Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Էլիզէի Ժեսթը Եւ Թելադրանքը

March 12, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ

Անցած տասնօրեայ մեր արձակուրդը եղաւ շատ հետաքրքրական իրադարձութիւններու շրջան մը, սակայն օրը օրին անոնց անդրադառնալու հնարաւորութիւնը չունեցանք:

Ներկայիս լուսարձակի տակ պիտի բերենք Միսաք Մանուշեանի եւ կողակցին վերայուղարկաւորումը Ֆրանսայի մեծամեծներու Պանթէոնին մէջ եւ անոր իմաստը, պատգամը` ուրիշներու:

Ինչ խօսք, մեր պաշտօնակիցներէն «Ազդակ» եւ այլք լայնօրէն անդրադարձան իրադարձութեան` թէ՛ պատահելէն առաջ, թէ՛ անկէ ետք: Մենք պիտի փորձենք տարբեր դիտանկիւնէ ընկալել նոյն իրադարձութիւնը, որուն մեր պաշտօնակիցները չեն ուզած անդրադառնալ, թերեւս պատշաճ չեն գտած:

Առաջին հերթին, ֆրանսական պետութեան այս ժեսթը ուղղուած էր ֆրանսական լսարանին. բայց` ճիշդ ո՛ր իմաստով: Մանուշեանը խորհրդանիշներու մեծ կոյտ մը կը մարմնաւորէ` Հայոց ցեղասպանութենէն գաղթականութիւն, քաղաքացիական յանձնառութենէն մինչեւ իրաւունքներու զլացում եւ այլն: Այս ամբողջ տեւողութեան մեր ականջներուն տակ ֆրանս-հայկական բարեկամութիւնը ջատագովող համանուագ հնչեց: Բայց եթէ հայկական կողմէն ատիկա անկեղծ եղաւ, արդեօք ֆրանսական կողմը հայոց անարատ գինիին ջուր չխառնե՞ց: Խառնե՛ց…

Կիլիկիոյ աղէտը` պարպումը, ճիշդ Արցախի նման, թուրք-ֆրանսական մեծապետական համաձայնութեամբ իրականացաւ: Կ’ուզենք հաւատալ, որ Մանուշեանին եւ անոր ընդմէջէն հայ ժողովուրդին եղած խոնարհումը իր ծալքերուն մէջ կը կրէ աւելի քան հարիւրամեակ մը առաջ նոյն պետութեան մեղքին ապաշխարանքը:

Պատգամներու երկրորդ կարեւոր ուղղութիւնը Ռուսիան է, աւելի որոշ` Քրեմլինը: Նոյնպէս` մեծապետական նեղ հաշիւներով հայութեան արիւնը եւ աւիշը քամած կայսրութիւն մը, որուն դաշնակցայնութիւնը հիւանդկախ փորձ մըն է 21-րդ դարուն մարսելու նախորդ դարերու նուաճումները: Քրեմլինը մեզի համար չի նոյնանար Ռուսիոյ հետ, հետեւաբար պատգամը Ռուսիոյ տիրոջ` Քրեմլինը կ’ուղղուի:

Եթէ Ֆրանսա Մանուշեանի մէջ խտացուց ամբողջ դարու մը երկայնքին հայութեան այլազան նպաստներուն իր երախտագիտութիւնը, Քրեմլինը հազար անգամ աւելի պատճառ պիտի ունենար իւրաքանչիւրը առանձին նշելու: Բայց հասարակարգերը տարբեր եղած են ու կը մնան: Ֆրանսա ժողովրդավարական երկիր է, բաւականին ապակեդրոն վարչամեքենայով, մինչ Ռուսիա ղեկավարուած է եւ կը ղեկավարուի խիստ կեդրոնաձիգ համակարգով, որուն գլուխը` ցարէն, Կոմկուսի առաջին քարտուղարէն, ներկայիս` պետութեան նախագահէն աւելիին չի բաւեր: Հետեւաբար խորհրդարան, ծերակոյտ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններ մեծ հաշուով ձեւական բնոյթ ունին: Ասկէ առաջ առիթ ունեցած ենք ըսելու` Քրեմլինը արգիլեց ու կ’արգիլէ, որ Ռուսիա աւելի մարդկային դիմագիծ ստանայ եւ այլոց գրաւիչ դառնայ:

Եթէ Էլիզէի պալատին մէջ կը խորհին, որ Հայ դատին պաշտպան կանգնելով` մարդկութեան յառաջդիմութեան կը նպաստեն, ինչպէս ժամանակին ըսած է եւրոպացի տեսաբան-գործիչ մը, Քրեմլինը եւ շուրջը խմբուած մարդիկ տարբեր ձեւով կը խորհին մինչեւ այսօր. բիրտ ուժի վրայ հիմնուած այլամերժ քաղաքականութիւնն այլընտրանք չունի անոնց համար: 21-րդ դարուն մարտնչող բռնակալութիւններու վէմը…

Եթէ պահ մը խորհինք, որ ֆրանսացիները ջուր կը ծեծեն, այսինքն ապարդիւն գործի լծուած են` հայոց արժէքները մեծարելով ու իրաւունքներուն մասին խօսելով, չենք կրնար անտեսել, որ թրքական ամբողջ խաժամուժին մէջ բարձր եւ արձագանգող է Փարիզի ձայնը, իսկ մնացածն արդէն մեր գործն է, եթէ ստանձնենք…

Քրեմլինը, ինչպէս քիչ վեր ըսինք, մինչեւ վերջ քամեց հայոց արիւնն ու աւիշը, մարդկութեան կենսատու նիւթը եւ դեռ ախորժակ կը պահէ: Ըսած ենք` հայոց թերութիւնն է այդքան տրուիլն անուղղայ կայսրութեան եւ անխոնջ ծառայութիւնը անոր հզօրացման: Հակառակի ակնկալութիւնը` Քրեմլինին ժեսթը, կ’արգելափակէ դեռ չյագեցած ինքնահաստատուելու կիրքը: Կը թուի, թէ Քրեմլինը այնքան ինքնավստահութիւն չունի, որ գնահատէ իր հպատակին (ո՛չ քաղաքացիին, որ իրաւունքներ ունի, այլ` հպատա՛կ, որ ճորտ է, թէկուզ այդ անունը չի տրուիր այսօր): Եւ զարմանալին այն է, որ Քրեմլինի հետ հայոց մօտ չորս դարու փորձառութիւնը չ’եզրափակուիր ինքնագիտակցութեան զարթօնքով եւ ճորտային դիրքէն դուրս գալու սլացքով: Տասնիններորդ դարու մեր յեղափոխութիւնը թէեւ փորձեց լուսաւորել հայոց մտքերը եւ մերկացուց կայսրութեան հայահալած էութիւնը, սակայն այդ լուսաւորչական աշխատանքը չհասաւ պսակելու հարկաւոր առարկայական միջոցներով:

Քրեմլինը պէ՛տք է պատասխանէ Էլիզէին եւ գտնէ իր հայ տիպարը, խորքով արժեւորէ զայն: Անո՞ւն կը պակսի. եթէ յուշելու ըլլանք, կայսրութեան անմնացորդ ծառայած թերեւս միլիոնաւոր հայոց նպաստը տարբեր երեսներով կը խտացնէ Լորիս Մելիքովը, որ 19-րդ դարուն փորձեց կայսրութեան դիմագիծը փոխել, վերանորոգել զայն եւ թերեւս խնայել հետագայ արհաւիրքները` յեղափոխութիւններ եւ ներքին պատերազմ, արեւելքի մէջ կրկնօրինակել բրիտանական սահմանադրական թագաւորութեան մոտելը, որ մինչեւ այսօր, թէկուզ` կաղն ի կաղ, կը յարատեւէ:

Յոյս ունի՞նք, որ նման ժեսթի ընդունակ են Քրեմլինի բնակիչները եւ իրենց շուրջ սպասաւորողները: Իրականութեան մէջ 90 եւ աւելի տոկոսով այսօր անյոյս է նման ակնկալութիւնը: Մուրացիկը երբեք չեն արժեւորեր: Իսկ մենք Կրեմլի դրան մուրացիկները մնացած ենք, որովհետեւ այդ աւելի հեշտ է. մուրա՜լ: Եւ որմէ՞ մուրալ. քու դահիճներուն ձեռքերը արձակողէն:

Այն օրը, որ մենք դադրինք մուրացկանութենէ, կախեալութենէ, կամք ցուցաբերենք ոչ թէ խօսքով ինքնուրոյն դառնալու, այն ատեն հաստատ բան մը պիտի փոխուի:

Վերջապէս, Քրեմլինը այսօր Իրանի չափ ալ չկայ, որ կարենայ գնահատել իրեն անկեղծօրէն ծառայած հայերը: Ժամանակ մը առաջ Թեհրան մեծարեց Եփրեմ խանը` Եփրեմ Դաւթեան, անցած դարասկիզբի պարսկական սահմանադրական շարժման յաղթանակը կերտած հայ յեղափոխականը: Իրան շնորհակալ եղաւ, մեծութիւն ցուցաբերեց, որուն ցարդ չի մատչիր Քրեմլինը իր անծայրածիր հողերով եւ պաշարներով:

Քրեմլինը պարտաւո՛ր է վերանայիլ իր ընթացքը եւ հաշտուիլ հայութեան հետ` առանց ստիպողութեան, առանց սպառնալիքներու, առանց անկապ քարոզչական նախադասութիւններու…

Այլեւս կշտացանք Քրեմլինի սոփեստութիւններէն, կը սպասենք արիութիւն, իմաստութիւն, հեռատեսութիւն:

 

 

Նախորդը

Թուրքիա Կ՛արգիլէ Երկիր Մուտքը Այն Օտարերկրացիներուն, Որոնք Կը Քննադատեն Նախագահ Էրտողանը

Յաջորդը

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Նշում

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.