Շաբաթ օր ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը շատ կարեւոր յաղթանակով վերադարձաւ Պէյրութի Շիյահի դաշտէն` պարտութեան մատնելով զայն 84-81 արդիւնքով:
Մրցումը արագ սկսաւ ՀՄԸՄ-ի կողմէ, որ 8-2 արդիւնքով յառաջացաւ, բայց Պէյրութ ինքզինք գտաւ եւ 10-8 արդիւնքով յառաջացաւ:
ՀՄԸՄ, որ առանց Զեք Լոֆթընի կը խաղար (վիրաւոր), բաւական քայլ պահեց Պէյրութի հետ, որ սակայն 44-37 արդիւնքով յառաջացաւ մինչեւ կիսախաղ: Կիսախաղը սկսաւ եւ ՀՄԸՄ վերստին հասաւ եւ 48-46 արդիւնքով յառաջացաւ: Մրցումը մնաց նոյն ընթացքով: 64-58 արդիւնքով ետ մնացած ՀՄԸՄ-ի տղաքը վերստին իրենք զիրենք գտան եւ արդիւնքը բարձրացուցին 66-77-ի: 11 կէտի առաւելութիւն ունէր ՀՄԸՄ 2 վայրկեան մնացած, բայց Պէյրութ մօտեցաւ, սակայն ՀՄԸՄ 84-81 արդիւնքով աւարտեց մրցումը:
Նախապէս յայտնած էինք, որ ՀՄԸՄ-ի մեր տղաք վիրաւորներ ունին, ինչպէս` Զեք Լոֆթըն եւ Կերի Չիւիչեան, իսկ օր մը առաջ խումբին միացած Ճամալ Ճոնզ որքանո՞վ կրնար օգնել խումբին: Այս տարեշրջանին ունեցանք օտար մարզիկներ, որոնք միջակ մակարդակի էին, ինչպէս` Ռաֆայէլ Փութնի, Էմանուէլ Էկպութա եւ Փրինս Իպեհ, որոնք յուսախաբ ըրին: Ճամալ Ճոնզ, որ խումբին ծանօթ չէր, շաբաթ օր 38 վայրկեան խաղցաւ եւ 18 կէտ ձեռք ձգեց (3 անգամ յաջող 3 կէտնոց կողովներ), ինչպէս նաեւ 10 ռիպաունտ կատարելով տապըլ տապըլ` խմբապետ Ժերար Հատիտեանի նման, որ 15 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Ժատ Խալիլ 15 կէտ, 8 էսիսթ եւ 6 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Տուէյն Ճեքսըն 16 կէտ, 9 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ կատարեց:
Մրցումին լաւագոյններէն էր նաեւ Կապրիէլ Աճեմեան, որ անընդհատ կը պայքարէր` նշանակելով 13 կէտ եւ ձեռք ձգելով 9 ռիպաունտ: ՀՄԸՄ անգամ մը եւս փոխարինողներու հարց ունեցաւ եւ միայն 2 մարզիկներ կրցաւ օգտագործել` Ճեմի Սալեմը, որ 13 վայրկեան միացաւ խումբին` նշանակելով 3 կէտ, մինչ Թանիոս Աքիքի 10 վայրկեան մասնակցեցաւ` նշանակելով 4 կէտ:
Խումբը ընդհանուր առմամբ շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ, բայց վերջին երկվայրկեաններուն պէտք չէր հասներ յաղթանակը հաստատելու, մանաւանդ որ մրցումի վերջին 2 վայրկեաններուն 11 կէտի առաւելութիւն ունէին մեր տղաքը:
ՀՄԸՄ-ի տղոց կը մնայ յաղթել Մէյրուպային եւ Էն. Էս. Էյ.-ին` սպասելով մնացեալ մրցումներուն արդիւնքներուն, որոնց հիման վրայ կ՛որոշուի վերջնական դասաւորումը:
Յուսանք, որ Զեք Լոֆթըն եւ Կերի Չիւիչեան վերջնականապէս կ՛ապաքինին: Նշենք, որ Տուէյն Ճեքսըն վերջին վայրկեանին սահեցաւ եւ ծունկը ցաւցուց` յոյսով, որ Ճեքսընի վէրքը լուրջ չըլլայ:
Երէկ, հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, Սաժես, յետ երկարաձգման 99-93 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շանվիլը, այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Շանվիլ, որ լաւ սկսած էր մրցումը, չկրցաւ լաւ աւարտել: Արդարեւ, 4-րդ մասի սկիզբը 70-57 արդիւնքով պարտուած Սաժես կրցաւ վերադառնալ եւ 87-87 արդիւնքով հաւասարիլ մրցումի աւարտին: Երկարաձգումին, Սաժես ինքզինք պարտադրեց, մանաւանդ Քլիանթոնի Ըրլիի ազդեցութիւնը մեծ էր Սաժեսի վրայ, եւ կարեւոր կէտեր նշանակեց մանաւանդ երկարաձգումին, երբ Ճոնաթըն Կիպսըն 5 ֆաուլով դուրս եկած էր դաշտէն:
Ստորեւ` 16-րդ հանգրուանի արդիւնքները
Մէյրուպա – Անդրանիկ 80-86
Էն. Էս. Էյ. – Անթունիէ 81-87
Ռիատի – Հուփս 102-86
Պէյրութ – ՀՄԸՄ 81-84
Շանվիլ – Սաժես 93-99
| ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ | ԿԷՏ | ՅԱՂԹԱՆԱԿ | ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ |
| 1.- Ռիատի | 30 | 14 | 2 |
| 2.- Սաժես | 28 | 12 | 4 |
| 3.- Պէյրութ | 27 | 11 | 5 |
| 4.- Շանվիլ | 26 | 10 | 10 |
| 5.- ՀՄԸՄ | 26 | 10 | 6 |
| 6.- Անդրանիկ | 24 | 8 | 8 |
| 7.- Անթունիէ | 23 | 7 | 9 |
| 8.- Էն. Էս. Էյ. | 20 | 4 | 12 |
| 9.- Հուփս | 19 | 3 | 13 |
| 10.- Մէյրուպա | 17 | 1 | 15 |


