Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն. «Լիբանանեան Բանակը Կը Դիմագրաւէ Հսկայ Մարտահրաւէրներ»

February 26, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շաբաթավերջին Պէյրութի ծովուժի կեդրոնին մէջ նախագահեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ լիբանանեան ծովուժին նուիրուած 4 յածանաւերու եւ 3 հսկողութեան նաւերու ստանձնումի ձեռնարկին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսըն:

Այս առիթով զօր. Աուն շեշտեց, որ ամերիկեան նուիրատուութիւնը պիտի օժանդակէ լիբանանեան ծովուժին կարողութիւնները բարելաւելու, ինչպէս նաեւ անոր վստահուած պարտականութիւնները կատարելու, յատկապէս ծովէն կատարուող ապօրինի գաղթը զսպելու, ինչպէս նաեւ ապագային` նաւթի հորատման հարթակներուն յաւելեալ ապահովութիւն տրամադրելու:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ ամերիկեան պետութեան կողմէ տրամադրուած այս օժանդակութիւնը կը փաստէ լիբանանեան բանակին զօրակցելու իմաստով անոր յանձնառութիւնը:

«Լիբանանի ապրած տնտեսական արտակարգ տագնապի այս իրավիճակը իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցած է լիբանանեան բանակին վրայ, որ այսօր հսկայ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ: Երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումը` ընկերային եւ ապահովական կացութեան վատթարացումին ընթացքին, հսկայական ջանքեր  եւ զոհողութիւններ կը պահանջէ բանակայիններէն, որոնք իրենց կարգին տնտեսական տագնապին հետեւանքները կը կրեն», հաստատեց ան:

Իր կարգին, Ճոնսըն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու 25 միլիոն տոլար արժող նուէրը կը մարմնաւորէ լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի կարողութիւնները բարելաւելու Ուաշինկթընի յանձնառութիւնը:

«Միացեալ Նահանգներ նախանձախնդիր են լիբանանեան բանակին զօրակցելու», շեշտեց ան:

Նախորդը

Տնտեսական Խորհուրդներու Կեդրոնատեղիէն. Մակրօ Շեշտեց Արմատական Բարեկարգումներ Գործադրելու Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

Հարաւային Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Բախումները Չեն Դադրած

RelatedPosts

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը`  Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու  Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»
Լիբանանեան

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը` Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»

October 19, 2026
Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ»  Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում
Լիբանանեան

Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ» Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում

October 19, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.