Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գոմէշը» Գործի Հեղինակ Հրանտ Մաթեւոսեանի Կենսագրականը

February 14, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբն ու «Հրանտ Մաթեւոսեան» հիմնադրամը  ուրբաթ եւ կիրակի, 16 եւ 18 փետրուարին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ պիտի ներկայացնեն հայրենի վաստակաւոր արուեստագէտ Նարինէ Գրիգորեանի մենակատարութիւնը` Հրանտ Մաթեւոսեանի «Գոմէշը»-ին:

Ստորեւ` հեղինակին կենսագրական հիմնական գիծերը:

Հրանտ Մաթեւոսեան ծնած է 1935 թուականին, Ահնիձոր գիւղին մէջ: Ան արձակագիր է, բեմագիր եւ 1964 թուականէն անդամ եղած է ԽՍՀՄ Գրողներու միութեան:

Իր ուսումը ստացած է Կիրովականի ուսումնարանին մէջ եւ Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական հիմնարկէն ներս:

1965-1967 թուականներուն ապրած է Մոսկուա եւ այնտեղ աւարտած` տեղական ակադեմական հիմնարկի բարձրագոյն բեմագրական դասընթացքները:

Իր ստեղծագործութիւնները առաջին շրջանին ակնարկի մը շրջագիծին մէջ կը մնային: Անոնցմէ առաջինը «Տափաստանում» ակնարկն էր (1959):

Մաթեւոսեան 23 տարեկան էր, երբ նոր ընդունուած օրէնքով գիւղացիներուն համար արգիլուած էր ձի պահել` այդ մէկը նկատելով աւելորդ շքեղութիւն: Անոր հայրը իր ձին չափազանց աժան գինով վաճառեց: Բայց երբ մօտեցաւ ձագ ունենալու ժամանակը, ձին կը փախչի ու կու գայ տիրոջ մօտ: Մաթեւոսեանի հայրը, որ կոշտ մարդ էր ու զգացմունքներուն չէր տրուեր, կնոջ ներկայութեամբ կը սկսի լալ…

– Ես կը գրեմ, ու թոյլ կու տան դարձեալ ձի պահել,- կ՛ըսէ Հրանտ…

«Իսկապէս, ամէնէն ակրեսիվ ցանկութիւնս, ամենասրուած ցանկութիւնս, ինչքան որ գրել եմ, էդ է եղել, որ հօրս ձին վերադարձնեն,- հետագային կը գրէ արդէն հանրաճանաչ գրողը: Դա եղաւ նշանաւոր «Ահնիձոր» ակնարկը, որ իմ գլխուն ե՛ւ կրակ դարձաւ, ե՛ւ միաժամանակ գրականութեան, այսպէս կոչուած, առաջին պլան մղեց»:

Առաջին տպագիր գործը «Ահնիձոր» ակնարկն էր, որ մեծ աղմուկ բարձրացուց: Ակնարկը տպագրելու պատճառով ոմանք նոյնիսկ պատժուեցան: Այդ ակնարկով Մաթեւոսեան կը նկարագրէր ժամանակակից գիւղի եւ գիւղացիի ծանր վիճակը: Ընթերցողներու կողմէ ակնարկը շատ լաւ ընդունուեցաւ, սակայն ակնարկին պատճառով Մաթեւոսեան կը հեռացուի հիմնարկէն եւ աշխատանքէն: Թերթերուն կը յանձնարարուի անկէ ոչ մէկ բան տպագրել:

Բայց Մաթեւոսեան կը մնայ իր սերնդակիցներուն պաշտպանը եւ չի նահանջեր, կը շարունակէ գրել. եւ որպէս անոր արդիւնք` կը ծնի «Մենք ենք մեր սարերը» վիպակը:

Մաթեւոսեանի հետագայ ամբողջ ստեղծագործութիւնը կապուեցաւ գիւղի հետ: Ժամանակակից աշխարհի խնդիրները անոր գործերուն մէջ արտացոլուեցան գիւղական կեանքի պատկերներու միջոցով, որովհետեւ այդ տարիներուն գիւղը առհասարակ դարձաւ հասարակական ուշադրութեան կիզակէտներէն մէկը:

Մաթեւոսեան շուտով հրատարակեց պատմուածքներու իր առաջին ժողովածուն` «Օգոստոս»-ը, 1967 թուականին:

Ան համեմատաբար քիչ կը գրէր, բայց անոր վիպակներն ու պատմուածքները հասարակական լայն արձագանգ կը գտնէին ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ` Ռուսաստանի եւ նախկին Խորհրդային Միութեան այլ հանրապետութիւններու մէջ:

«Մենք ենք մեր սարերը» վիպակին մէջ ան կը նկարագրէ գիւղի հովիւներու առօրեան, եւ այստեղ արդէն ուժեղ է բողոքը այն պայմաններուն դէմ, որոնք կ՛աղաւաղեն գիւղացիներու կեանքը, թոյլ չեն տար անոնց ապրիլ պարզ, բնական օրէնքներով:

Անոր ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են աւելի քան տասնեակ մը լեզուներու: Այդ գործերը միշտ նկարագրած են գիւղացիին ապրած ճնշիչ իրավիճակը եւ գիւղական կեանքը:

Անոր ժողովածուներն են` «Օգոստոս», «Ծառերը», «Մեր վազքը» եւ «Տէրը» հատորները, որոնց դրուագներուն մէկ մասը բեմականացուած են եւ ժապաւէններով արտադրուած, ինչպէս` «Մենք ենք մեր սարերը», «Աղքատի պատիւը», «Աշնան արեւ», «Տէրը» եւ այլ գործեր:

Նոր է Մաթեւոսեանին ոճը: Անոր տողերը մեզի ծանօթ եւ հեզասահ պատում մը չեն ներկայացներ, այլ կարծես մէկը լարուած ու գրգռուած կը խօսի` հեգնելով ու զայրանալով, խախտելով ժամանակներու յաջորդականութիւնը, յիշելով անցեալը եւ դատողութիւններ ընելով: Այս ձեւով Մաթեւոսեան կ՛արտացոլացնէ ժամանակակից մարդու հոգեբանութիւնը:

Մաթեւոսեան շատ կը սիրէ Թումանեանը, բայց անոր հերոսը շատ տարբեր է Թումանեանի հերոսէն: Ան իսկապէս 20-րդ դարու մարդ է, թէեւ` գիւղացի ու առերեւոյթ հեռու քաղաքակրթութենէ: Անոր խօսքը կը համապատասխանէ նոյնինքն այդ մարդու հոգեբանութեան: Այլ կողմէ, այդ ոճը կը դժուարացնէ Մաթեւոսեանի որոշ գործերու ընթերցանութիւնը:

Մաթեւոսեան ստացած է նախկին ԽՍՀՄ-ի պետական մրցանակ:

Հրանտ Մաթեւոսեան մահացաւ 2002 թուականին:

Ուիլիըմ Սարոյեան` Հրանտ Մաթեւոսեանի մասին.

«Այստեղ դուք ունիք մէկը, որ մեծ անձնաւորութիւն է համաշխարհային գրականութեան մէջ: Ան Հրանտ Մաթեւոսեանն է… Անոր գրութիւնները խորունկ ձեւով ցոյց կու տան հայոց մասնակցութիւնը մարդկութեան պատմութեան:

… Շատ գրողներ, բանաստեղծներ ունիք, բայց պէտք է ներէք ինծի, եթէ ըսեմ, որ այն ուժը, որ անհրաժեշտ է, հսկայակա՜ն, Հրանտ Մաթեւոսեանի մէջ է»:

Խօսքեր եւ ասոյթներ` Հրանտ Մաթեւոսեանէն

  • Գիտե՞ս ինչ, կեանք է, եւ մի՛ ակնկալիր անփոթորիկ ծով. եւ եթէ խորտակւում ես, մեղքը քոնն է եւ ոչ թէ փոթորկինը, քանի որ փոթորիկը ծովն է: Ո՞ւր է խարիսխդ: Խարի՛սխդ…»:
  • Աստծոյ լոյսը իմ Խղճի լոյսն է:
  • Մեր փրկիչն էլ, թշնամին էլ մեր մէջ են:
  • Իմ անհատականութիւնը ես վերցրել եմ մարդու այն տեսակից, որ եթէ չէր աշխատել, հացից ամաչում էր, եթէ իր մտածածը չէր, ասում էր` «ասում են»: Ես նրանց որդին եմ, ինձ նրանք են ստեղծել:
  • Մարդկային մեծագոյն առաքինութիւնը սեփական չկամութիւնը կոտրելու կարողութիւնն է:
  • Մարդ չպիտի էնքան քաղցր լինի, որ կուլ տան, չպիտի էնքան դառը լինի, որ թքեն:

 

 

Նախորդը

Ալիեւի Դիմակը Վար Առնող Մը

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է
Անդրադարձ

Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.