Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտքեր – 5. Զարգացնել Նոր Սերունդներու Մտքի՛ Ուժը

March 14, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Բացայայտ իրողութիւն է, որ ազգային կամ ընկերային հաւաքական գործին մէջ լաւագոյն արդիւնքները ձեռք կը բերենք, երբ գործը կը ղեկավարենք մտքի՛ ուժով: Աշխարհը այսօր կը ղեկավարուի, ամէն բանէ աւելի, ա՛յդ ուժով:  Անշուշտ ճիշդ չէ կարծել, թէ զգացումները կարեւոր չեն: Հաւաքական գործի յաջողութեան կապակցութեամբ կարեւոր դեր կը խաղայ նաեւ զգացումի ուժը, բայց խելացի կերպով աշխատելու եւ սպասուած շօշափելի արդիւնքը ձեռք բերելու համար հիմնական եւ առաջնահերթ դերակատարութիւն պէտք է տանք մտքի՛ ուժին:

Մեր հաւաքական գործին մէջ արդեօք այս իրողութեան  կարեւորութիւն կու տա՞նք: Արդեօք նոր սերունդներու մտքի՛ ուժը զարգացնելու համար անհրաժեշտ ճիգը կը թափե՞նք: Հետեւեալ դիտարկումները կ՛առաջնորդեն անդրադառնալու, որ այս ուղղութեամբ տագնապ կայ.

– Մեր նոր սերունդներուն մատչելի եղող մետիային մէջ (ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, մամուլ, առցանց հարթակներ) հազուագիւտ են համամարդկային հարցերով զբաղող նիւթերը եւ ընդհանրապէս մտքի լայն հորիզոն ու արդիականութիւն քաջալերող  եւ գաղափարական խորացում բերողները:

– Նոր սերունդներուն մատչելի եղող մեր մետիային հրատարակած աշխատութիւններուն մէջ տիրապետող է զգացականութիւնը:

–  Մեր հրապարակային քննադատական արտայայտութիւնները, շատ յաճախ, նոր սերունդներու միտքը զարգացնող քննական դիտարկումներէ եւ ուսումնասիրական խորացումէ աւելի, կը պարունակեն զգացական դատավճիռներ, պիտակաւորումներ կամ անուանարկումներ:

– Հազուագիւտ են ընկերային եւ մարդկային գիտութիւններու հետեւիլ փափաքող ուսանողներու նիւթական նեցուկ տրամադրող ֆոնտերը:

– Մեր երիտասարդութեան` միջազգային եւ համաշխարհային տագնապներու հետ առնչուող մեր տուած գաղափարական դաստիարակութիւնը գրեթէ անգոյ է:

– Պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան մեր տուած դաստիարակութիւնը ընդհանրապէս կը միտի զարգացնել զգացումները եւ զգացականութիւնը, եւ` ո՛չ միտքը:

 ***

Ինչպէս վերը կ՛ըսէինք, աշխարհը այսօր կը ղեկավարուի, ամէն բանէ աւելի, մտքի՛ ուժով: Ճիշդ է, որ պետական եւ հանրային գործունէութեան զանազան մարզերուն մէջ զգացումի ուժը, գումարուելով մտքի ուժին եւ դերակատարներուն նպատակներուն, կրնայ մղել նախաձեռնութիւններ առնելու, այո՛, բայց աշխատանքներու ղեկավարումին մէջ անհամեմատ աւելի մեծ դեր կը խաղայ մտքի՛ ուժը:

Նաեւ` եթէ բացակայի մտքի ուժը, զգացումի ուժի արդիւնքով ճամբայ ելած նախաձեռնութիւնները պիտի մատնուին ձախողութեան:

Պետութիւն, հայրենիք, ազգ փրկելու կարողութենէն հեռու պիտի ըլլանք, եթէ չզարգացնենք մեր նոր սերունդներու մտքի՛ ուժը:

Սկսելով կրթական օճախներէն, անցնելով ակումբներէն, բեմերէն, նոր սերունդներուն մատչելի մետիայէն եւ հրատարակութիւններէն` ամէնուրե՛ք մտքի ուժ զարգացնելը պէտք է ըլլայ ռազմավարակա՛ն նպատակ:

Մարտ 2024, Պէյրութ

 

Նախորդը

«Ազդակ» Թեւակոխեց Իր Հիմնադրութեան 98-Ամեակը

Յաջորդը

Ուրկէ՞ Հասանք, Դէպի Ո՞ւր – 2 . Վնասաբեր Ընելիքնե՞ր` Շա՜տ Ունին…

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.