Գերմանիոյ ֆութպոլի 3-րդ դասակարգի խումբերէն Զաարպրիւքեն կորսուած վայրկեաններուն կոլ մը նշանակեց եւ 2-1 արդիւնքով դուրս ձգեց Պորուսիա Մէօնշընկլատպախը` հասնելով կիսաւարտական:
Հիւրընկալ խումբը 1-0 արդիւնքով պարտուած էր «Պունտըսլիկա»-ի առաջին դասակարգի խումբէն, նախապէս դուրս ձգած էր նաեւ Պայերն Միւնիխը եւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթը:
Ռոպին Հաք նշանակած էր Մէօնշընկլատպախի կոլը, բայց 3 վայրկեան ետք Ամին Նայիֆի 18 մեթրէն ետ մղուած գնդակ մը ստացաւ եւ նշանակեց հաւասարութեան կոլը (11-րդ վայրկեան): Զաարպրիւքեն 93-րդ վայրկեանին նշանակեց յաղթանակի կոլը` Քայ Պրիւնքըրի շնորհիւ:
Կիսաւարտականին Զաարպրիւքեն պիտի մրցի Բ. դասակարգի Քայզըրսլաութըրնի դէմ, որ 3-1 արդիւնքով յաղթած էր Հերթա Պերլինի (Բ. դասակարգ):
Միւս կիսաւարտականին, Բ. դասակարգէն այլ խումբ մը` Ֆորթունա Տիւսելտորֆ պիտի մրցի այժմու գերմանական լաւագոյն խումբին` Պայեր Լեւերքուզընի դէմ:
Քառորդ աւարտականին, Տիւսելտորֆ փենալթիներով դուրս ձգած էր Զանքթ Փաուլին, իսկ Լեւերքուզըն 3-2 արդիւնքով դուրս ձգած Շթութկարթը:
Գերմանիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կիսաւարտականի հասնող 4 խումբերէն 3-ը մաս չեն կազմեր բարձրագոյն դասակարգին:


