Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հաւատարիմ Մնանք Մեր Ազգին Ու Հայրենիքին Խորհրդանիշներուն»

February 12, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց պատմութեան դարաւոր անցեալը վասն հաւատոյ եւ հայրենեաց մղուած խիզախ օրինակներով լեցուն անցեալ մըն է: Որքան ալ տարիներու թաւալումով հեռանանք հայրենասիրութեան եւ արիութեան թարգման հանդիսացող վաղ անցեալի դէպքերէն, նոյնքան կը զգանք կարիքը մօտենալու անոնց պատգամին` կերտել կարենալու համար արդի մեր պատմութեան նոր յաղթանակները: Այսպէս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Սրբոց Վարդանանց տօնը կը նշուի ամէն տարի` սուրբ պատարագի մատուցումով եւ դպրեվանքի սաներուն կազմակերպութեամբ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիրով` կենդանի պահելու համար վարդանաշունչ սուրբ կտակը:

Արդարեւ, հինգշաբթի, 8 փետրուար 2024-ի առաւօտուն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` ձեռամբ լուսարարապետ Կոմիտաս արք. Օհանեանի, որ յաւուր պատշաճի իր քարոզին մէջ հաւատացեալներուն փոխանցեց Վարդանանց ոգին: Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ հակիրճ տողերով ներկայացուց այն միջավայրը, ուր ծնած էր Վարդան Մամիկոնեան. ի դէպ, ըլլալով թոռը նոյն Սահակ Պարթեւ հայրապետին, որ գիրերու գիւտին իր անսակարկ ներդրումով հայկական ինքնութեան պահպանման ռահվիրաներէն է, Վարդան Մամիկոնեան Աւարայրի ճակատամարտը կը մղէր մեկնելով հայ եկեղեցւոյ կրօնական եւ մշակութային զարթօնքի սերունդի դաստիարակութենէն: Քարոզիչ սրբազանը ընդգծեց, որ Վարդանանց ճակատամարտը հայոց պատմութեան կարեւորագոյն դասն է, իսկ հայ եկեղեցին Վարդանանք ու Ղեւոնդեանք հերոսներուն անունները արձանագրեց իր տօնացոյցին մէջ ու զանոնք միացուց մեր եկեղեցական արարողութեանց աղօթասացութիւններուն ու սաղմոսասացութիւններուն: Վերջապէս, Կոմիտաս սրբազան ցաւ յայտնեց ի տես այն հայորդիներուն, որոնք հեռու են Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց շունչէն ու ոգիէն, եւ բոլորին պարտքը նկատեց զանոնք վերադարձնել հայկական ակունքներուն:

Յաւարտ Ս. պատարագին, հայրապետական թափօրի առաջնորդութեամբ, հաւատացեալները ուղղուեցան վեհարանի դահլիճ, ուր դպրեվանքի սաներն ու ներկաները միասնաբար վարդանաշունչ շարք մը երգեր երգեցին: Հուսկ, Արամ Ա. կաթողիկոս ուղղեց իր հայրապետական պատգամը:

Վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ մեր կեանքին մէջ  ազգային խորհրդանիշներու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ անոնք են ազգի մը գոյատեւման երաշխիքը եւ պատմութեան ահաւոր փոթորիկներուն դիմաց յոյս ներշնչողը: «Վա՜յ այն ազգին, որ չունի խորհրդանիշ: Վա՜յ այն ազգին, որ հաւատարիմ չէ իր պապերուն խորհրդանիշներուն», ըսաւ ան` զգուշացնելով, որ, դժբախտաբար, այսօր հայ ազգը, հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, սկսած է կամաց-կամաց հեռանալ իր պապերուն արիւնով ու աղօթքով կերտուած խորհրդանիշներէն: «Այսօր Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ, մեր պատմութենէն ժառանգուած խորհրդանիշները` կրօնական, բարոյական, մշակութային թէ՛ ազգային, սկսած են բովանդակութիւն եւ իմաստ փոխել` այլասերիչ եւ ապազգային մտածումներու ու մօտեցումներու դիմաց: Ցաւալի է այս երեւոյթը եւ անընդունելի», յայտնեց վեհափառ հայրապետը:

Անդրադառնալով Ղեւոնդ Երէց եւ Վարդան Մամիկոնեան ազգային հերոսներուն ու խորհրդանիշներուն` ան ըսաւ, որ անոնք հաւատք-հայրենիք-կրօն անքակտելի միասնութեան եւ հայրենիքի շահերը ամէն բանէ վեր դասելու ազգային յանձնառութեան ապացոյցներն են, որոնք ո՛չ միայն 5-րդ դարուն կը պատկանին, այլեւ իրենց նահատակութեամբ արժեւորեցին ամբողջ հայոց պատմութիւնը: Վերջապէս, խօսքը ուղղելով դպրեվանքի սաներուն` Արամ Ա. կաթողիկոս անոնց թելադրեց հաւատարիմ ըլլալ Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց պատգամին` մանաւանդ ներկայ օրերուն, եւ անոնց յիշատակը կենդանի պահել` իրենց կեանքը շաղախելով անոնց հաւատքով ու հայրենասիրութեամբ:

Վարդանանց յիշատակութիւնը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով ու վեհափառ հայրապետին պահպանիչ աղօթքով:

Նախորդը

«Այս Աշխարհին Մէջ Ազատութիւնն Ու Անկախութիւնը Ուժով Ձեռք Կը Բերուին Եւ Հաւատքով Ու Նուիրումով Կը Պահուին» Պատգամեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Յաջորդը

Արամ Ա Կաթողիկոս Ընդունեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին Եւ Իշխան Սաղաթէլեանը

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.