Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կը դատապարտէ Ալիեւի յայտարարութիւնները

April 7, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պրիւքսել, 6 ապրիլ, 2012.- Եւրոնեսթի ժողովին ընթացքին որ տեղի ունեցաւ ապրիլ 2 – 4 Պաքուի մէջ, անակնկալի չեկանք, երբ տեղեկացանք Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի ամբաստանութիւնները՝ ուղղուած Հայաստանի պատուիրակութեան եւ հայ ժողովուրդին։

Ալիեւ, հաւատարիմ իր անհեթեթ յայտարարութիւններուն, յաջողեցաւ ստեղծել դժգոհութեան եւ լարուածութեան մթնոլորտ մը ժողովի մասնակից բոլոր երեսփոխաններուն մօտ, որոնք կը գտնուէին Պաքու՝ քննարկելու համար ժողովրդավարութեան ամրապնդման, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, տնտեսական բարեկարգումներու համակարգի ստեղծման եւ ուժանիւթային հարցեր։ Ականատես եղան սակայն, ազերի նախագահին յարձակողական եւ ոչ կառուցողական դիրքաւորման, որ հայերը կոչեց ցեղապաշտներ, բռնագրաւողներ եւ գերեզման պղծողներ, ջանալով ապակողմնորոշել ներկաները, իր երկրին մէջ տիրող կացութենէն, որ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխման, ժողովրդավարութեան եւ խօսքի ազատութեան հիմնական ոլորտներէն ներս, միջազգային գետնի վրայ կը գտնուի ամենէն վարին ցուցակներուն մէջ։

Նկատի ունենալով Եւրոնեսթի հիմնադրութեան սկզբունքները, Ալիեւի կատարած զրպարտութիւններէն ետք, համանախագահող պուլկարացի ընկերվարական եւրոերեսփոխան Քրիսթիան Վիկենինը յայտարարեց, որ Եւրոնեսթը հիմնուած չէ լուծելու համար երկկողմանի հակամարտութիւններ եւ նման հարցերու օգտագործումը պիտի ունենար բաժանարար արդիւնքներ անդամ երկիրներուն միջեւ։ «Մենք պէտք է պայքարինք հաստատելու համար յաւելեալ վստահութիւն, հասկացողութիւն եւ երկխօսութիւն», ըսաւ ան։

«Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը, որ բազմաթիւ անգամներ զգուշացուցած էր Ազրպէյճանի նմանատիպ կեցուածքներուն մասին, կը նախատեսէր ազերի նախագահին յայտարարութիւնները եւ անկարողութիւնը՝ տեսնելու եւ ընդունելու ներկայիս իրողութիւնը։ Անգամ մը եւս, Ալիեւ հաստատեց թէ իր երկիրը տակաւին որքան երկար ճանապարհ պէտք է անցնի, հասնելու համար եւրոպական սկզբունքներու որոշ մակարդակի մը», նշեց Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան։

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ ( 10 ապրիլ 1962 )

RelatedPosts

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
Ըստ Փաշինեանի.  Նոր Սահմանադրութեան  Բնագիրին Մէջ Պէտք Չէ Ըլլայ Յղում Անկախութեան  Հռչակագիրին
Հայկական

Սահմանադրութեան Նախագիծը Պիտի Հրապարակուի Երկուշաբթի

November 21, 2026
Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ  Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց.  Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ
Գլխաւոր լուրեր

Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց. Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.