Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սթոլթենպերկ. «Երեւանին Ու Պաքուին Ուղերձս Նոյնն Է. 2 Կողմն Ալ Պէտք Է Տեսնէ Այդ Կարելիութիւնը, Յաղթահարէ Հակասութիւնները Եւ Տեւական Խաղաղութեան Շուրջ Համաձայնութեան Գայ»

March 21, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ես խորապէս հաւատացած եմ, որ խաղաղութեան հասնիլ կարելի է, այսինքն` այո՛, ատիկա իրատեսական է, որովհետեւ ընթացիկ բանակցութիւններու ծիրին մէջ որոշ հիմնարար սկզբունքներու շուրջ արդէն իսկ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է: Ատոնց շարքին է, օրինակ, իրարու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը:

Հանրային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին այս մասին ըսած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ` պատասխանելով այն հարցումին, թէ խաղաղութեան հեռանկարը իրատեսական կը նկատէ:

«Բայց եւ այնպէս, կ՛ուզեմ նշել, որ ՕԹԱՆ-ը միջնորդ չէ, այսինքն` չի կրնար առաջարկներ բերել բանակցային սեղան, սակայն մենք կ՛աջակցինք այդ սկզբունքներուն, նաեւ կը հաւատանք, որ կարելի է յաղթահարել, լուծել գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները:

«Ես կրնամ խօսիլ նաեւ իմ երկրիս` Նորվեկիոյ օրինակով: Մենք մաս կը կազմենք սկանտինաւեան շրջանին, ուր դարեր շարունակ պայքար ընթացած է նորվեկիացիներու, շուէտացիներու եւ դանիացիներու միջեւ: Այժմ մենք խաղաղ կ՛ապրինք: Ի հարկէ, սահմանի առնչուած հարցեր ալ կան, որոնց շուրջ երբեք ալ լիակատար համաձայնութիւն չ՛ըլլար, սակայն ատիկա անցեալին մէջ է, մենք բոլորս զիրար կը յարգենք` իբրեւ անկախ գերիշխան պետութիւններ:

«Նոյնը կրնանք տեսնել եւրոպական այլ երկիրներու պարագային` Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ, որոնք պատերազմներու մէջ եղած են հարիւրաւոր տարիներու ընթացքին, սակայն այսօր այդ երկիրները կայուն խաղաղութեան մէջ կ՛ապրին», նշած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը:

Ան ընդգծած է, որ Երեւանին իր ուղերձը Պաքուին իր ուղերձին նման է: «Երկու կողմերն ալ պէտք է տեսնեն այդ կարելիութիւնը, յաղթահարեն հակասութիւնները եւ տեւական խաղաղութեան շուրջ համաձայնութեան գան»:

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Դեսպանը Այցելեց Բագրատունիի

Յաջորդը

Փաթել. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Սահմանազատման Խնդիրին Կը Շարունակենք Մեծ Ուշադրութիւն Դարձնել»

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.