Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Անթալիայէն Արցախ

March 18, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Պատերազմի հիմնական հետեւանքը ո՛չ թէ անպայման շնչող էակներու,
այլ մարդ էակին աշխատանքով արտադրուածի՛ն ոչնչացումն է»

ՃՈՐՃ ՕՐՈՒԷԼ
(1903-1950, բրիտանացի գրագէտ)

Անթալիոյ մէջ կազմակերպուած դիւանագիտական գիտաժողովի օրերուն, երբ բեմահարթակին վրայ, բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ, կը քննարկուէր, այսպէս կոչուած, կառուցողական «Խաղաղութիւն, զարգացում եւ փոխկապակցուածութիւն Հարաւային Կովկասի մէջ» նիւթը, ճի՛շդ նոյն օրերուն ամայացուած եւ բռնախլուած Ստեփանակերտի մէջ այլ տեսակի «կառուցողական» գործ կը տարուէր, այսինքն քանդումի եւ կործանումի աշխատանք` ազերիական վիթխարի պուլտոզըրներու միջոցով. ազերիները իրենց «բարեացակամութեան» նորագոյն ցուցահանդէսը կ’իրագործէին` քանդելով Արցախի խորհրդարանի շէնքը, նաեւ` կողքի կառոյցները, իսկ ասոնք պատճառ չեն, որ մոռացութեան տանք մշակութային կոթողներու, եկեղեցիներու քանդումն ու եղծումը:

Զարմանալի վիճակ, որ սակայն… զարմանալի չէ, ո՛չ ալ անակնկալ, երբ մտաբերենք ընդհանուր պատկերը, նախընթաց քանդումները:

Մինչ Հայաստանի իմաստո՜ւն ներկայացուցիչները Թուրքիոյ ձեռք կ’երկարէին ի խնդիր խաղաղութեան, անդին` Ստեփանակերտի մէջ քանդումը կը շարունակուէր ու վերջ չէ գտած:

Ողբերգական են պատկերները, յատկապէս` Ազգային ժողովի շէնքի քանդումին: Շնչող էակներու ջարդէն եւ բռնագաղթէն ետք, հիմա, նոյնինքն այդ մարդ արարածներուն կերտած գո՛րծն է, որ կը քանդուի, իսկ աշխարհը, ներառեալ 19 Բաղրամեան պողոտայի «ազգընտի՜ր» վարձակալներն ու վարձկանները ձեռնածալ կը մնան` աննկատ ձգելով ճերմակ ջարդը:

Եթէ հարց տանք այս «ազգընտիր ներկայացուցիչներուն», թէ ըսելիք ունի՞ն, հաւանաբար պատասխանեն. «Արցախը Ազրպէյճանին կը պատկանի, ազերիները իրաւունք ունին իրենց հողին վրայ ընելու այն, ինչ որ կ’ուզեն»: Չէ՞ որ այդ «ներկայացուցիչներուն» մանտաթաւոր պետն ալ ատենին կը յոխորտար, թէ իրենք կ’ընեն այն, ինչ որ կ’ուզեն…»:

Անտարբերութիւնը այնպիսի ծաւալի հասած է, որ Հայաստան` իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում, եւ կիրարկելու համար Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ բարձրագոյն մակարդակի վրայ ձեռք բերուած համաձայնութիւն մը (ըստ որուն, երկու կողմերու մոլորած եւ հակառակորդի կողմը յայտնուած զինուորները պէտք է վերադարձուին), առանց այլեւայլի որոշեց Ազրպէյճան վերադարձնել 28 փետրուարին Սիւնիքի մարզի Տեղ համայնքի հատուածին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան զինուորներու կողմէ ձերբակալուած ազերի զինուորը: Մինչ այդ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղելով` տեղեկացուցած էր, որ դէպքին մասին Հայաստանի Քրէական օրէնսգիրքի համապատասխան յօդուածներով նախաձեռնուած է թղթածրար պատրաստել: Յայտնի չէ, թէ այդ թղթածրարը պատրաստուեցա՞ւ ու զինուորին հետ Պաքու ղրկուեցա՞ւ…

Եւ այսպէս, կառուցողական… քանդումը կը շարունակուի:

Անթալիոյ մէջ թէ՛ Թուրքիոյ յատուկ բանագնաց Սերտար Քըլըչ եւ թէ՛ Հայաստանի ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան շեշտեցին, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ առաջնահերթ է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կայուն կարգաւորման հասցնելը, պարզապէս որովհետեւ նմանօրինակ կարգավիճակ «… պիտի ապահովէ հիմք` ամբողջ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի բարգաւաճման համար»: Իսկ գործնական գետնի վրայ սա կը թարգմանուի նորանոր քանդումներով եւ հայկական հետքերու փոշիացումով: Տեսէ՜ք, թէ ինչպիսի՛ բարգաւաճում կը ցուցադրուի Հայաստանի հորիզոնին վրայ: Ատկէ անդին, ի՜նչ ըսել, երբ թուրք ներկայացուցիչը հայկական կողմը… Երեւան կը հրաւիրէ բանակցութեան համար: Մարդիկը փաստօրէն կ’ըսեն, որ Երեւանը իրենցն է արդէն, «էհ… էսդի ալ համեցէք»:

Ինքզինք անհեթեթութեան տարած, անկարողութեան մատնած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն ալ, ըստ սովորութեան, կը դիտէ եւ կը հետեւի` ամենադոյզն բողոքն անգամ չարտայայտելով: Չէ՞ որ Պաքուի քարիւղի հանքերէն կաթիլներ կը հասնին իրեն…

Աշխարհը մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակէ մնալ անբան ու անգործ դիտորդ: Կրկնենք. բայց ինչո՞ւ զարմանալ, երբ գլխաւոր իրաւատէրն ու երաշխաւորը` Երեւանի իշխանութիւնը, ուրիշ կողմ կը նայի, կը շարունակէ վազել ցնորքներու ետեւէն եւ հայրենիքն ու ազգն ալ տանիլ իրեն հետ` անդունդն ի վար:

Մէկ բան յստակ է. եկեղեցիներու գմբէթներէն խաչերը վար առնելով, եկեղեցիները սրբապղծելով եւ այլափոխելով, կիսանդրիներ եւ խաչքարեր քարուքանդ ընելով եւ նոյնիսկ Արցախի խորհրդանիշը` Ազգային ժողովի շէնքը քանդելով` կարելի պիտի չըլլայ քանդել ու վերացնել արցախահայութեան կամքն ու պահանջատիրութիւնը, որ ամբո՛ղջ հայութեան համար առաջնահերթութիւն մըն է, ո՛չ մէկ աղերս ունի Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած շինծու գիտաժողովին ու անոր ճշդած առաջնահերթութիւններուն հետ:

Հայաստանն ու սփիւռքը ՊԱՐՏԱՒՈ՛Ր ԵՆ գործի անցնելու` միասնաբար շրջադարձ կատարելու համար կործանարար ընթացքէն:

Նախորդը

Խօսելու Եւ Լռելու Ժամանակներ

Յաջորդը

100-Ամեայ Մեր Անլռելի Զանգակատունը` Իբրեւ Ճշմարիտ Լոյսին Տանող Կոչնակ

RelatedPosts

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

October 17, 2026
Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները
Անդրադարձ

Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները

October 17, 2026
Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը  (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.