Կան ապացոյցներ, որ Ռուսիոյ առաջարկած տարբերակները անընդունելի են: «Նիուզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Հարաւային Կովկաս. միտումները եւ հեռանկարները ուքրանական պատերազմի լոյսին տակ» նիւթով քննարկման ժամանակ ըսած է Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Ճոն Կալահըրը` մեկնաբանելով Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բանակցութիւնները:
«Սակայն խաղաղութեան հոլովոյթ կայ: Բրիտանիան պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերելու երկու երկիրներուն, որպէսզի անոնք կառուցողական ձեւով գտնեն երկու կողմերուն համար ընդունելի լուծումներ», նշած է ան:
Անոր համաձայն, առայժմ կայ խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթ, պէտք է անկէ օգտուիլ:
«Անհրաժեշտ է աջակցիլ կողմերուն միջեւ երկխօսութեան եւ ապահովել ամուր լուծում: Կրնան հարցեր ըլլալ այն մասին, թէ ո՛ր հարթակը աւելի արդիւնաւէտ է, սակայն ատիկա պէտք է կողմերը որոշեն: Բաւական եռանդուն էր Արեւմուտքի մասնակցութիւնը, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու կողմէ», աւելցուցած է Բրիտանիոյ դեսպանը:


