Նոյնիսկ 44-օրեայ պատերազմէն ետք Հայաստանը դրականօրէն չէր արձագանգեր Պաքու խաղաղութեան նախաձեռնութիւններուն: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ երէկ Պուլկարիոյ խորհրդարանի նախագահին հետ հանդիպումի ժամանակ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
«Հայաստանը հակառակը կ՛ընէր` Ղարաբաղի զինուորականացման եւ զինման քաղաքականութիւն գործադրելով: Երեւանը կը շարունակէր այդ տարածք մեծ քանակութեամբ ականներ եւ ռազմամթերք տեղափոխել», պնդած է Ալիեւ:
Խօսելով 2023 թուականի սեպտեմբերի յարձակումին մասին` Ազրպէյճանի նախագահը ըսած է, թէ Պաքուն ատով «միջազգային իրաւունքի արժեչափերուն համապատասխան վերականգնեց իր տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը»:


