Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երանի՜ Անառակին…

March 13, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ցնցիչ չէ՛, ո՛չ ալ քննադատելի է սոյն մտածումը, զոր վերնագիրի վերածեցինք, որովհետեւ բառացիօրէն ճշգրիտ մեկնաբանութիւնն է աւետարանական այն առակին, որուն մէջ խտացուած տեղեկութեան համաձայն, անառակ որդին զղջաց իր կատարածին համար:

Կեանքին ընթացքին պատահած որոշ դէպքեր մատներու վրայ հաշուելու սովորութիւն ունինք բոլորս ալ` մեր ակռաները սեղմելով իրարու: Սակայն իւրաքանչիւր մարդ իրեն հանդէպ եղած անարդարութիւնները, անիրաւութիւնները, արհամարհանքը եւ սխալները համբերութեամբ հաշուելու ունակութեան չափ մը ունի: Ոմանք մէկ ձեռքին, այսինքն հինգ մատներուն սահմանը բաւարար կը համարեն, իսկ ուրիշներ մինչեւ տասն ալ հաշուելու համբերութիւն ունին: Անձէ անձ կը տարբերին վերոյիշեալ ձեւերը` ըստ իւրաքանչիւրին ստացած դաստիարակութեան, երիտասարդ կամ տարեց ըլլալուն, ապրած միջավայրին եւ կեանքի այլ երեւոյթներու:

Անառակ որդիին առակը կարդացող կամ լսող անձին առաջին կեցուածքը կ՛ըլլայ հակադարձութեամբ եւ զզուանքով լեցուն հայեացք մը` դէպի անոր անպէտք եւ իր հօրմէն ժառանգ ստացած հարստութիւնը վատնող մարդու նկարագիրը: Գնա՜ց, հօրմէն ստացածը պոռնիկներու հետ վատնե՜ց, իր ապագան փճացո՜ւց, հարազատ ընտանիքին երե՜ս դարձուց… Որքան ուզէք, կարելի է երկարել ամբաստանութիւններու այս շարքը: Մարդկային հաւաքականութեան մէջ տարածուած կեցուածք մըն է այս, որ մեր շրջապատէն այս կամ այն պատճառով բացակայող մարդու մը դիմաց կը ցուցաբերենք, զիրար քաջալերելով, կիրքեր հրահրելով եւ մանաւանդ ինքնարդարացման սին փորձեր կատարելով:

Անմեղ մարդ գոյութիւն չունի աշխարհի մէջ: Ասիկա նոր գիւտ մը չէ, զոր յաճախ ոմանք կը փորձեն ներկայացնել` անիւի գիւտը նոր կատարած ըլլալու յիմարութեամբ:

Վերյիշեցման կարգով, միայն այստեղ արձանագրեցին սոյն նախադասութիւնը, որովհետեւ աւետարանն ալ մարդու անկատարութիւնը կը հաստատէ` յորդորելով կատարեալ ըլլալու մնայուն ձգտում ունենալ մարմնաւոր կեանքին ընթացքին: Պէտք է հաւատալ «Ամէն ինչ իր ժամանակը ունի» խօսքին ճշմարտացիութեան, որովհետեւ ամէն ինչ ի՛ր ժամանակին, նպատակի մը համար տեղի կ՛ունենայ:

Ինքնավստահութիւնը ամէնէն ուժեղ զէնքն է, զոր մարդ իր մէջքին պէտք է անվախօրէն կրէ: Խօսքը, զրպարտութիւնը, նոյնիսկ անէծքը մասնաւոր ուժ չեն ներկայացներ: Բոլորն ալ զիրենք արտայայտող միտքերուն եւ արտաբերող լեզուներուն հետ պատմութեան աղբամանին կեր կը դառնան ուշ կամ կանուխ:

Անառակ որդիին առակը, զոր կարելի է կոչել աւետարանական առակներուն գոհարը, ներկայ կեանքի երեւոյթներուն եւ մարդկային ընդհանուր թերութիւններուն հետ բաղդատած` երկրորդ եւ դրական երես մը ունի, որ անառակին բոլոր անառակութիւնները մոռցնել կու տայ: Ընդհակառա՛կը, անառակը այնքան կը բարձրանայ բոլորիս աչքին, որ նոյնիսկ սրբադասման արժանի կը նկատուի: Հայրը հեռուէն տեսնելով զայն` դուրս կը վազէ ու անոր պարանոցին կը փաթթուի… Շրջազգեստ, մատանի, գօտի… արքայական հանդերձանքով պարուրել կու տայ իր անառակ որդին եւ խրախճանք կը կազմակերպէ:

Այո՛, երանի՜ անառակին. բայց` ո՛չ թէ իր վերադառնալուն համար: Սխալ չհասկնանք վերլուծումը: Ո՛չ թէ երանի՜, որ պարարտ եզը մորթուեցաւ եւ ուրախութեան սեղան բացուեցաւ անոր վերադառնալուն առիթով: Բոլորն ալ կան առակին բառացի ներկայացման մէջ, վերոյիշեալ տողերը, որոնք արդէն մաս կը կազմեն անոր խիտ պարբերութիւններուն:

Երանի՜ անառակին, որ իր թշուառութեան մէջ ինքնագիտակցութեան եկաւ: Մեծահարուստի զաւակ ըլլալով հանդերձ, խոզերուն հովուութիւն ընելու զիջում կատարած ըլլալը, անոնց կերած եղջիւրներէն իսկ իրեն բաժին չիյնալը, եւ մանաւանդ սովի մատնուած ըլլալը ինքնագիտակութեան հրաւիրեցին անառակը: Կեանքի պայմանները մեծ դեր ունին երեւցող անառակներու կեանքին մէջ փոփոխութիւն յառաջացնելու գործին մէջ: Սակայն շատ աւելի դժբախտ են անոնք, որոնք կեանքի լաւ պայմաններ ունենալով` չեն զգար իրենց անառակութիւնը. այսինքն պարզ աչքերով, կամ արեւու լոյսին տակ չ՛երեւիր անոնց անառակ ըլլալը: Ընդհակառա՛կը, մարդկային ընկերութեան կեանքին մէջ ասոնք դիմակաւոր արարածներ են, որոնց առօրեան միշտ Բարեկենդանի դիմակահանդէսներու սրահներուն մէջ կ՛անցնի:

Անառակին համար պատրաստուած խրախճանքը դիմակահանդէս չէր, այլապէս իր աւագ եղբայրը զայրացած դէմքով չէր մօտենար հօրենական տան: Իր սովորական դէմքով, եւ աւելի՛ն, բարկացոտ աչքերով նայեցաւ ան իր հօր եւ բոլոր հրաւիրեալներուն, եւ մանաւանդ իր կրտսեր եղբօր` անառակին: Մնացեալ բազմութիւնն ալ` տան անդամները եւ սպասաւորները, բոլորն ալ առանց դիմակի էին:

Այսօր դիւրի՞ն է առանց դիմակի մարդու հանդիպիլ… Նոյնիսկ եթէ ամէն վայրկեան դէմքի վրայ չեն կրեր, սակայն մարդոց մեծամասնութիւնը իր գրպանին մէջ պատրաստ ունի դիմակներու տեսականի մը: Կեղծ ժպիտներու, շահու վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու, սեփական փառքի եւ «Ես»-ի վաշխառուներու հաւաքականութեան վերածուած է մարդկային ընկերութիւնը: Այս առումով եւս կ՛արձանագրենք` ըսելով. երանի՜ անառակին, որ իր հօր տան մէջ տրուած խրախճանքին բոլոր հրաւիրեալները առանց դիմակի տեսաւ… իւրաքանչիւրը իր հարազատ դէմքով, որ ճշգրիտ արտացոլացումն էր տուեալ անձի հոգիին` ներաշխարհին:

Բացի հոգեկան փրկութենէն, որ կ՛իրականանայ քրիստոնէական հաւատքով, մնացեալ բոլոր տեսակի փրկութիւնները սեփական հերոսութեամբ կը կատարուին: Անմիտ է ան, որ իր կեանքին օրերը կը սպառէ` սպասելով, որ մէկը գալով` զինք պիտի փրկէ: Դո՛ւն ես քու հերոսդ:

Այո՛, դարձեալ, եւ վերջին անգամ ըլլալով կ՛ըսենք. երանի՜ անառակին, որ ինքնիր փրկութեան հերոսը դարձաւ ինքնագիտակցութեամբ: Չկարծէք, որ անառակը իր նախկին պատմուճանը հագնելով, գօտին մէջքին կապելով եւ մատանին մատը դնելով` փրկուեցաւ: Բեհեզեայ պատմուճաններ հագնողներ շա՜տ կան, ինչպէս նաեւ` կաշիէ գօտի կապողներ եւ ականակուռ մատանի կրողներ, սակայն, երբ պահ մը միայն անոնց դիմակները վար առնէք, պիտի տեսնէք անոնց մտահոգ ներաշխարհը եւ ինքնավստահութեան բացակայութեամբ տագնապահար հոգին:

Անառակին ինքնավստահութիւնը հերոսացուց զինք, որ համայն մարդկութեան համար իմաստալից դաս մըն է: Դիմակով հերոսացած աճպարարներու բազմութիւնը միշտ պիտի եզերէ քեզ, ի՛նչ դիրքի կամ հանգամանքի տէր ալ ըլլաս, սակայն իմաստութիւն է սոյն դիմակահանդէսին ընթացքին իսկ ճանչնալ անձերը` իրենց աչքերէն… Աչքերը երբեք սուտ չեն խօսիր: Անառակին հայրը վստահաբար անոր աչքերուն մէջ կարդաց զղջումը, որ խօսքէն աւելի արտայայտիչ պէտք էր ըլլար:

Անառակին երանի տալը անհեթեթութիւն չէ, երբ նոյն «երանի»-ին մեր մէջ պիտի հաստատէ ինքնավստահութիւն եւ մանաւանդ մեզի հնարաւորութիւն պիտի տայ միտքի հանգստութեամբ եւ հոգիի խաղաղութեամբ շարունակելու մեր կեանքը:

 

 

Նախորդը

Թերեւս Կրկնութիւն, Բայց` Կենսական

Յաջորդը

Ուրկէ՞ Հասանք, Դէպի Ո՞ւր – 1. «Չե՜ն Ըներ, Ճա՛նըմ». Բայց Ըրի՛ն…

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.