Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Բախումները Կը Շարունակուին

February 13, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ բախումները տակաւին կը շարունակուին Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ:

Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը թիրախ դարձուց Պընթ Ժպէյլի ճամբուն վրայ կառավարական հիւանդանոցին մօտ գտնուող ինքնաշարժ մը, ինչպէս նաեւ ռմբակոծեց Թէյր Հարֆա գիւղաքաղաքը` պատճառելով երկու զոհեր եւ երկու վիրաւորներ:

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ գուժեց իր ոստիկաններէն` տասնապետ Ալի Մոհամետ Նմըր Մեհտիի նահատակութիւնը, նշելով, որ Մեհտի նահատակուած է կիրակի, 11 փետրուար 2024-ին, Հուլայի դէմ իսրայէլեան ռմբակոծումին պատճառով:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Թէյր Հարֆան, Հուլան, Պընթ Ժպէյլը, Ատայսէն, Խիամը, Թալլեթ Աուիտան, Մարուն Ռասը եւ Թիպէն, իսկ իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց Հասպայայի եւ Մազարեհ Շեպաայի վերեւ:

Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Քըրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրին մէջ գտնուող զինուորական դիրք մը` պատճառելով երեք վիրաւորներ. իսրայէլացի սպայ մը եւ երկու զինուորներ:

Դիմադրութեան մարտիկները «Ֆալաք 1» տիպի հրթիռով ռմբակոծեցին նաեւ իսրայէլեան Ռատար, Պրանեթ եւ Զըրհիթ դիրքերն ու հոն գտնուող լրտեսական բոլոր սարքերը:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծած են նաեւ իսրայէլեան Եարուն բնակեցման վայրին մէջ գտնուող շէնք մը, ուր կը գտնուէին իսրայէլացի զինուորներ:

Հըզպալլայի մարտիկներէն Մոհամետ Պաքեր Հասսան Պասսամ եւ Ալի Ահմետ Մհաննա միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:

Նախորդը

Մուսաուի Հանդիպում Մը Ունեցաւ «Ալֆա» Եւ «Թաչ» Ընկերութիւններու Պաշտօնէութիւնը Ներկայացնող Պատուիրակութեան Հետ

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա Նխալէի Հետ Քննարկեց Կազայի Եւ Այսրյորդանանի Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.