Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Լեռներս Երանիի Արժանի Չեն

February 19, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՈՌԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Բիւրականէն մինչեւ Գիւմրի հասնինք, երկար ճանապարհ ունէի հանրակառքին մէջ: Աչքերս յառած էի հայրենի բեղուն դաշտերուն ու հեռաւոր լեռնաշղթաներուն: Ռատիոյէն լսուող ազգային երգերը սրտիս լարերուն կը դիպչէին: Հեռուէն մեղմօրէն հնչեց` «Ախ ինչքա՜ն ինչքա՜ն կարօտել եմ ձեզ, սիգապանծ լեռնե՜ր հայոց աշխարհի…»: Մարմինս ցնցուեցաւ: Կը դիտէի իմ ազգիս պատկանող լեռները ու կը հիանայի, որ մեզի վստահուած է աշխարհի այս սուրբ հողակտորը: Այդ պահը երազային էր ինծի համար, անհաւատալի: Առաջին անգամը չէր, որ աչքերս տեսած էին այս գեղեցկութիւնը, բայց առաջին անգամ ըլլալու պէս աչքերս չուզեցին ուրիշ ուղղութեամբ նայիլ: Կեդրոնացած էին այս հրաշքին վրայ, որուն քովէն կ՛անցնէի ես: Այդ երեւոյթն ու այդ պահուան զգացումը մէջս ամրապնդուած են առյաւէտ:

Հիմա, երբ կը յիշեմ այդ վայրկեանը հրաշալի, մեր հմայիչ լեռնաշղթաներուն կողքին կը պատկերացնեմ բոլոր այն լեռները, զորս կորսնցուցինք վերջին տարիներուն: Կը յիշեմ, որ կորսնցուցի իմ լեռներուս տեսքը վայելելու իրաւունքը: Արտօնեցի, որ այդ իմ գունաւոր, քարքարոտ, խիտ պատմութեամբ զարդարուած լեռներուն պէս գանձեր ուրիշը գրաւէ: Հիմա իմ ազգս ջարդող թշնամին կը վայելէ անոնց տեսքով հանգչելու ազատութիւնը: Այս ի՛նչ անարդարութիւն: Ես ալ կը նստիմ ու երանի կու տամ այդ յատուկ լեռները տեսնելու առիթին:

Սակայն ես պատրաստ չեմ երանի տալու այն օրուան ալ, որ տեսայ իմ հրաշալի լեռներս հայրենի: Օրը, երբ արցունքոտ աչքերով ու հրակէզ սրտով երգեցի «Վազել եմ յոգնե՜լ ձեր լանջերում ե՜ս, իմ լեռներ, լեռնե՜ր, լեռներ հայրենի՜…»: Այդ օրը իմս է, հայութեան է, մերն է: Այդ օրը պիտի ըլլայ առաջինը հազար օրերուն, երբ պիտի հմայուիմ իմ հայկական լեռներովս, առանց ստիպողաբար ինքզինքս համոզելու, որ խորքին մէջ միշտ մերն է: Այդ օրը կ՛ուզեմ յիշել այդ գագաթներէն բորբոքող քնքուշ հայկականութիւնը, որ կը տեղար անոնց շրջապատող արտերուն վրայ:

Որքան հող կորսնցնենք, այնքա՛ն պիտի նուազին առիթները` ազգովին իսկական հաճոյքի վայրկեաններ ապրելու: Այս ընթացքով շարունակելը մեզի պիտի պատճառէ մեր արժանապատուութեան կորուստ, որ մեր հերոսները հազարամեակներու ընթացքին կերտած են այս իսկ լեռները պահպանելով: Այս լեռները, որոնք արմատ նետած են իմ ամբողջ կեանքիս, էութեանս ու անձնական ուրախութեանս անդունդներուն մէջ, ես այսքան դիւրութեամբ պիտի չմոռնամ:

Զարմանալի չէ, որ քարէ կտոր մը իմ մէջս հայրենասիրութիւն ներշնչեց: Այս լեռներուն վրայ հիւսուած են հայկական դիցաբանութեան հազարաւոր վէպերն ու մանկութեանս լսած բոլոր յաղթական պատմութիւնները: Այս քարին ու այդ հրաշալի օրուան համար մեր նախնիները պայքարեցան, ստեղծագործեցին, ապրեցան, զոհուեցան: Այս լեռները դիտելով` սիրերգեցին մեր բանաստեղծներն ու երգահանները: Ականջ տալով անոնց կանչերուն` դուք ալ պիտի ներշնչուիք:

Իմ լեռներս ոչ թէ երանիի, այլ պահպանման արժանի են: Հրաժարինք երանի ըսելու մեր նախասիրած ժամանցէն: Կանխենք ապագայ երանիները մեր գործերով: Իրապաշտօրէն ընդունինք մեր սխալները ու մեզ տանջող հարցերը լուծենք: Մէկ իրաւունքէ զրկուեցանք, երկրորդին երանի ըսել նոյնիսկ պիտի չկրնանք:

 

 

 

Նախորդը

Ազգի Հիմնախնդիր

Յաջորդը

Երեսունվեց Ամեակ. Սկիզբ Արցախեան Շարժման

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.