Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարտ 8-ը` Կանանց Միջազգային Օր

March 8, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Այսօր` մարտ 8-ը կիներու միջազգային օրն է:

Անցեալին կիները մեծարելու օր եղած է Հռոմի մէջ: Այդ օր կիները կը մեծարուէին եւ իրենց ամուսիններէն նուէրներ կը ստանային: Ստրկուհիներ այդ օր հանգիստի իրաւունք ունէին եւ նոյնպէս նուէրներ կը ստանային:

Նիւ Եորքի մէջ, 8 մարտ 1857-ին, հիւսուածեղէնի գործարաններուն մէջ աշխատող դերձակուհիներ, ցած աշխատավարձի եւ աշխատանքային վատ պայմաններուն դէմ բողոքի ցոյցեր կազմակերպեցին:

Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան կիները, կէս դար առաջ տեղի ունեցած դերձակուհիներուն ցոյցը յիշելով, 8 մարտ 1908-ին, Նիւ Եորքի մէջ ցոյց կազմակերպեցին: Այդ օր աւելի քան տասնհինգ հազար կիներ շրջեցան քաղաքին մէջ` պահանջելով կրճատել աշխատանքային ժամերը եւ տղամարդոց հաւասար աշխատավարձք ստանալ, ինչպէս նաեւ իրաւունք ունենալ ընտրութիւններուն մասնակցելու:

Ամերիկայի Ընկերվարական կուսակցութիւնը 28 փետրուար 1909-ին, Թերեզա Մայքիլի առաջարկով, աշխատող կիներու միջազգային օր կազմակերպեց:

Ընկերվարական կիներու միջազգային խորհրդաժողովին` 1910 օգոստոսին, գերմանացի Լուիզէ Ցիթց առաջարկեց ամէն տարի Կանանց օր նշել: Առաջարկը երկրորդեց Քլարա Ցեթքին:

Կանանց միջազգային օրը առաջին անգամ նշուեցաւ 19 մարտ 1911-ին, Աւստրիոյ, Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ եւ Դանիոյ մէջ: 1911-ին նշուեցաւ մարտ 12-ին: 1913-ին նշուեցաւ Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ մէջ` մարտ 2-ին, Աւստրիոյ, Պելճիքայի, Հոլանտայի եւ Զուիցերիոյ մէջ` մարտ 9-ին, Գերմանիոյ մէջ` մարտ 12-ին: 1914-ին Աւստրիոյ, Գերմանիոյ, Դանիոյ, Հոլանտայի, Զուիցերիոյ եւ Ռուսիոյ մէջ նշուեցաւ միաժամանակ` կիրակի, 8 մարտին:

Ամերիկայի մէջ կիներու միջազգային օրը կը շարունակէր նշուիլ փետրուարի վերջին կիրակի օրը:

Ռուսիոյ մայրաքաղաք Պետերբուրգի մէջ, 8 մարտ 1917-ին հիւսուածեղէնի արտադրութեան աշխատաւորուհիները բողոքի ցոյց կազմակերպեցին, պահանջելով հաց եւ խաղաղութիւն եւ վերջ` պատերազմին:

Խորհրդային Միութեան մէջ, 8 մարտ 1965-ին, Կանանց միջազգային օրը ճանչցուեցաւ իբրեւ ոչ աշխատանքային օր:

ՄԱԿ 1975-ը ճանչցաւ իբրեւ Կանանց միջազգային տարի, որմէ ետք, 1977-ին` մարտ 8-ը յայտարարեց Կիներու միջազգային օր:

 

 

Նախորդը

Գիրքերո՞վ Աւելի Լաւ Է Սորվիլ, Թէ՞ Համակարգիչով

Յաջորդը

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Հայ Կինը Եկեղեցական Կեանքին Մէջ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.