Ուքրանիոյ տագնապի լուծման խաղաղ ծրագիրները, որոնք հաշուի չեն առներ Ռուսիոյ դիրքորոշումը, արդիւնք չեն տար: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
«Մենք զգալի ջանքեր ցուցաբերած ենք ռուս-ուքրանական տագնապին մէջ խաղաղութեան ուղիներ գտնելու համար:
«Աջակցելով Ուքրանիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին` մենք կը խօսինք նաեւ այն մասին, որ խաղաղութեան որեւէ ծրագիր, որ Ռուսիան չի ներառեր, արդիւնք պիտի չտայ», ըսած է Էրտողան:
Սպիտակ Տուն. «Օգնութեան Նոր Թղթածրարը
Քիեւին Քանի Մը Շաբաթ Պիտի Բաւարարէ»
Քիեւին օգնութեան նոր թղթածրարը ընդամէնը քանի մը շաբաթ պիտի բաւէ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվընը:
«Խօսքը հաստատ ամիսներու մասին չէ` շաբաթներու, թերեւս նոյնիսկ մէկ շաբթուան մասին է: Ատիկա երկար պիտի չբաւարարէ», ըսած է ան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:


