Ռուսիան եւ Ազրպէյճանը կը բանակցին Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի մասին բանակցութիւններու յաջորդ փուլի ժամկէտին շուրջ: Այս մասին «Իզվեսթիա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Եւտոքիմով:
Դիւանագէտը շեշտած է, որ խաղաղապահներու նիւթը շատ կարեւոր է: Ան յիշեցուցած է, որ նախապէս Արցախի մէջ, տարբեր գնահատականներով, կը բնակէր 110-120 հազար հայ:
«Խաղաղապահները արդիւնաւէտօրէն իրականացուցած են իրենց գործառոյթները` մէկ կողմէ պաշտպանելով Ազրպէյճանի այս տարածքը, միւս կողմէ, ի հարկէ, հայ բնակչութեան համար կարեւոր էր, որ այնտեղ գտնուէին ռուս խաղաղապահներ` ապահովելու անոնց անվտանգութիւնը: Այժմ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կը համաձայնեցուի Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի վերաբերեալ բանակցութիւններու յաջորդ փուլի ժամկէտը», ըսած է ան` յիշեցնելով, որ Արցախի մէջ անոնց գտնուելու ժամկէտը կը սպառի 2025 թուականին:
Եւտոքիմով նշած է, որ Պաքուի կողմէ շրջանի ամբողջ վերահսկողութիւնը վերականգնելէ ետք խաղաղապահ զօրակազմի դերը փոխուած է:
«Այժմ, հակաահաբեկչական գործողութեան աւարտէն ետք, ռուս խաղաղապահները ազրպէյճանական ուժերուն հետ միասին կը կատարեն տարածքի հսկողութիւն, շէնքերու եւ մշակութային կառոյցներու պահպանութիւն», նշած է Ռուսիոյ դեսպանը:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ «Ղարաբաղի հարցը փակուած է»` ընդգծելով, որ անցեալ տարիներուն Ռուսիան ջանքեր գործադրած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրը խաղաղ ճամբով լուծելու համար, սակայն չէ յաջողած:
«Այս նիւթը փակուեցաւ սեպտեմբերին զինուորական գործողութեամբ: Ռուսիան միշտ շատ կարեւոր դեր կը խաղայ լուծման հարցին մէջ: Ռուսիան պատրաստ է առաւելագոյն աջակցութիւն ցուցաբերելու երկու կողմերուն միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ: Այժմ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը ուղղակիօրէն կը փոխանակեն խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծերը: Այն, ինչ որ ազրպէյճանական կողմը կ՛առաջարկէ, իմ կարծիքով, ամբողջովին արդարացուած է, օրինաչափ ձեւակերպումներ եւ կէտեր են, որոնք, իբրեւ կանոն, գոյութիւն ունին կողմերուն միջեւ կնքուող խաղաղութեան պայմանագիրներուն մէջ: Եւ սկզբունքօրէն, մեկնելով այն առաջարկներէն, զորս կ՛ընէ Պաքուն, ինծի կը թուի, որ այդ բանակցութիւնները կրնան բաւական արագ աւարտիլ», ըսած է Պաքուի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը:
Ան աւելցուցած է, որ Ռուսիան պատրաստ է տրամադրելու մոսկովեան հարթակ, պատրաստ է անհրաժեշտութեան պարագային տրամադրելու իր փորձաքննութիւնը, պայմանագիրի բովանդակութեան վերաբերեալ խորհուրդներ տալու:
«Այս հարցին մէջ մենք շատ լաւ կը համագործակցինք մեր ազրպէյճանցի գործընկերներուն հետ: Ես կը տեսնեմ, որ Ազրպէյճանը հաստատակամ է շատ արագ աւարտելու խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման շուրջ բանակցութիւնները: Սակայն, ինչպէս գիտենք, բանակցութիւնները աւարտին հասցնելու համար երկու կողմերն ալ պէտք է նման ցանկութիւն ունենան», նշած է Եւտոքիմով:
Խօսելով Հայաստանի տարածքով Ազրպէյճանէն դէպի Նախիջեւան փոխադրամիջոցային երթուղիի մասին` դեսպանը ըսած է. «Ռուսիան պատրաստ էր իր միջոցներով բաւական արագ վերականգնելու այս երթուղին: Տարբեր պատճառներով, որոնք ինծի այնքան ալ յստակ չեն, հայկական կողմը կը ձգձգէ բանակցութիւնները»:
Ան յիշեցուցած է, որ նախորդ տարի Պաքուն եւ Թեհրանը համաձայնագիր ստորագրած են Իրանի տարածքով երկաթուղիի կառուցման մասին:
«Այնտեղ ճամբան աւելի երկար է` 60 քիլոմեթր, երթուղին աւելի բարդ է, սակայն այս աշխատանքները արդէն կ՛ընթանան: Այս բոլոր տարիներուն Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ ինքնաշարժային բեռնափոխադրումները կ՛անցնէին Իրանի տարածքով: Գումարած ասիկա Թուրքիա տանող ճամբան է: Հիմա գլխաւորը Թուրքիայէն Նախիջեւան երկաթուղի կառուցելն է: Կը նախատեսուի կրկնակի գիծ` եւրոպական եւ խորհրդային: Ըստ այնմ, մենք պիտի կարենանք Ռուսիայէն Թուրքիա ապրանքներ տեղափոխել Ազրպէյճանի, Իրանի եւ Նախիջեւանի տարածքով», ըսած է Եւտոքիմով:


