Հայաստանի ՀԱՊԿ-էն հաւանական ելքը պէտք է հիմնուած ըլլայ երկրի իրական կարիքներուն վրայ, եւ ոչ թէ` Արեւմուտքի հետ «սիրախաղի», նման որոշումը կապ չունի երկրի բուն ազգային շահերուն հետ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Դիւանագէտը ընդգծած է, որ իւրաքանչիւր երկիր ազատ է ընտրելու, թէ ո՛ր միութիւններուն հետ կ՛ուզէ յարաբերութիւնները զարգացնել` որոշակի պատճառներէ եւ գործօններէ մեկնած:
«Ասիկա պէտք է կատարուի` հիմնուելով իրականութեան, երկրի իրական կարիքներուն վրայ, եւ ոչ մէկ պարագայի պէտք է խաղալ, մատնուիլ արեւմտեան բեմագրութիւններով հերթական բեմադրութեան գայթակղութեան», նշած է Զախարովա` ընդգծելով, որ «սիրախաղը» կրնայ վտանգաւոր ըլլալ, որովհետեւ այս պարագային խօսքը անվտանգային խնդիրներու մասին է:
Ան յայտարարած է, որ չի գիտեր, թէ ինչո՛ւ Երեւանի մէջ քաղաքական գործիչները «Հայաստանի քաղաքացիներուն ՀԱՊԿ-ի բացասական դերին մասին կարծիք կը պարտադրեն»:
«Ինծի կը թուի, թէ ատիկա չ՛առնչուիր Հայաստանի իսկական սկզբնական եւ ազգային շահերուն», նշած է ան` Պրիւքսելը մեղադրելով Հայաստանի քաղաքացիները ՀԱՊԿ-ի դէմ տրամադրելու համար` աւելցնելով. «ՀԱՊԿ-ի կողմէ երբեք վատ բան չէ եղած»:
Զախարովայի համաձայն, Երեւանը, բայց եւ այնպէս, ինք պէտք է որոշէ, սակայն ատիկա պէտք չէ ընել «գոյութիւն չունեցող փաստերու» հիման վրայ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ աւելցուցած է, որ Հայաստանը ինք պիտի որոշէ` ՀԱՊԿ-ի մէջ մնալ, թէ հեռանալ, սակայն «կարիք չկայ պատասխանատուութենէն խուսափելու կամ իբրեւ թէ իրական մեղաւորը գտնելու փորձերուն մէջ թաքնուելու ՀԱՊԿ-ի ետին»:
Զախարովա յայտնած է, որ Մոսկուան Հայաստանի հետ կը քննարկէ արեւմտեան երկիրներու կողմէ Երեւանի ներգրաւումը իրենց հակառուսական ուղղուածութեան, որպէսզի Հայաստանը նախազգուշացնէ այդ վտանգներուն մասին:
«Ցաւօք, մենք բաւական երկար ատենէ կը տեսնենք այդ միտումը եւ այդ մասին կը խօսինք, մենք կը խօսինք ներառեալ` շատ գաղտնի, մեր գործընկերներուն հետ, միայն մէկ նպատակով` զգուշացնելու», ըսած է ան:
Ան աւելցուցած է, որ հայկական կողմը Մոսկուայի որոշ փաստարկները ընդունած է, «նոյնիսկ որոշակի քայլեր ձեռնարկուած են»: Զախարովան, սակայն, չէ բացատրած, թէ խօսքը ի՛նչ քայլերու մասին է:
Անոր համաձայն, Մոսկուան «անկեղծօրէն կ՛ուզէ, որ Հայաստանը պահպանէ իր գերիշխանութիւնը եւ ազգային շահերու վրայ հիմնուած քաղաքականութիւն կառուցէ»:


