Այսօր կը շարունակուի Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը` 15 օրուան դադարէ ետք, ազգային խումբի խաղերուն պատճառով:
Կէսօրէ ետք ժամը 16:45-ին Մանարայի դաշտին վրայ Ռիատի պիտի մրցի Շանվիլի դէմ: Ռիատի 2 մրցում պարտուած է այս տարեշրջանին եւ 14-րդ մրցումին պիտի փորձէ 12-րդ յաղթանակը արձանագրել Շանվիլի դէմ, ՀՄԸՄ-ի համար ալ աւելի նպաստաւոր կ՛ըլլայ: ՀՄԸՄ անցեալ շաբաթ ձեռք ձգած էր քանատացի սենթըր Փրինս Իպէն` փոխարինելու Էմմանուէլ Էկպութան, որ 3 մրցումի համար եկած էր ՀՄԸՄ:
Իպէ նախապէս խաղցած է Մերալքօ Պոլթս խումբէն եւ եղած է խմբակից Զեք Լոֆթընի:
14-րդ հանգրուանի վերջին մրցումը տեղի կ՛ունենայ վաղը` Քլիւպ Սանթրալի դաշտը, ուր Մեյրուպա կը հիւրընկալէ Սաժեսը ժամը 19:00-ին:
15-րդ հանգրուանին ՀՄԸՄ կը հիւրընկալէ Ռիատին, չորեքշաբթի ժամը 21:45-ին, Մըզհերի մէջ:


