայ դատի յանձնախումբերու Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավարի տեղակալ Վարդան Սարգսեան, պելճիքացի պատգամաւորներ, լրագրողներ, հասարակական գործիչներ, ինչպէս նաեւ` Պելճիքայի, Կիպրոսի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Հոլանտայի, Ռումանիոյ եւ Միացեալ Թագաւորութեան հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ:

Բացման արարողութեան յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին երախտագիտութեան խօսքեր արտասանուեցան բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են եւ ունին Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի աշխատանքներուն մէջ: Ներկաները կարեւոր նկատելով Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի դերը ընդհանրապէս Հայ դատի պաշտպանութեան գործին մէջ` իրենց բարեմաղթանքները յղեցին գրասենեակի ամէնօրեայ տքնաջան աշխատողներուն:

Մայք Սարեան անդրադառնալով օրուան խորհուրդին` ըսաւ հետեւեալը. «Իսկապէս մեծ պատիւ է Պրիւքսելի մէջ նուիրատուութիւն կատարել Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակին` ի յիշատակ մեր հօր` Երջանիկ Սարեանի: Երջանիկը կը մարմնաւորէ մեր իղձը, որն է` այս գրասենեակը երջանկութեան աղբիւր դառնայ բոլոր այն հայերուն, որոնք հաւատարիմ են Հայ դատի յառաջխաղացման ամբողջ աշխարհի եւ յատկապէս Եւրոպայի մէջ: Մեծ յաջողութիւններ կը մաղթեմ գրասենեակի անձնակազմին եւ մեր համայնքի անդամներուն` յուսալով, որ աւելի շատ ձեռքբերումներ կ՛ունենանք այս մռայլ օրերուն»:

Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնելով Մայք Սարեանին եւ անոր ընտանիքին` ըսաւ. «Խորապէս շնորհակալ ենք պարոն Սարեանին եւ անոր ընտանիքին իրենց առատաձեռնութեան համար: Իսկապէս պատիւ է, որ մեր գրասենեակը կը կրէ հանգուցեալ Երջանիկ Սարեանին անունը: Այս գրասենեակը կը խորհրդանշէ բոլորիս տունը` նուիրուած հայ ժողովուրդին եւ հայ ժողովուրդին ծառայութեան` յառաջ մղելով Հայ դատի պայքարը: Մենք հաւատարիմ ենք այդ նպատակին:

«Նոր գրասենեակի բացումը նշանակալից յառաջընթաց է Հայ դատի գրասենեակին համար, եւ վերջինս կը հաստատէ իր յանձնառութիւնը` հայկական պետականութեան յառաջխաղացման եւ Եւրոպայի մէջ Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին», կ՛ըսուի Հայ դատի յանձնախումբին տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Նախորդը

Պելճիքայի Ծերակոյտին Մէջ` Արցախի Վերաբերեալ Քննարկումներ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (27 Մարտ 2024)

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.