Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Ընդունեց Հարիրին` Մաղթելով, Որ Նախկին Վարչապետին Յիշատակը Բոլորը Համախմբելու Առիթ Մը Կ՛ըլլայ

February 13, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին, որ նախանցեալ երեկոյեան հասած էր Լիբանան, իր հօր` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 19-րդ տարելիցին առիթով:

Հարիրիի պաշտօնական դիմաւորումէն ետք, Միքաթի եւ Հարիրի ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Միքաթի ողջունեց Սաատ Հարիրին եւ մաղթեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի յիշատակը բոլորը համախմբելու եւ լիբանանցիներուն ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու առիթ մը ըլլայ:

Սաատ Հարիրի դարձաւ Միքաթիի ճաշի հիւրը: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա, որուն հետ քննարկեց Լիբանանն ու շրջանը յուզող հարցերը:

Վրոնեցքա բարձր գնահատեց Լիբանանի կառավարութեան ճիգերը` հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան առումով դիւանագիտական լուծումի մը յանգելու իմաստով, եւ բախումները կասեցնելու կոչ ուղղեց շրջանի բոլոր ուժերուն:

Միքաթիի այցելուներէն եղաւ նաեւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ:

Քննարկուեցան երկրին ելեւմտական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ պետական մարզի պաշտօնէութեան աշխատավարձի յաւելումին վերաբերող հարցեր:

Միքաթի ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործակատար Ուասիմ Մանսուրին, որուն հետ քննարկեց ելեւմտական հարցեր:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ նաւթ ներածող ընկերութիւններու համախմբումի նախագահ Մարուն Շամմասը, որուն հետ Միքաթի քննարկեց 2024-ի պետական ամավարկի շրջագիծին մէջ պետութեան օժանդակութիւնը վայելող մարզերուն պարագային պարտադրուած տուրքերու դրութիւնը:

Շամմաս խնդրեց վերատեսութեան ենթարկել պետական ամավարկի այդ կէտը, որովհետեւ անիկա ուղղակիօրէն ազդեցութիւն կ՛ունենայ այն ընկերութիւններուն վրայ, որոնք օրինական կերպով գործած են:

Միքաթիի այցելեց նաեւ նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէնութեան մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյրի:

Շքէյր Միքաթիին յանձնեց նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէնութեան 2020-ի, 2021-ի եւ 2022-ի տեղեկագիրները:

Նախորդը

Պըրրի Վրոնեցքայի Եւ Պու Հապիպի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.