Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԿՆԱՐԿ. Սպառած Խաղեր

April 6, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քոնկրեսին մէջ կայացած լսումներուն ժամանակ` հանրապետական քոնկրեսական Հաուըրտ Պըրմըն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին ուղղած է քանի մը հարցում, որոնք կը վերաբերին ղարաբաղեան հակամարտութեան եւ Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցւոյ ունեցուածքի վերադարձին:

Արցախեան հարցին առնչութեամբ ամերիկացի պետական գործիչը այսօրուան իրավիճակը հաւասարապէս երկու կողմերու  պատասխանատուութեան վրայ դնելու դասական մօտեցում ցուցաբերած է: Մատնացոյց ընելով թէ՛ ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը եւ թէ՛ հրադադարի խախտումները: Հաւասարակշռումի պահպանման այս մօտեցումը նախանշած է, որ միեւնոյն պահուածքը պիտի տարածուի նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցին:

«Այս քայլերը կը խրախուսեն մեզ եւ մենք կը յորդորենք թրքական կառավարութիւնը, որպէսզի շարունակէ  վերադարձնել վիճելի գոյքերը իրենց իրական տէրերուն, ինչպէս նաեւ շարունակելու բարեփոխումները` նոր սահմանադրութեան մշակման ընթացքին: Մենք պիտի շարունակենք զգօն ըլլալ կրօնական համայնքներուն համար անհրաժեշտ բարեփոխումները այս երկրին մէջ կատարելու հարցով», ըսած է Հիլըրի Քլինթըն:

Նախարար Քլինթըն Ներկայացուցիչներու տան  թիւ 306 բանաձեւի համապատասխան յայտարարութիւն կատարած է: Նման ժամանակահատուածի մէջ գոյքերը վերադարձնելու պահանջի վերարծարծումը հաւանաբար կը նախապատրաստէ շուտով ստեղծուելիք առիթին` 24 ապրիլին, նախագահ Օպամայի կողմէ ցեղասպանութիւն բառեզրի օգտագործումէն վերախուսափումը:  Հաւասարակշռութիւն պահելու ինքզինք սպառած այս խաղը որեւէ առաւել չի բերեր բնականաբար ընդհանուր գործընթացին վրայ: Առաւելը անշուշտ գոյքերու վերադարձի պահանջին ամրագրումն է, որ ռազմավարական նոր հունաւորումի նախանիշ է ամէն բանէ առաջ: Ճանաչումի հրամայականէն անդրանցումը եւ հատուցման պահանջատիրութիւնը ճանաչումով չպայմանականացնելու հայկական մօտեցումը:

Անշուշտ Քլինթըն աւելի համոզիչ ու հաւաստի թուած կ՛ըլլար քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներուն, եթէ պատկանելիութիւններու վերադարձի պահանջը սահմանափակած չ՛ըլլար միայն կրօնական կեդրոններով, եկեղեցիներով եւ եկեղեցապատկան կալուածներով: Յստակացնէր իրաւատէրը եւ խօսէր նաեւ տարածքներու վերադարձի անհրաժեշտութեան մասին: Այդ պարագային  որեւէ իմաստ ալ չէր ունենար իր նախագահին «Մեծ եղե՞ռն», թէ՞ «Ցեղասպանութիւն» բառեզրի օգտագործումը:

Կը թուի, որ ամերիկեան քաղաքական միջավայրը յատուկ կարեւորութիւն ստացած է նախա-ապրիլքսանչորսեան ժամանակահատուածին: Լոս Անճելըսի մէջ գործող թրքական հիւպատոսարանը յանկարծ յիշած է հայ-թուրք բարեկամութեան հաստատման նպաստող նախաձեռնութիւններ առնելու անհրաժեշտութիւնը: Պատմագէտներու միացեալ աշխատանքներու միջավայրի ձեւաւորման մէկ նմանակն է հայ եւ թուրք առեւտրականները համախմբելը ապրիլ ամսուան ընթացքին: Յիշենք ճամբու քարտէսի եւ Երեւան-Անգարա արձանագրութիւններու հրապարակման թուականը…

Խաբկանքի մարտավարական աժանագին այս դրսեւորումները իրենք զիրենք սպառած են արդէն: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախապատրաստական համահայկական աշխատանքներու ուղղութիւնները կը յուշեն յստակօրէն, որ ազգովին արդէն կ՛ընթանանք դէպի Հայոց ցեղասպանութեան բոլոր հետեւանքներու վերացման կամ պատմական բոլոր իրաւունքներու վերականգնման թղթածրարներու պատրաստութիւն: Անոնք ունին ինչպէս իրաւական, այնպէս նաեւ քարոզչաքաղաքական բնոյթ: Այդ առումով ալ երկրորդական նշանակութիւն կ՛ունենան հաւասարակշռումի խաղերը, բառեզրերու օգտագործումէ խուսափումները եւ մանաւանդ «բարեկամական միջավայր»-եր ստեղծելու սպառած մարտավարութիւնները:

«Ա.»

Նախորդը

Կռփամարտ. Պայքար` Ողիմպիական Խաղերու 7 Տոմսերու Համար

Յաջորդը

ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. Լէյքըրզ Յաղթական` Լոս Անճելըսի Տերպիի Մրցումին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.