Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն «Թէ.ԷՖ.1» եւ «Ֆրանս 2» պատկերասփիւռի կայաններուն հետ հարցազրոյցի ընթացքին զգուշացուց, որ եթէ Ռուսիան Ուքրանիոյ մէջ յաղթանակ արձանագրէ, ատիկա «Եւրոպայի հաւաստիութեան վերջ պիտի տայ»:
«Եթէ Ռուսիան յաղթէ, ապա այսուհետեւ անվտանգութիւն պիտի չունենաք, եւ ատիկա Եւրոպայի հաւաստիութեան վերջ պիտի տայ», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը` աւելցնելով, որ Մոսկուայի «մագլցումին» դիմաց «պէտք է ըսենք, որ պատրաստ ենք հակադարձելու»:
Մաքրոն նշեց, որ ներկայ տագնապը Եւրոպայի եւ Ֆրանսայի համար գոյութենական նշանակութիւն ունի:
«Մենք Ռուսիոյ հետ չենք պատերազմիր, սակայն պէտք է յստակ յայտարարենք` կարելի չէ արտօնել, որ Ռուսիան յաղթէ: 2024-ի սկիզբը պէտք է նոր սկիզբ ըլլայ», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով շարունակելու Ուքրանիոյ օգնել:
«Պէտք է դաշինք ստեղծել` հրթիռներ եւ զինամթերք մատակարարելու համար», նշեց Ֆրանսայի նախագահը` աւելցնելով. «Եթէ Ռուսիան յաղթէ, ֆրանսացիներուն կեանքը պիտի փոխուի. Եւրոպայի մէջ այլեւս անվտանգութիւն պիտի չըլլայ»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ ֆրանսացի զինուորները կրնան Ուքրանիա ուղարկուիլ, ան ըսաւ. «Մենք երբեք յարձակողական գործողութիւններու պիտի չձեռնարկենք, մենք երբեք նախաձեռնող պիտի չըլլանք»:
Ֆրանսայի նախագահը նաեւ խոստովանեցաւ, որ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը ճակատին վրայ բախած են բարդ կացութեան, եւ ուքրանական ուժերու հակայարձակումը չէ անցած այնպէս, ինչպէս կը սպասուէր:
Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել իր կարգին նշեց, որ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի ընթացքին համար «յառաջիկայ ամիսները կրնան վճռորոշ ըլլալ»:
«Այն, ինչ որ պէտք է կատարուի, պէտք է շուտով կատարել», աւելցուց Պորել:
«Բազմաթիւ դէտեր այս ամառ ռուսական յարձակում մը կը նախատեսեն, եւ Ուքրանիան չի կրնար Միացեալ Նահանգներու յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան արդիւնքին սպասել», ըսաւ Պորել` զգուշացնելով, որ Ռուսիոյ յաղթանակը ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի համար:


