Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Ուժեր Ռմբակոծումի Թիրախ Կը Դարձնեն Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Կեդրոն Մը

February 24, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ ընթացող բախումները շարունակուեցան:

Նախանցեալ օրուան յետմիջօրէին Քֆար Ռումմանի մէջ քաղաքայիններու բնակարաններ ռմբակոծած իսրայէլեան բանակը կէս գիշերին ռմբակոծեց Պլիտայի մէջ գտնուող քաղաքացիական պաշտպանութեան կեդրոն մը` պատճառելով հսկայական վնասներ:

Քանի մը վայրկեան անց, հաղորդուեցաւ նաեւ մարդկային կորուստներու մասին:

Աւելի ուշ յստակ դարձաւ, որ Իսլամական առողջապահական խորհուրդի անդամներ Մոհամետ Եաագուպ Իսմայէլ եւ Հիւսէյն Մոհամետ Խալիլ զոհուած են փրկարար աշխատանքներ կատարելու ընթացքին:

«Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, երէկ կէսօրին Իսլամական առողջապահական խորհուրդի անդամ զոհերուն յուղարկաւորութեան ընթացքին իսրայէլեան բանակը կրակած է Պլիտայի գերեզմանատան ուղղութեամբ:

Իսրայէլեան բանակը բուռն կերպով ռմբակոծեց Հըլթա, Քֆարշուպա, Քֆարհամամ, Հըպպարիէ, Պլիտա, Լապպունէ, Քֆարքիլա, Ժըպպայն, Հանին, Ժապալ Պլաթ, Հաունինի հովիտ եւ Խիամ շրջանները:

Նշենք, որ իսրայէլեան հետախուզական օդանաւեր թռիչքներ գործեցին Հասպայայի, Արքուպի, Ղաժարի, Մաժիտիէի, Մարիի, Ռաշայա Ֆըխխարի, Ռաշայա Ուատիի, Արեւելեան Պեքաայի, Քֆարհամամի, Քֆարշուպայի, եւ Հըպպարիէի վերեւ:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մանարա եւ Մթըլլէ բնակեցման վայրերը, ուր կը գտնուէին իսրայէլացի զինուորներ:

Ի պատասխան Քֆար Ռումմանի դէմ իսրայէլեան ռմբակոծումին, Դիմադրութեան մարտիկները «Քաթիուշա» տիպի տասնեակ հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Քայլաա ու Եոաւ դիրքերը եւ ուղղակի հարուածներ հասցուցին անոնց:

Դիմադրութեան մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Հանիթա դիրքը` պատճառելով մարդկային եւ նիւթական վնասներ:

Իբրեւ պատասխան Պլիտայի քաղաքացիական պաշտպանութեան կեդրոնի ռմբակոծումին, Դիմադրութեան մարտիկները անօդաչու թռչող զոյգ սարքերով ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին Քըրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրին մէջ գտնուող իսրայէլեան զինուորական պատասխանատու խորհուրդի կեդրոնը:

Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Դիմադրութիւնը «Պուրքան» տիպի հրթիռով ռմբակոծումի թիրախ դարձուց իսրայէլեան Մալիքիէ դիրքը` պատճառելով նիւթական հսկայական վնասներ:

Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին նաեւ բռնագրաւուած Մազարեհ Շեպաայի մէջ գտնուող իսրայէլեան Ռուէյսեթ Ալամ եւ Ռատար դիրքերը, ուր կը գտնուէին մեծ թիւով իսրայէլացի զինուորներ: Արձանագրուած ուղղակի հարուածները պատճառեցին մարդկային վնասներ:

Հըզպալլայի մարտիկներէն Հասան Մահմուտ Սալեհ, Հիշամ Հիւսէյն Ապտալլա եւ Մոհամետ Հասան Թարրաֆ միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Հալապի. «Նախարարութիւնը Կ՛ուղղուի Ջնջելու Պրըվէի Պետական Քննութիւնը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը

October 19, 2026
Նախագահութեամբ Ազգային  Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի.  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան»  Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահութեամբ Ազգային Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան» Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում

October 19, 2026
Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի  Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով
Գաղութային

Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.