Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն. «Ուքրանիան Ինքն Իր Եւ Եւրոպայի Համար Կը Պայքարի, Եւ Անոր Կողքին Կանգնելու Մեր Յանձնառութիւնը Պիտի Մնայ Անսասան»

February 26, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն ընկերային ցանցերու ճամբով ռուս-ուքրանական պատերազմի սկիզբի երկամեակին առիթով յայտարարութիւն կատարելով յայտնեց. «Պատերազմի երկու տարիներ: Հարուածի եւ ռմբակոծման ենթարկուեցաւ, սակայն տակաւին կանգուն է»:

«Ուքրանիան ինքն իր, իր բարձր իտէալներուն եւ Եւրոպայի համար կը պայքարի: Անոր կողքին կանգնելու մեր յանձնառութիւնը պիտի մնայ անսասան», նշեց Մաքրոն:

Իտալիոյ, Քանատայի եւ Պելճիքայի վարչապետներ Ճիորճա Մելոնի, Ճասթին Թրուտօ եւ Ալեքսանտր Տը Քրուա Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենի հետ Լեհաստանէն գիշերանց գնացքով մեկնեցան Քիեւ` պատերազմի 2-րդ ամեակի առիթով «զօրակցական այցելութեամբ»:

Ֆոն տեր Լեյեն յայտնեց. «Քիեւի մէջ, պատերազմի երկամեակին առիթով… տօնելու ուքրանացի ժողովուրդին արտակարգ դիմադրութիւնը»:

«Աւելի քան երբեւէ հաստատօրէն կը կանգնինք Ուքրանիոյ կողքին` ելեւմտապէս, տնտեսապէս, զինուորապէս եւ բարոյապէս, մինչեւ որ երկիրը վերջապէս ազատ ըլլայ», աւելցուց ան:

Սթոլթենպերկ. «Ուքրանիոյ`
ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութիւնը
«Եթէ»-ի Հարց Չէ, Այլ «Երբ»-ի»

«Ուքրանիան այժմ աւելի մօտ է ՕԹԱՆ-ին, քան նախապէս», այս մասին կը հաղորդէ «ՌՊՔ-Ուքրանիա»-ն` մէջբերելով ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի` պատկերասփիւռի մարաթոնի ժամանակ ուքրանացիներուն ուղղած ուղերձէն:

Ան նշած է, որ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը արդէն «եթէ»-ի հարց չէ, այլ «երբ»-ի:

«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին սկսաւ այս պատերազմին, որովհետեւ կ՛ուզէր փակել ՕԹԱՆ-ի դռները եւ Ուքրանիայէն խլել սեփական ուղին ընտրելու իրաւունքը: Սակայն ան հասաւ լրիւ հակառակ արդիւնքի: Ուքրանիան այժմ աւելի մօտ է ՕԹԱՆ-ին, քան նախապէս: Ուքրանիան պիտի անդամակցի ՕԹԱՆ-ին, ատիկա ոչ թէ «եթէ»-ի, այլ «երբ»-ի հարց է», ըսած է Սթոլթենպերկ:

 

Նախորդը

Սպիտակ Տուն. «Նետերլանտներու Վարչապետ Ռիւթէն ՕԹԱՆ-ի Հիանալի Նոր Ընդհանուր Քարտուղար Կ՛ըլլայ»

Յաջորդը

Ռամատանէն Առաջ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Երկու Շաբթուան Պայմանաժամ

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.