Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Տոնչիչ Նոր Մրցանիշ Մը Ձեռք Ձգեց

March 11, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լուքա Տոնչիչ երէկ առաւօտ դարձաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի առաջին մարզիկը, որ յաջորդական 6 մրցումներու ընթացքին 30 կէտերէ աւելի նշանակելով թրիփըլ տապըլ կ՛իրագործէ:

Տոնչիչ 39 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ ձեռք ձգեց Տիթրոյիթ Փիսթընզի դէմ 142-124 արդիւնքով մրցումի ընթացքին:

Տալաս Մեւրիքսի սլովենիացի աստղը յաջորդական 5-րդ մրցումը ըլլալով 35 կէտերէ աւելի կը նշանակէ (անձնական մրցանիշ):

Տալասի մարզիչ Ճէյսըն Քիտ ըսաւ. «Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ ան ի՛նչ մակարդակի պասքեթպոլ կը խաղայ այժմ: Գիտէ, որ հանգիստ կրնայ նշանակել կէտեր, եւ ան կարողութիւն ունի իր ընկերները լաւ դիրքերու վրայ գտնելու, եւ վերջապէս` ռիպաունտ ձեռք ձգելու ալ կարողութիւն ունի»:

Քայրի Ըրվինկ 21 կէտ աւելցուց ի նպաստ Տալասի, որ 3 յաջորդական մրցումներ պարտուելէ ետք, 2-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց:

Միւս կողմէ, Միլուոքի Պաքսի մարզիկ Տեմիըն Լիլըրտ ամէնէն աւելի 3 կէտնոց կողովներ նշանակող մարզիկներու ընդհանուր դասաւորման 4-րդ դիրքը գրաւեց` անցնելով Ռեճի Միլըրի կէտերուն:

Լիլըրտ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի դէմ մրցումին (122-123 ի նպաստ Լէյքըրզի) նշանակեց իր 2.561-րդ 3 կէտնոց կողովը: Առաւելագոյն կողովները նշանակած է եւ տակաւին կը նշանակէ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի Սթեֆըն Քըրրին, որ 3.680 կողով նշանակած է:

«Աւարտականի համ» ունեցող մրցումի մը ընթացքին, Արիզոնայի մէջ, Ֆինիքս Սանզ 117-107 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պոսթըն Սելթիքսէն:

Լաւագոյն արդիւնքները ձեռք ձգած եւ այժմ թիւ 1 Պոսթըն իր դէմ ունէր Արեւմտեան շրջանի 6-րդ դասուած Ֆինիքսը, որուն թիւ 1 աստղ Քեւըն Տիւրենթ 45 կէտ նշանակեց եւ ձեռք ձգեց 10 ռիպաունտ, մինչ Պրետլի Պիլ 25 կէտ աւելցուց ի նպաստ Սանզի, որ սակայն Տեւըն Պուքըրի բացակայութեան (յաջորդաբար 4-րդ մրցումը ըլլալով) չկրցաւ տիրապետել Պոսթընի վրայ: Ճէյսըն Թէյթըմ (29 կէտ, 10 ռիպաունտ), Ճէյլըն Պրաուն (27 կէտ) եւ Ճրու Հոլիտէց (15 կէտ) եղան Պոսթընի աստղերը:

Ստորեւ շաբաթավերջի արդիւնքները.

Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Չարլոթ Հորնեթց 112-100
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 95-103
Նիւ Եորք Նիքս – Օրլանտօ Մեճիք 98-74
Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 113-104
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Մայեմի Հիթ 107-100
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Աթլանթա Հոքս 92-99
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Հիւսթըն Ռոքեթց 107-123
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Միլուոքի Պաքս 123-122

ԵՐԷԿ

Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Շիքակօ Պուլզ 112-102
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Տալաս Մեւրիքս 124-142
Չարլոթ Հորնեթց – Պրուքլին Նեթց 110-99
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 113-126
Ֆինիքս Սանզ – Պոսթըն Սելթիքս 107-117
Տենվըր Նակեթց – Եութա Ճեզ 142-121
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 128-118Պլէյզըրզ – Հիւսթըն Ռոքեթց 107-123
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Միլուոքի Պաքս 123-122

Նախորդը

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Շահեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Կրան Փրին. Պերմըն` 7-րդ

Յաջորդը

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նօ Լիմիթց` 2-1

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Սաքաֆի Հերի
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Սաքաֆի Հերի

September 25, 2026
Ազգերու Լիկա.  Այսօր` Հայաստան – Լաթվիա
Մարզական

Ազգերու Լիկա. Այսօր` Հայաստան – Լաթվիա

September 25, 2026
Ըմբշամարտ.  Արսէն Ջուլֆալակեան Ոսկի Մետալ Նուաճեց… Արժանթինի Հետ
Մարզական

Ըմբշամարտ. Արսէն Ջուլֆալակեան Ոսկի Մետալ Նուաճեց… Արժանթինի Հետ

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.