Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծառայասէր Ու Նուիրեալ Հայուհին Բաժնուեցաւ Մեզմէ

February 24, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քառասուն օրեր առաջ ցաւով հողին յանձնեցինք մեր շատ սիրելի քոյրը, մայրը, հարազատը եւ ընկերուհին` Անահիտ Նալպանտեանը, որ իր մահկանացուն կնքեց Աստուծոյ տան մէջ ս. պատարագի մատուցման պահուն, Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրը` ետին ձգելով իր մնայուն ժպիտը, սէրն ու գուրգուրանքը, նաեւ` հարուստ յիշատակներ:

Ան ծնած է Հայաշէն, 17 ապրիլ 1977-ին` ազգասէր, եկեղեցասէր եւ գաղափարապաշտ հայ ընտանիքի մը յարկին տակ: Դաստիարակութիւնը ստացած է ծնողքէն` ըլլալու հնազանդ, բարեսիրտ եւ ծառայասէր անձ: Կազմաւորուած է Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Շուշան վարժարանին մէջ, իսկ բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Եու. Էս. Ժի. համալսարանին մէջ` տիրանալով դրամատան գիտութիւններու մագիստրոսի աստիճանին: Միշտ եղած է օրինակելի եւ աշխատասէր աշակերտ եւ ուսանող:

Փոքր տարիքէն անդամակցած է ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կազմին, տարիներ շարունակ նուագած է միութեան շեփորախումբին մէջ: Եղած է գործօն անդամ Համազգայինի եւ ԼՕԽ-ի մէջ, որոնց ծառայած է անսակարկ կերպով:

Փափաքելով ծառայել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան` միացած է կուսակցութեան շարքերուն եւ մաս կազմած ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան, որուն եռանդուն, խիզախ եւ դաշնակցական տիպար անդամներէն մէկն էր:

Եկեղեցւոյ ծառայութիւնը միշտ ալ առանցքային եղած է Անահիտ Նալպանտեանի կեանքին մէջ. ան  տարբեր ժամանակներու դպրուհի եղած է Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եւ Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցիներուն մէջ, ուր նաեւ երգեհոն նուագած է: Անոր ծառայութիւնը անսահման էր, բնաւ չէր զլանար եկեղեցւոյ մատուցել իր ծառայութիւնները` ի խնդիր անոր պայծառացման:

Անահիտ Նալպանտեան իր ընտանիքը կազմեց Հայաշէնի մէջ, Աստուած անոր պարգեւեց երկու մանչեր` Յարութը եւ Անժելոն: Եղաւ իսկական մայր, իր ստացած կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը իր կարգին փոխանցեց իր որդիներուն, նաեւ ուղղեց զանոնք դէպի եկեղեցի` ճիշդ ճանապարհով:

Ան իր շրջապատին մէջ եղաւ սիրուած եւ յարգուած` պատիւ բերելով իր ծնողքին եւ հարազատներուն:

Շատ կանուխ բաժնուեցաւ մեզմէ, սակայն Աստուծոյ կամքը կատարուեցաւ:

Անահիտ Նալպանտեանի մահով Հայաշէնը կորսնցուց իր արժէքաւոր զաւակներէն մէկը: Ազգային մը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց ազգին, եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին: Մենք ուխտած ենք շարունակել նմաններուն ճամբան` յանուն ազգի ու հայրենիքի փրկութեան` ըլլալով անկեղծ ընկերներ, կառչած մնալով մեր գաղափարին եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան սուրբ գործին:

Թող անոր հոգին արժանանայ երկինքի արքայութեան, յիշատակը անթառամ մնայ մեր սրտերուն մէջ:

ՅԱԿՈԲ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
 «Ռոստոմ» կոմիտէութեան անունով

 

‘

Նախորդը

Եկեղեցիէն Երկինք` Աստուծոյ Ճամբով

Յաջորդը

Անիին Հոգին Երկինք Սաւառնեցաւ. Անի Նալպանտեան-Պոյաճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է
Անդրադարձ

Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.