Երէկ վերջ գտաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութիւնը` Ռիատի Պէյրութի յաղթանակով:
Արդարեւ, Ռիատի, որ առաջին երկու մրցումներուն յաղթած էր (73-65 եւ 67-49), կիրակի օր 56-62 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Լիբանանի ախոյեան Պէյրութ Ֆըրսթ խումբէն, որուն օտար մարզիկ Մէյկըն Սիմընզ 35 կէտ նշանակած էր: Երէկ` 4-րդ մրցումին, Մանարայի մէջ, Ռիատի կրցաւ 78-49 արդիւնքով բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրել, մանաւանդ որ կրցաւ լաւ ձեւով պաշտպանուիլ Պէյրութի օտար մարզիկին դիմաց, որ միայն 11 կէտ կրցաւ նշանակել: Այտա Պախոս նշանակեց 15 կէտ, մինչ ՀՄԸՄ-ի նախկին խմբապետ Նաթալի Սվաճեան 10 կէտ նշանակեց ի նպաստ Պէյրութի:
Ռիատիի լաւագոյն մարզիկներն էին Անճելա Թոմփքինզ (28 կէտ եւ 18 ռիպաունտ), Ռեպեքա Աքըլ (13 կէտ եւ 13 ռիպաունտ), Քարմէն Սաատ (12 կէտ), Լամա Մոքատտեմ (9 կէտ) եւ ՀՄԸՄ-ի նախկին մարզիկ Մեղրի Թորոսեան (8 կէտ):
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի մեր աղջկանց խումբը գրաւած էր 3-րդ դիրքը` 74-47 արդիւնքով յաղթելէ ետք Չեմփսին:


