Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, մասնաւորաբար հարաւային սահմանագիծին վրայ արձանագրուած զարգացումներն ու Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքներուն շարունակութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Պու Հապիպ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ իր հանդիպումները մնայուն են, իսկ խորհրդակցութիւնները` միշտ առկայ: «Այսօր քննարկեցինք ֆրանսական դերակատարութեան կարեւորութիւնը Լիբանանի բարօրութեան առումով եւ անհրաժեշտ նկատեցինք անոր մնայուն ներկայութիւնը: Ներկայիս Ֆրանսա առաջարկած է նախաձեռնութիւն մը, որ կը պարունակէ ընդունելի կէտեր, ինչպէս նաեւ այլ յօդուածներ, որոնք յաւելեալ հետազօտութեան կարիք ունին», ըսաւ ան:
Պու Հապիպ շեշտեց նաեւ, որ ինք Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյին յանձնած է Լիբանանի պատասխանը, որմէ տեղեակ են խորհրդարանի նախագահն ու վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին:
«Մեր փափաքն է, որ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը շարունակէ գործել, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ ֆրանսական կողմը կը փափաքի պահել եւ շարունակել այդ նախաձեռնութիւնը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ յանգիլ համաձայնութեան մը, որ հարաւային սահմանագիծին կը բերէ մնայուն եւ ամբողջական կայունութիւն», ըսաւ ան:
Պու Հապիպ Մակրոյի, Ռուտաքովի Եւ Քլաուսի Հետ
Քննարկեց Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները
Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային սահմանագիծին վրայ արձանագրուող պատերազմական զարգացումները:
Պու Հապիպ շնորհակալութիւն յայտնեց Մակրոյին` Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանսայի ցուցաբերած գուրգուրանքին եւ մնայուն հետաքրքրութեան համար` աւելցնելով, որ Ֆրանսա Լիբանանի բարիքն ու բարգաւաճումը կը փափաքի:
Պու Հապիպ Մակրոյին փոխանցեց Լիբանանի պաշտօնական պատասխանը` հարաւային Լիբանանի կայունութեան մասին ներկայացուած ֆրանսական պատկերացումին, ինչպէս նաեւ անոր յայտնեց Լիբանանի խոր երախտագիտութիւնը` ֆրանսական ջանքերուն նկատմամբ:
Լիբանան իր պատասխանով հաստատեց, որ ֆրանսական պատկերացումը կամ նախաձեռնութիւնը կարեւոր քայլ մը կը նկատուի` յանգելու համար հարաւային Լիբանանի ապահովութեան ու խաղաղութեան:
Արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանը վերահաստատեց, որ Լիբանան չի փափաքիր պատերազմիլ եւ կը պահանջէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի ամբողջական գործադրութիւնը:
Պու Հապիպ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը` ընկերակցութեամբ նախկին երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտի:
Պու Հապիպ Ռուտաքովէն ստացաւ Մոսկուա այցելութեան հրաւէր մը` նշելու համար լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւններուն 80-ամեակը:
Պու Հապիպի այցելեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի տնօրէն Տորըթի Քլաուսի:
Պու Հապիպ շեշտեց, որ Քլաուսին յայտնած է, թէ Լիբանան օտար պաշտօնատարներէն կը պահանջէ շարունակել ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը, որովհետեւ անիկա լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային շահերը կ՛ապահովէ:
Պու Հապիպ զգուշացուց ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնելու վտանգէն, որովհետեւ անիկա պատճառ կրնայ դառնալ պաղեստինցիներուն յուսալքումին եւ զանոնք կրնայ մղել վայրագութեան եւ ծայրայեղութեան:
Ալամէ յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին հաստատուեցաւ, որ Լիբանանի համար կարեւոր է ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի պահպանումը, որ հիմնական է` պաղեստինցի ժողովուրդին օժանդակութեան առումով:
Ան նշեց նաեւ, որ Պու Հապիպը տեղեակ պահած են իրենց տարած աշխատանքէն` աւելցնելով, որ Քլաուս նաեւ խնդրած է գործադրել արտաքին գործոց նախարարութենէն պահանջուած քայլեր, որպէսզի իր կարգին օժանդակած ըլլայ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը շարունակելու եւ պաղեստինցիներուն նպաստը ուժի մէջ պահելու:
Պու Հապիպ յայտնեց, որ ինք նախանձախնդիր է այդ նախաձեռնութեան եւ կը մաղթէ, որ անիկա մօտիկ ապագային գետնի վրայ գործադրուի:
Իր կարգին, Քլաուս շնորհակալութիւն յայտնեց ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ստացած լիբանանեան տարբեր հաստատութիւններուն նպաստին մասին` աւելցնելով, որ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ Լիբանանի մէջ կենսական կարիքներ եւ հիմնական ծառայութիւններ կը տրամադրէ 250 հազար պաղեստինցիներու: «Այս դժուար պայմաններուն ընթացքին պաղեստինցիներուն օժանդակելէ բացի այլընտրանք չկայ», հաստատեց Քլաուս:
Պու Հապիպ Այցելեց
Մարոնիներու Լիկայի Կեդրոնը
Միւս կողմէ, Պու Հապիպ այցելեց Մարոնիներու լիկայի կեդրոնը, ուր ընդունուեցաւ դեսպան Խալիլ Քարամի կողմէ:
Մարոնիներու լիկայի հաղորդագրութեան համաձայն, Քարամ Պու Հապիպին ուղղած է շարք մը հարցումներ, որոնք կ՛անդրադառնան սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին, արտերկրի մէջ լիբանանեան դիւանագիտական անձնակազմերու աշխատանքը կասեցնելուն, որ հսկայ աղմուկ բարձրացուցած է, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան մասին մանրամասնութիւններու:
Պու Հապիպ յայտնեց, որ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան իմաստով Լիբանան հարաւային Լիբանանի մէջ մնայուն կայունութեան հաստատում կը պահանջէ, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ կը նկատէ թիւ 1701 բանաձեւի ամբողջական գործադրութիւնը, որ կ՛ենթադրէ նաեւ իսրայէլեան ուժերուն նահանջը Մազարեհ Շեպաայէն, Քֆարշուպայի բարձունքներէն եւ Ղաժար գիւղաքաղաքէն:
Պու Հապիպ շեշտեց նաեւ լիբանանեան բանակին օժանդակելու կարեւորութիւնը, որպէսզի հարաւային Լիբանանի մէջ անոր տեղակայումը կարելի դառնայ:
Պու Հապիպ ակնարկեց նաեւ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` շեշտելով, որ անիկա երկրին համար գոյութենական վտանգ կը նկատուի:
Պու Հապիպ շեշտեց, որ այդ հարցին մասին լուրջ քննարկում կատարած է Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարին հետ:
Անդրադառնալով արտերկրի մէջ լիբանանեան դիւանագիտական անձնակազմերուն աշխատանքը կասեցնելու որոշումին` Պու Հապիպ յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այդ որոշումները վերատեսութեան պիտի ենթարկէ:


