Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռամատանէն Առաջ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Երկու Շաբթուան Պայմանաժամ

February 26, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան պատուիրակութիւն մը յառաջիկայ օրերուն պիտի մեկնի Քաթար` քննարկելու համար գերիներու փոխանակման գործարքի մանրամասնութիւնները` աւելցնելով, որ իսլամներու սրբազան ռամատան ամիսէն առաջ «պատանդներու ազատ արձակման շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու երկու շաբթուան տեւողութեամբ մրցավազք գոյութիւն ունի»:

Աղբիւր մը պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ գործարքին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու նկատմամբ «մեծ լաւատեսութիւն մը գոյութիւն ունի»` աւելցնելով. «Գոյութիւն ունի մեծ յառաջդիմութիւն եւ քննարկման հիմք, որուն ճամբով կարելի է կառուցել բանակցութիւններու տարրերը եւ համաձայնութիւններու հասնիլ»:

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը, յղում կատարելով երկու աղբիւրներու, հաղորդեց, որ Փարիզի բանակցութիւններուն ընթացքին արձանագրուած է յառաջդիմութիւն մը, որ կրնայ յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին Կազայի մէջ պատերազմին, զինադուլի եւ գերիներու փոխանակման վերաբերեալ համաձայնութեան շուրջ աւելի լուրջ բանակցութիւններու յանգեցնել:

Ըստ աղբիւրներուն, ամերիկացի, քաթարցի եւ եգիպտացի պաշտօնատարներ Փարիզի մէջ գլխաւոր ժողովի մը իսրայէլացի բանագնացներուն ներկայացուցած են գերիներու գործարքի աւելի մանրամասն շրջագիծ մը, որուն համաձայն, Համաս շուրջ 40 գերիներ ազատ կ՛արձակէ 6 շաբաթ տեւողութեամբ զինադադարի հաստատման եւ հարիւրաւոր պաղեստինցի բանտարկեալներու ազատ արձակման դիմաց:

Նախկին առաջարկը եւս կը խօսէր 6 շաբաթ տեւողութեամբ զինադադարի մասին, սակայն ուրբաթ օր իսրայէլեան կողմին ներկայացուած առաջարկին նման մանրամասն չէր:

Ամերիկեան վարչակազմէն պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին ըսած են, որ կ՛ուզեն Ռամատան ամսուան սկիզբէն առաջ համաձայնութեան հասնիլ փորձել:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ տակաւին յստակ չէ, թէ ընթացող բանակցութիւնները գերիներու փոխանակման շուրջ համաձայնութեան պիտի յանգեցնե՞ն: Ըստ անոր, Համաս «տրամաբանական լուծում չ՛ընդունիր»:

«Եթէ (գերիներու ազատ արձակման) համաձայնութիւն ունենանք, որոշ ժամանակ պիտի յետաձգուի, սակայն պիտի գործադրուի, եւ եթէ համաձայնութիւն չունենանք, զայն անմիջապէս պիտի գործադրենք», աւելցուց Նեթանիահու:

Համասէն ղեկավար աղբիւր մը «Ժազիրա»-ին յայտնեց. «Գերիներու փոխանակման գործարքի շուրջ համաձայնութեան հասնելու մօտալուտութեամ վերաբերեալ լաւատեսութեան մթնոլորտը իրականութեան չի համապատասխաներ»:

«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կը խուսափի ընդառաջելէ յարձակումը դադրեցնելու, (իսրայէլեան ուժերու) ամբողջական հեռացման եւ գաղթականներու (Կազայի) հիւսիս վերադարձի կարեւորագոյն պահանջներուն», շեշտեց աղբիւրը` աւելցնելով. «Մեր ժողովուրդը հիւսիսի մէջ սովով սպաննելը ցեղասպանութեան ոճիր է, որ ամբողջ բանակցային հոլովոյթը կը վտանգէ»:

Համասի ղեկավարներէն Ուսամա Համտան Պէյրութի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ պաղեստինեան շարժումը «դրական ոգիով ընկալած է միջնորդներու` Կազայի մէջ յարձակումի դադրեցումի հիմամբ առաջարկները»` շեշտելով, որ Համաս կառչած կը մնայ այդ պահանջին եւ «գետնի ու մարտի դաշտին վրայ մեր դիրքորոշումը կ՛աջակցի այդ պահանջին»:

Ան նշեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «Կազայի վերաբերեալ գաղափարներ կը ներկայացնէ, երբ ամբողջովին կը գիտակցի, որ անոնք պիտի չյաջողին»:

Ամերիկացի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին նաեւ յայտնած են, որ ամերիկեան վարչակազմը Իսրայէլէն պահանջած է Կազայի մէջ Համասի ոստիկանութեան անդամներու թիրախաւորումը դադրեցնել, սակայն Իսրայէլ մերժած է այդ պահանջը, «որովհետեւ անոր նպատակներէն մէկը վստահ ըլլալն է, որ Համասը այլեւս շրջանը չի կառավարեր»:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով ամերիկեան ճնշումներու վերաբերեալ հարցումի մը, ըսաւ. «Ոչ ոք մեզի կ՛արգիլէ Ռաֆահ մուտք գործել»: Ան նաեւ նշեց. «Կռիւը պիտի չդադրեցնենք, որովհետեւ Համասի` Կազայի մէջ մնալուն համաձայն չենք»:

«Պաղեստինեան իշխանութիւնը Կազայի մէջ քաղաքային կառավարութեան մաս պիտի չկազմէ», աւելցուց իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի նախկին վարչապետ Էհուտ Պարաք Իսրայէլի ներկայ վարչապետ Նեթանիահուն ամբաստանեց «ինքզինք ուժեղ ցոյց տալու համար» իսրայէլացի գերիները վտանգելու յանցանքով: «Նեթանիահուի համար ուժեղ երեւնալը համաձայնութեան հասնելէ աւելի կարեւոր է, եւ ան պատրաստ է գերիներու կեանքերը վտանգելու», նշեց Պարաք:

Ան իսրայէլացիներուն կոչ ուղղեց` Նեթանիահուի դէմ բողոքի ցոյցեր կազմակերպելու` ըսելով. «Կարիքը ունինք, որ 300 հազար քաղաքացիներ երեք շաբաթ գիշեր ու ցերեկ վրաններով պաշարեն Քնեսեթը»: Պարաք ըսաւ, որ երբ երկիրը փակուի, Նեթանիահու պիտի գիտակցի, որ իր ժամանակը աւարտած է եւ իր նկատմամբ վստահութիւն չկայ:

Պրազիլի Նախագահը Կը Կրկնէ
Իր Յայտարարութիւնը

Պրազիլի նախագահ Լուիս Ինիասիօ Լուլա տա Սիլվա Կազայի մէջ Իսրայէլի զինուորական գործողութիւնները դարձեալ «ցեղասպանութիւն» որակած է եւ կոչ ուղղած ստեղծելու «ազատ եւ գերիշխան Պաղեստին պետութիւն»` հակառակ նախորդ նմանատիպ յայտարարութենէն ետք իր հասցէին Իսրայէլի քննադատութեան:

«Թող այս պաղեստինեան պետութիւնը ներդաշնակ ապրի Իսրայէլի պետութեան հետ: Այն, ինչ որ Իսրայէլի կառավարութիւնը կ՛ընէ, պատերազմ չէ, ատիկա ցեղասպանութիւն է», «Էքս»-ի վրայ գրած է Պրազիլի նախագահը:

Ան նախապէս ալ ըսած էր. «Այն, ինչ որ կը կատարուի Կազայի մէջ եւ պաղեստինցի ժողովուրդին նկատմամբ, պատմութեան որեւէ այլ փուլի մէջ տեղի չէ ունեցած: Իրականութեան մէջ ատիկա տեղի ունեցաւ, երբ Հիթլերը որոշեց սպաննել հրեաները: Այն, ինչ որ Կազայի մէջ կը կատարուի, պատերազմ չէ, անիկա ցեղասպանութիւն է. անիկա զինուորներու դէմ պատերազմ չէ: Ատիկա պատերազմ է բարձր պատրաստուածութեան բանակի եւ կիներու ու երեխաներու միջեւ»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Տա Սիլվայի խօսքերը որակած էր իբրեւ «ամօթալի ու տագնապալի» եւ «Ողջակիզումի նսեմացում»:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց 19 փետրուարին Պրազիլի նախագահը «անբաղձալի անձ» յայտարարած էր, քանի տակաւին ներողութիւն չէ խնդրած եւ չէ հրաժարած Իսրայէլը հիթլերեան Գերմանիոյ հետ համեմատելէ:

Նախորդը

Մաքրոն. «Ուքրանիան Ինքն Իր Եւ Եւրոպայի Համար Կը Պայքարի, Եւ Անոր Կողքին Կանգնելու Մեր Յանձնառութիւնը Պիտի Մնայ Անսասան»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը

October 19, 2026
Նախագահութեամբ Ազգային  Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի.  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան»  Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահութեամբ Ազգային Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան» Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում

October 19, 2026
Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի  Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով
Գաղութային

Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.