Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան Ճանաչման Արշաւ Ոչ Հայ Աշակերտներու Կողմէ

April 10, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՄԷՆ ԻՒՐՆԷՇԼԵԱՆ

Շաբաթ, 30 մարտ 2011-ի ամբողջ օրը, լիբանանեան ամերիկեան համալսարանի Ժիպէյլի համալիրը մեղուափեթակի կը նմանէր: 16-18 տարեկան հարիւրաւոր լիբանանցի տղաք եւ աղջիկներ կը մասնակցէին համալսարանին կազմակերպած մանրակերտ ՄԱԿ-ի (MUN) յանձնախումբերու նիստերուն` քննարկելով ամենատարբեր հարցեր ու փորձելով լուծում գտնել զանազան համաշխարհային խնդիրներու… Անդին, նոյնքան խանդավառ, այլ հարիւրաւոր երիտասարդներ մեծ եռանդով կը պատրաստէին իրենց երկիրները ներկայացնող տաղաւարները: Նախագիծին տրուած «Համաշխարհային գիւղ», անուանումը շատ հարազատ էր ստեղծուած մթնոլորտին:

Սակայն կ՛ուզեմ կեդրոնանալ մէկ երեւոյթի վրայ:

Հայ ըլլալով` անմիջապէս ուղղուեցայ դէպի հայկական եռագոյնը պարզած տաղաւարը ու սկսայ «լրտեսել. ովքե՞ր են «մեր դեսպանները», արժանի պատրաստութիւն տեսա՞ծ են, յուսամ սխալ բաներ չեն ըներ եւ այլն, եւ այլն: Մէկ խօսքով` հայու սովորական մտահոգութիւն եւ հետաքրքրութիւն:

Ժիպէյլի Քոլեճ տը ֆրէր Մարիսթ-ի աշակերտներն էին, որոնք հոգիս լեցուցին այնքա՛ն հպարտութեամբ, որ անկեղծօրէն չեմ կրնար նկարագրել: Բոլորին պէս, անոնք ալ իրենց փոքրիկ տաղաւարը զարդարած էին դրօշակով, հայկական յուշանուէրներով նկարներով: Հայկական տարազ հագած երիտասարդ-երիտասարդուհիներ անցորդներուն հայկական համադամ ճաշատեսակներ կը հրամցնէին: Յատկանշականը սակայն այլ էր: Անոնք բացած էին արձանագրութեան մատեան մը, ուր անցորդներ` 16-20 տարեկան երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող ու անոր ճանաչումը պահանջող խօսքեր կ՛արձանագրէին: Դատելով իրենց լամբակին եռագոյն դրօշակ կրողներուն թիւէն` բազմաթիւ էին անոնք: Մենք վարժ ենք նմանատիպ արաքներու, կազմակերպուած… Հայերու կողմէ: Բայց ոչ հայե՞ր, Լիբանանի՞ մէջ… Ինծի համար աննախընթաց էր:

Սիրտս ուռեցնող հպարտութիւնը կ՛աճէր ու կ՛աճէր ամէն անգամ, երբ այդ սիրելի տղաքն ու աղջիկները, եռագոյնին առաջնորդութեամբ, բարձրաձայն «Ar-men-ia, Ar-men-ia» վանկարկելով կը շրջէին հսկայական շրջափակին մէջ:

Կուրծքս լեցուցած հպարտութիւնը պայթեցաւ, երբ այս տղաքը բեմ բարձրացան եռագոյն փուչիկներով ու յայտարարեցին, թէ իրենք ո՛չ պիտի պարեն, ո՛չ ալ երգեն: Անոնք խօսեցան անպատիժ մնացած Ցեղասպանութեան մասին, խօսեցան աշխարհին կողմէ մոռցուած մէկուկէս միլիոն նահատակներուն մասին ու կոչ ուղղեցին` լռութեան պահով մը ոգեկոչելու հայոց նահատակներուն յիշատակը: Քար լռութեան մէջ տուտուկի մեղեդիի տակ Ցեղասպանութեան նկարներու ցուցադրումով, ներկաները երգ-պարի մթնոլորտէն դուրս եկան պահ մը, մարդացան ու անդրադարձան թէ կայ նաեւ ցաւ, կայ նաեւ վիշտ, եւ ուրախութիւնը կատարեալ կ՛ըլլայ, երբ իսկական համաշխարհային գիւղ դարձած Երկիր մոլորակին բոլոր անդամները ճանչնան մէկզմէկու ցաւը ու նոր վիշտ ու աղէտ չպատճառեն այս «գիւղին»: «Հայաստանը չէ մեռած, Հայաստանը կ՛ապրի դեռ, ահա մենք կանք» յայտարարութեամբ, խանդավառ ծափողջիւններու ու կանչերու տակ, Մարիսթ Ֆրերներու սիրելի տղաքն ու աղջիկները իջան բեմէն: Ողջագուրուեցանք բոլորին հետ, եւ ես յուզմունքով դիտեցի իմ հայ տղոցս ու աղջիկներուս աչքերը լեցուցած հպարտութեան արցունքները:

Կոչ կ՛ուղղեմ ամէն հայորդիի, որ կապ պահէ քոլեճի տը ֆրեր Մարիսթ – Ժիպէյի տնօրէն ֆրեր Քարլոս Մըքաուէն Օշոային հետ եւ շնորհաւորէ իր աշակերտներուն այս հոգեպարար արարքը: Անոնք ստիպուած չէին այս քայլին դիմելու. ոսպով քէօֆթէով ու քանի մը նկարով կրնային բաւարարուիլ, ինչպէս տասնեակ այլ վարժարաններ ըրած էին: Սակայն այս անուշ տղաքն ու աղջիները քայլ մը անդին երթալով ցուցադրականէն անցած էին էականին: Կեցցե՛ն բոլորը: Գրեցէք իրենց խումբի ղեկավար Ժանին. [email protected] ե-նամակի հասցէով եւ շնորհաւորեցէք զիրենք:

Հայ մարդու իրաւունքով կը պահանջե՛մ:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ ( 10 ապրիլ 1962 )

Յաջորդը

Ընտրութիւններ` Գաղափարական Եւ Ոչ Գաղափարական. Ինչո՞ւ Են Հայաստանում Ընտրութիւնները Դարձել Առեւտուր

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.