Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ դեսպաններ Էրվէ Մակրոն եւ Խեսուս Սանթոս Ակուատոն:
Հանդիպումին ընթացքին Պու Հապիպ հաստատեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի ամբողջական գործադրութիւնը, իսրայէլեան բանակին կողմէ այդ բանաձեւի խախտումներուն կասեցումն ու իսրայէլեան ուժերուն նահանջը` դէպի միջազգային ճանաչում ունեցող սահմանագիծ, ներառեալ Մազարեհ Շեպաա, ապահովական կայունութիւն կ՛երաշխաւորեն:


