Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակ. Այսօր` Յորդանան – Հարաւային Քորէա

February 6, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր ժամը 17:00-ին, Քաթարի մէջ տեղի ունեցած Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի 18-րդ մրցաշարքի կիսաւարտականի առաջին մրցումին, Յորդանան պիտի մրցի Հարաւային Քորէայի դէմ:

Քառորդ աւարտականին Յորդանան 1-0 արդիւնքով դուրս ձգած էր Տաճիկիստանի ազգային խումբը, շնորհիւ Վախտաթ Խանոնովի իր բերդին մէջ նշանակած կոլին, 66-րդ վայրկեանին: Հարաւային Քորէա իր կարգին դժուարութեամբ հասաւ կիսաւարտական` դուրս ձգելով Աւստրալիան 2- արդիւնքով, յետ երկարաձգման:

Քրէյկ Կուտուին 42-րդ վայրկեանին նշանակած էր Աւստրալիոյ կոլը` ամբողջութեամբ տիրապետելէ ետք առաջին կիսախաղին: Երկրորդ կիսախաղին, Քորէա փոխադարձեց 96-րդ վայրկեանին նշանակելով փենալթիով կոլ մը: Երկարաձգումի Թոթենհամի յառաջապահ Սոն Հիոնկ-Մին 104-րդ վայրկեանին նշանակեց Հարաւային Քորէայի 2-րդ կոլը, որմէ քիչ ետք, Աւստրալիա ստիպուեցաւ մրցումը շարունակել 10 մարզիկով, երբ Էյտըն Օ՛նիլ երկարաձգման յաւելուած վայրկեաններուն կարմիր քարտ ստացաւ: Պէտք է ըսել, որ երկարաձգման ամբողջ 30 վայրկեաններուն Աւստրալիա բնաւ չկրցաւ վտանգել Հարաւային Քորէայի բերդը:

Նշենք, որ Յորդանան եւ Հարաւային Քորէա Ե. խմբակին մաս կը կազմէին (Ա. հանգրուանին), եւ իրար դէմ ճակատումը աւարտած էր 2-2 արդիւնքով, ուր Քորէա 91-րդ վայրկեանին նշանակած էր հաւասարութեան կոլը:

Վաղը տեղի կ՛ունենայ կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը, որուն ընթացքին հիւրընկալ Քաթար պիտի մրցի Իրանի դէմ, նոյն ժամուն (17:00):

Քաթար փենալթիներով դուրս ձգած էր Ուզպեքիստանը (3-2) մրցումին արդիւնքը 1-1 արդիւնքով աւարտելէ ետք:

Քաթար համեմատաբար աւելի լաւ էր առաջին կիսախաղին եւ 27-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ Ութքեր Եուսուփովի (սխալմամբ իր բերդին մէջ), բայց Բ. կիսախաղին Ուզպեքիստան ամբողջովին տիրապետեց եւ կրցաւ հաւասարիլ շնորհիւ Օտիլտժոն Խամրոպեքովի` 59-րդ վայրկեանին:

Երկարաձգումին Քաթար աւելի լաւ էր Ուզպեքիստանէն, բայց որեւէ մէկը չկրցաւ կոլ նշանակել, եւ Քաթար փենալթիներով դուրս ձգեց Ուզպեքիստանը:

Իրան 2-1 արդիւնքով դուրս ձգեց Ճափոնը: Ճափոն կրցաւ 28-րդ վայրկեանին բանալ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ Մորիթա Հիտեմասայի, բայց Իրան կրցաւ հաւասարիլ` շնորհիւ Մոհամետ Մոհեպիի (55-րդ վայրկեանին) եւ 96-րդ վայրկեանին շնորհիւ Ալիրեզա Ժահանպախշի:

 

Նախորդը

Ափրիկէի Ֆութպոլի Բաժակ. Վաղը` Նիկերիա – Հարաւային Ափրիկէ Եւ Փղոսկրեայ Ափունք – Քոնկօ

Յաջորդը

Սառոյցի Վրայ Պար. Սեմիոն Տանիլեանց Ախոյեան

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.