Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոխան Ափ Մը Հողի. Մարդասէր Բժիշկ, ՀՄԸՄ-ական Ղեկավար, Ազգային Գործիչ Տոքթոր Տիգրան Չափանեանի Մահուան Տասնամեակին Առիթով

February 8, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Տոքթ. Տիգրան Չափանեան` Իտալիա ուսանողութեան օրերուն:

Համեստութեան դափնեպսակը կրող, մարդասէր բժիշկ, ՀՄԸՄ-ական ղեկավար, ազգային գործիչ, տոքթոր Տիգրան Չափանեանի մահուան տասնամեակն է այսօր:

8 փետրուար 2014-ին, սուրիական տագնապի երրորդ տարին, երբ Հալէպ քաղաքը պաշարուած  եւ աշխարհէն խզուած էր, անապահով դրութեան պատճառով եկեղեցւոյ մէջ սակաւաթիւ յուղարկաւորներու ներկայութեան ու Հայոց գերեզմանատունը անհասանելի վայր մը դարձած ըլլալով` անոր մարմինը տեղադրուեցաւ Թեր Սենթ վարժարանի պարտէզներուն մէջ` որպէս ժամանակաւոր դամբան: Հալէպահայութեան հանրածանօթ բժիշկ Տիգրան Չափանեան հողին կը յանձնուէր իր որդւոյն` տէր Գառնիկի աղօթքներով:

Առաքինի, ազնիւ, իմաստուն, անշահախնդիր ծառայող, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի դատին հաւատարիմ պատուական հայորդի մը:

Երբ թղթատենք քսաներորդ դարու առաջին կիսուն Սուրիոյ եւ Լիբանանի մամուլը, այսօրուան մտայնութեան «յոռի» ծանուցումներու պիտի հանդիպինք: Հայ բժիշկներ, որոնք կը հրապարակեն իրենց դարմանատուներուն եւ մասնագիտութիւններուն մասին, ուր շաբաթական օր մըն ալ յայտարարած են` ՁՐԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ԱՂՔԱՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ:

Հալէպի մէջ այդ բժիշկներու նահապետն  էր տոքթ. Յարութիւն Տէր Ղազարեանը`  որպէս մարդասիրութեան անզուգական օրինակ: Մերձակայ Մումպուճ աւանին մէջ գործած է տոքթ. Գարեգին Երէցեանը: Երկուքն ալ Ցեղասպանութենէն վերապրած, գրական ժառանգութիւն ալ ձգած են:

Նոր ժամանակներուն` Հալէպի փառքի օրերուն, թէեւ աղքատ հասկացողութիւնը գրեթէ անհետացած էր, սակայն կարիքաւորներու ծառայութեան կոչուած բժշկական եւ ընկերային հաստատութիւններ կը գործէին:

Այս հաստատութիւններէն Սուրիահայ օգնութեան խաչը, Նոր Գիւղ աւանին մէջ, նախքան այժմու ընկերաբժշկական կեդրոնի կառուցումը, տեղւոյն մասնաճիւղի տնօրինումով, նոյն հողին վրայ ունէր համեստ դարմանատուն մը, որուն այցելու բժիշկն էր Տիգրան Չափանեան:

Այլ հայաշատ շրջանի մը` Պոսթան փաշայի պողոտային վրայ, արդէն հարիւրամեակ մը առաջ հիմնուած էր միջյարանուանական հաստատութիւն մը` ՀԱՅ ԾԵՐԱՆՈՑ-ը, ուր շուրջ հարիւր եւ երեսուն մամիկներ ու պապիկներ կ՛ապրէին: Զանոնք խնամող բժիշկներէն էր Տիգրան Չափանեան:

Հալէպի ազգային վարժարաններու աշակերտներու քննութեան կոչուած նուիրեալ բժիշկներու շարքին կը հանդիպէինք Տիգրան Չափանեանին:

Վերոնշեալ կառոյցներու իր մարդասիրական  ծառայութիւնը կը կատարէր ան` նիւթական համեստ վարձատրութեամբ, որովհետեւ ամէն բանէ առաջ իր կոչումին յանձնառու էր:

Տիգրան Չափանեան ծնած էր Հալէպ, 1929-ին, ան կրտսեր զաւակն էր Ուրֆայէն տարագրուած Ներսէս եւ Մարի ամոլին:

Նախակրթութիւնը Ազգ. Սահակեան վարժարանի մէջ ստանալէ ետք կը յաճախէ Ամերիկեան քոլեճ, ուրկէ 1952-ին կը ստանայ  Sophomore Science-ի վկայականը:

Տարի մը Ազգ. Հայկազեան վարժարանի մէջ ուսուցչագործելէ ետք, որպէս հաշուապահ, չորս տարի կը պաշտօնավարէ հաստատութեան մը մէջ:

Ուսման տենչը զինք կը հասցնէ Իտալիա` Փատովա, ուր կը հետեւի բժշկութեան 1956-1963  տարիներուն:

Վենետիկի մէջ կը մասնակցի Հայ ուսանողներու միութեան հիմնումին, հոն զանազան գաղութներէ եկած ուսանողներ կը համախմբուէին, իւրաքանչիւրը իր գաղութի մասին կը դասախօսէր:

Ծննդավայր վերադառնալով` սպայի աստիճանով կը կատարէ իր բանակային, ապա գիւղական ծառայութիւնը:

Վաթսունական թուականներուն Սուրիան ապրեցաւ իրերայաջորդ վարչափոխութիւններու  եւ քաղաքական վերիվայրումներու շրջան մը, որուն իբրեւ հետեւանք` գաղութի ղեկավար դէմքեր արտասահման գաղթեցին, իսկ տոքթոր Տիգրան Չափանեան այդ բացը գոցելու կոչուած կամաւոր եւ զարգացած անձնաւորութիւններէն մին հանդիսացաւ:

1967-ին  Ազիզիէ շրջանին մէջ կը հաստատէ իր սեփական դարմանատունը:

1968-ին ընտանիք կը կազմէ` կեանքի ընկերուհին ընտրելով Տալիթա Պայրամեանը: Անոնք կը բախտաւորուին երեք շնորհալի մանչերով, որոնք իրենց հօր օրինակին հետեւելով` կը ծառայեն գաղութահայ կեանքին մէջ: Տէր Գառնիկ քհնյ. (Ներսէս) Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ հովիւն է: Րաֆֆին` բժիշկ, Վանքուվըրի մէջ կը վարէ Համազգայինի վարչութեան ատենապետի պաշտօնը: Յովիկը` քիմիագէտ, Ֆիլատելֆիոյ մէջ կը ծառայէ որպէս սարկաւագ:

Հալէպահայ հասարակական կեանքի ծառայութեան անսահման դաշտ մուտքս 1976 թուականին էր, երբ երիտասարդութեան սեմին` մաս կազմեցի տոքթորին գլխաւորած ՀՄԸՄ-ի վարչութեան: Կողքին նստած` ատենադպիրն էի, հանդարտաբարոյ, խոհուն անձնաւորութիւն մը` լրջութեան պիտակը ճակատին: Իր  կողմնացոյցի սլաքը պարկեշտութեան,  ուղղամտութեան, անշահախնդրութեան եւ աշխատասիրութեան կ՛առաջնորդէին մեզ:

Աւելի քան վաթսուն տարիներ ՀՄԸՄ-ը եղաւ իր ծառայութեան առաջին բնագաւառը, արդէն 1942-ին սկաուտական շարքերուն մէջ էր, մինչեւ արտասահման մեկնումը հասած էր վարիչի պաշտօնին: Քոլեճի ուսանողութեան տարիներուն  սկաուտական խումբերուն կը դասախօսէր անգլերէնէ թարգմանած Sir Baden Powel կեանքէն: Մասնակցած էր Էհտենի (Լիբանան) Համաարաբական սկաուտական բանակումին:

1968 թուականէն սկսեալ` աւելի քան երեսուն տարիներ եղած է ՀՄԸՄ-ի տեղական եւ շրջանային վարչութեանց անդամ եւ ատենապետ: Ներկայ եղած է Ընդհանուր ժողովներու, յատկապէս` առաջին ժողովին 1974-ին, Պէյրութի մէջ, լուսահոգի եղբայրներ Պարգեւ Միսիրլեանի եւ Սուրէն Նազարեանի հետ, ուր հիմը դրուեցաւ համագաղութային կառոյցին, եւ ընտրուեցաւ առաջին Կեդրոնական վարչութիւնը:

Սկաուտական բանակումներու մեկնողներուն բժշկական քննութիւնը իր խղճի պարտքն էր, տոքթորին դարմանատան դուռը բաց էր ՀՄԸՄ-ական բոլոր մարզիկներուն առջեւ: Ան անվճար կը կատարէր այս պարտականութիւնը, նաեւ ժողովներու ընթացքին կը քննէր մասնագէտ բժիշկներու դեղագիրները` նախքան անոնց վաւերացումն ու վճարումը:

Այսքան հանդարտ եւ խոհուն մարդուն գրիչը, որով կը ստորագրէր դեղագիրները, օր մը  յանկարծ թռիչք առաւ, դեղագիրի մը սերտողութեան պահուն, անպարկեշտ երեւոյթի մը պատճառով:

ՍՕ Խաչի Ազգային պատսպարանի փոքրիկները  անմասն չէին անոր խնամքէն:

Ժողովական կեանքին մէջ Թիլելի ակումբի երեկոյեան բնակիչներէն էր, նարտի սեղանին դիմաց` ան խաղընկերն էր համեստ արհեստաւորներուն:

Իր յաճախած նախակրթարանին` Ազգային Սահակեան վարժարանին հոգաբարձութեան մաս կազմած էր ան տասնվեց տարիներ անընդհատ` իբրեւ ատենադպիր եւ ատենապետ:

Խորէն Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին հանդիպումը` ՀՄԸՄ-ական պատասխանատուներու
եւ մարզիկներու հետ, Բերիոյ թեմի այցելութեան առիթով, դեկտեմբեր 1972-ին:

Բերիոյ թեմի Ազգային գաւառական ժողովի երեսփոխան ընտրուած էր երկու շրջան` 1968-1988 տարիներուն, մաս կազմելով դիւանին` ատենադպիրի պաշտօնով:

Ազգ. վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամ եղած էր հինգ անգամ` ատենադպիրի եւ ատենապետի պաշտօններով:

Իբրեւ Բերիոյ թեմի պատգամաւոր` երկու առիթներով ներկայ եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովներուն Անթիլիասի մէջ:

Եղբ. տոքթ. Տիգրան Չափանեանի արխիւէն հասած այս նկարը Հալէպի Թիլելի պատմական ակումբին մէջ առնուած է 2 դեկտեմբեր 1981-ին: Վաստակաշատ երէց եղբայրներու պարգեւատրում է, ոմանց ձեռքը յուշադրօշ կայ: Կեդրոնը նստած է Շրջանային վարչութեան ատենապետ Պարգեւ Միսիրեանը: Նստած ձախէն` աջ, 1. Արամ Տէր Ղուկասեան, 2. Ալիշան Աճեմեան, 3. Մանուկ Յովհաննէսեան` «ՄՈՒԽԸ ՄԱՐԷ», 4. Արսէն Տէր Ղուկասեան, 5. Պարգեւ Միսիրեան, 6. (???), 7. Անդրանիկ Աթթարեան, 8. Գէորգ Շահինեան, 9. Յակոբ Քահքեճեան: Երկրորդ շարք` ձախէն աջ, 10. Աբրահամ Աւընեան, 11. Ճորճ Տաուլէ, 12. Սարգիս Ճապաղջուրեան, 13. Սարգիս Ասլան, 14. Թադէոս Թիւթելեան, 15. Անդրանիկ Սեդրակեան, 16. Եդուարդ Ճինոյեան` «ԱՔԵԼԼԱ», 17. Յակոբ Քէշիշեան «Ֆանֆարի ղեկավար», 18. (???), 19. (???), 20. Յովհաննէս Խաչատուրեան: Երրորդ շարք` ձախէն աջ, 21. Պաղտասար Թիւրպենտեան, 22. Աւօ Թումայեան` «ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԱԼՊՈՄ»-ի հրատարակիչ, 23. քոյր Անահիտ Խուպեարեան, 24. քոյր Մարի Պաղտասարեան` «Պաղտիկ», 25. Խորէն Նազարեան, 26. Ալեքսան Իսկենտերեան, 27. Լեւոն Պագգալեան, 28. Զաւէն Տերվիշեան, 29. Տիգրան Չափանեան, 30. Յակոբ Էլէյճեան, 31. Սուրէն Նազարեան:

Ան հալէպահայութեան ներկայացուցիչներէն էր նահանգային կառավարման խորհուրդին մէջ, որուն անդամ ընտրուեցաւ 1976-ին եւ գործեց եօթը տարիներ:

1993-ին` ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան եօթանասունհինգ ամեակին առիթով, Շրջանային վարչութեան կողմէ պարգեւատրուեցաւ «Ծառայութեան» շքանշանով: Ապա 1998-ին  ստացաւ Կեդրոնական վարչութեան գնահատագիրը:

Հայ ծերանոցի պատսպարեալներուն շուրջ քսան տարի ծառայութեան համար 1994-ին խնամակալութեան կողմէ ստացաւ «Գնահատանք Հալէպի Հայ ծերանոցի ծառայութեան» շքանշանը:

5 սեպտեմբեր 1996-ին` «Արաբ բժիշկի օր»-ուան տօնակատարութեան առիթով,  Հալէպի բժշկական սենտիքային կողմէ կը ստանայ վահան ու վկայագիր, ուր գրուած է` «Մնայուն առողջ հաւաքականութեան մը կերտումին ձեր ճիգերն ու ծառայութիւնները մեծապէս գնահատելով` կը տրուի այս վկայագիրը»:

Սուրիահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբը կը պատուէ զինք «Ծառայող բժիշկ» գնահատագիրով` 30 մարտ 2007-ին:

Ազգ. Սահակեան վարժարանի հիմնադրութեան ութսունամեակի տօնակատարութեան ընթացքին, 1 դեկտեմբեր 2007-ին գնահատագիր կը ստանայ վարժարանին մէջ երկարամեայ վաստակաշատ ծառայութեան համար:

1982-ին Բերիոյ թեմի Ազգային իշխանութեան կողմէ կը ստանայ «Գիր օրհնութեան եւ գնահատանքի»:  Իր անդրանիկ այցելութեան ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը  կը պարգեւատրէ զինք «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշանով, 10 ապրիլ 1996-ին:

Սփիւռքահայ կեանքին մէջ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան երդուեալ շարքայիններու կողքին, կը գործէ համակիրներու հաւատաւոր  բանակ մը` ազգային կեանքի եւ յարակից միութիւններուն մէջ:

Տոքթոր Տիգրան Չափանեան այդ բանակի գաղափարապաշտ զինուորը մնաց մինչեւ իր վերջին շունչը:

Տոքթորը մեր ընտանիքին բարեկամն էր, հաճելի էին հօրս սրտակիցներուն հաւաքները, այլ ազգայիններու` դոկտ. Վազգէն Սելեանի, գնդապետ Ժոզեֆ Պայրամեանի եւ իրենց կիներուն ներկայութեան, պլոթի սեղանին շուրջ, ան աշխուժ եւ զուարթախօս անձնաւորութիւն մըն էր:

Իբրեւ բժիշկ, Հալէպի մտայնութեան խորթ, ժամանակէն առաջ հասած էր: Ախտաճանաչումի ընթացքին որոշում կայացնելու համար յաճախ կը դիմէր իր գրադարանին, երեւոյթ մը, որ այսօրուան արդի ժամանակներուն բժիշկները կ՛ընեն իրենց դիմաց բաց համակարգիչի ճամբով` հասնելու բժշկական աշխարհի ծալքերուն:

Ան դեղեր պատուիրելու հարցով ժլատ էր, բան մը, որ կը խնայէ հիւանդին նիւթականը, եւ դարմանումը բնական  ուղղութեան մէջ կը դնէ` բարդութիւններու առաջքը առնելով:

Թերեւս տոքթորին մահուան օրերուն էր, տասնամեակ մը առաջ, երբ Ժընեւի բժիշկիս կը տեղեկացնէի անոր միջամտութեան մասին: Զգայնութիւն ունենալով գետնապիստակին հանդէպ,  հակազդեցութիւնը եղաւ կոկորդիս սեղմումը եւ շնչահեղձ վիճակ մը, տոքթորը շտապ օգնութեան ինքնաշարժի արագութեամբ հասաւ եւ սրսկում մը ընելով` շնչառութիւնս վերականգնեց:

Ժընեւի բժիշկս հաստատեց, որ տոքթոր Տիգրանը կեանքս փրկած էր:

Սուրիահայ գաղութի պատմագիրը իր աշխատասիրութեան ընթացքին պիտի հանդիպի Տիգրան Չափանեան բոլորանուէր հայ մարդուն, որ յարգուած էր գաղութահայ հոսանքներուն կողմէ անխտիր: Անոր գործունէութիւնը դաստիարակիչ ու ներշնչման օրինակ պիտի հանդիսանայ գալիք սերունդներուն:

Իր մահուան տասնամեակին առիթով, անոր յիշատակին վերականգնումը երախտագիտական պարտաւորութեան մը գիտակցութեամբ, կ՛արտագրեմ իր ինքնակենսագրութեան վերջաբանը. «Հպարտութեամբ կը կրեմ ՀՄԸՄ-ի պեճը կուրծքիս վրայ, ՀՄԸՄ-ով բարձրացած ըլլալու երջանկութիւնը ունիմ սրտիս մէջ: Աշխատած եմ  իմ լաւագոյնը տալ միութեանս»:

Ժընեւ          

 

Նախորդը

«Վասն Հաւատոյ Եւ Վասն Հայրենեաց»(Վարդանանց Տօնին Առիթով)

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Տալաս Յաղթեց Պրուքլինի Մէջ. Ֆինիքս Յաղթեց Պաքսի

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.