ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Պատմական.- Խոցի հոգեբանական եզրը` «Trauma», կու գայ յունարէնէն: Մեր թուագրութենէ աւելի քան հազարամեակ մը առաջ սկսած արեւելեան Միջերկրականի քաղաք-պետութիւններու միջեւ, ինչպէս եւ Պարսկական կայսրութեան դէմ մղուած պատերազմները կը պատճառէին մահ, աւեր, կորուստ եւ մարմնական հաշմում, զոր այդ դարերու բժշկութիւնը անկարող էր դարմանել: Պատերազմի խոցը ցցուն կերպով առկայ էր զինուորներու մօտ, որոնք ոչ միայն ենթակայ էին իրե՛նց մահուան, այլ նաեւ անմիջական վկաները մահուան` իրենց զինակից ընկերներուն եւ հակառակորդներուն, զորս իրենք խոցած էին այնքան մօտէն, որ ականատես եւ ականջալուր ըլլային անոր դաժան վախճանին: ՆՔ Ե. դարու տաղանդաւոր թատերագիրներ Սոփոկլես, Եւրիպիդէս եւ Էսքիլէս պատերազմի վեթերաններ եղած են. առաջին երկուքը` որպէս զօրավարներ: Պատերազմիկ հերոսներու հոգեկան խանգարումները տեղ գտած են անոնց շարք մը գործերուն մէջ: Զինուորներու պատերազմէն խորշանքը ի հարկէ ձեռնտու չէր: Արիանալու համար անոնց կը տրուէր մրտիտակ (Hellebore) ծաղիկէ պատրաստուած խմիչք մը: Ականաւոր կատակերգակ Մենանտեր (342-292 ՆՔ) ունի «Մրտիտակ խմողներ» վերնագիրով գործ մը: Հոգեկան խոցէ տառապող զինուորներ կը պատժուէին որպէս դասալիքներ:
«Սոփեստներու հայր» ճանչուած Կորկիաս (483-376 ՆՔ) առաջինն էր, որ դիտել տուաւ, թէ խոցահար մարդիկ պէտք չէ դատապարտուին, եւ թէ` անոնց վարմունքը անխուսափելի է, կամքէ անկախ: Ի դէպ, 107 տարի ապրած փիլիսոփայ դիւանագէտը խոր հետք ձգած է բազմաթիւ մարզերու մէջ: Պղատոն անոր յատկացուցած է ամբողջ գիրք մը:
Պատերազմի պատճառով հաւաքական խոցի բներգով ինծի ծանօթ առաջին ողբերգութիւնը` «Տրովադայի կիները» (յունարէն Թրոատէս, 415 ՆՔ), կը պատանի Եւրիպիդէսի: Ի պատիւ հանճարեղ աթենացիին, թատրերգութեան խոցահար կերպարները ոչ թէ իր քաղաքացի այրերն են, այլ` կործանած հակամա՛րտ քաղաքի կիները: Յոյները բոլոր տղամարդիկը խողխողելէ ետք վերջին արու մանուկը նետած են անառիկ պարիսպներն ի վար, ի հարկէ` մօր աչքին առջեւ: Գերեվարուած կիներ, ներառեալ` ազնուազարմ խրոխտ թագուհի Հեքուպա, այժմ պիտի դառնան ջարդարարներու ստրուկները:
Տեսական.- Արիստոտէլ իր հիմնադրական երկ «Poetics»-ի մէջ թատրոնը համարած էր նմանակութիւն (mimesis), կրկնութիւն, վերապրում: Խոցը այդ առումով թատերական է, որովհետեւ վերապրումն է ցաւոտ անցեալի մը:
Խոցի առաջին տեսաբանը, նոյնինքն` Կորկիաս, գրած է. «Խօսքը, կրնայ փարատել վախը, ամոքել վիշտը կամ կրկնապատկել ուրախութիւնը: Խօսքը, կատարումը յունական քաղաքը բնորոշող գործունէութիւն էր»:
Մօտիկ անցեալին բեմադրուած «Սեւազգեստ կինը» թատրերգութեան բացման տեսարանին մէջ մղձաւանջէ տառապող գլխաւոր կերպար «դերասանը» կարիք ունի պատմելու, որպէսզի հոգեպէս հանգստանայ:
Պատումը կը պահանջէ ունկնդիր: Թատրոնը ճիշդ այն վայրն է, ուր պատումը կրնայ գտնել ունկնդիր եւ ականատես հաւաքականութիւն:
Այստեղ կը լսուի Հեքուպայի թատերական ողբը. «Վա՜յ ինձ, վա՜յ ինձ, ի՞նչ բառերով կրնամ պատմել …»:
Ա՛յդ է հիմնական հարցադրումը. ինչպէ՞ս պատմել անպատմելին, անասելին:
Թերեւս այս է բացատրութիւններէն մէկը, թէ ինչո՛ւ Հայոց ցեղասպանութենէն բազմաթիւ վերապրողներ կը խուսափին պատմելէ:
Շարք մը տեսաբաններ կ՛առաջադրեն, որ լեզուն, այսինքն` նշանագիր խօսքը, անկարող է արտայայտել արհաւիրքը (1): Թատրոնը, սակայն, բազմաթիւ արտայայտչական միջոցներու համադրում է, ոչ` պարզապէս բանաւոր պատում: Բազմաթիւ բեմադրութիւններ կը փորձեն ձայնային եւ շարժա-գեղագիտական (kinaesthetic) մնջախաղի միջոցներով հանդիսատեսին մէջ ներզգայնութիւն յառաջացնել աղէտահարներու հանդէպ: Կողքի լուսանկարը առնուած է Սերպիոյ մէջ յետ սպանդներու հիմնուած DAH (շունչ, հոգի… «դուխ») թատերախումբի ելոյթէ մը (2):
Արեւմուտքի մէջ, ըստ թատերախումբի քաղաքական դիրքորոշումի, աղէտի թատր (traumascape) կը նշանակէ 9/11, Իրաք, Պոսնիա, Ռուանտա եւ այլն (3): Թուրքերու համար ծանր խոց էր Պալքաններու անկախացումը, երբ հարիւր հազարաւոր թուրքեր արտաքսուեցան: Թուրք արժանապատուութեան համար յատկապէս ծանր էր նախկին «ռայա»-ներու կողմէ ստորացուիլն ու կոտորուիլը (4): Հայկական աղէտներուն կ՛անդրադառնամ առանձին:
Թատրոնը եւ խոցը կը կայանան ներկայ-բացակայի, իրական-երեւակայականի սահմանային տարածքներու (liminal space) մէջ: Երկուքն ալ չքանալէ ետք կ՛ապրին յիշողութեան մէջ: Ներկայի բաղադրիչ անցեալի աւելցուքներ:
Քաղաքական.- Մշակոյթը իմաստ ստեղծող համակարգ մըն է, որ կը ծառայէ տուեալ հաւաքականութեան գոյատեւման: Հաւաքական խոցի յարացոյցը (paradigm) կը կառուցուի, կը համադրուի` ըստ իշխող մշակոյթի քաղաքական արեւելումին: Այդ յարացոյցը անդադար կ՛ամրապնդուի պաշտօնապէս վաւերացուած ծէսերով… ներողութիւն` հանդիսութիւններով, գրականութեան, արուեստի եւ նոյնիսկ ճարտարապետական կառոյցներով, ինչպէս` Նիւ Եորքի 9/11 համալիրը եւ … Ծիծեռնակաբերդը: Յարացոյցը անհատին կու տայ «ճամբու քարտէզ մը, որ ցոյց կու տայ, թէ ո՛րն է խոցին մօտենալու ուղղափառ ուղին (5): Հարկ է, որ հաւաքական խոցի թատերական դրսեւորումները համատեղելի ըլլան տիրող յարացոյցին, այլապէս կը մերժուին (6):
Ժառանգուած եւ յարադրական խոցեր.- Մայրս կը տեսնուի «Թռչնոց բոյն»-ի թանգարանի գլխաւոր սրահի ճակտին տեղադրուած որբերու խմբական լուսանկարին մէջ: Հայրս` փայլուն աշակերտ մը, նախակրթարանը աւարտած է Հալէպի մէջ, երբ արդէն իսկ 17+ տարեկան չափահաս երիտասարդ էր: Կը պատկանիմ տարագիր Բ. սերունդի: Լաւ կը հասկնամ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ժառանգուած խոց:
Յարադրական (prostհetic) «յիշողութիւն»-ը երկրորդ սերունդի գիտակցութեան մէջ կը պատուաստուի առաջին հերթին իրենց խոցահար ծնողներու եւ այլ հարազատներու կողմէ: Արհեստական, յարադրական անդամները ի հարկէ լիարժէք կերպով չեն գործեր իբրեւ սրունք կամ ձեռք, բացի ատկէ` մնայուն ցուցանիշերն են ցաւոտ հաշմութեան: Յարադրական յիշողութիւնը եւս ոչ լիարժէք եւ ախտաւոր է: Այս մասին կայ լայն գրականութիւն (7): Ինծի ծանօթ են Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած դաշտային երկու ուսումնասիրութիւններ: Առաջինին արդիւնքը ցոյց տուած է, թէ Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդ սերունդի հայերուն մօտ բարձր են անձկութիւնն ու ճնշուածութիւնը (anxiety եւ depression բարձր PHQ-9 and GAD-7 չափանիշներ) (8): Երկրորդը մագիստրոսական աւարտաճառ մըն է, որ ցոյց կու տայ, թէ Ցեղասպանութեան ժառանգուած հաւաքական խոցը պատճառ դարձած է, որ գաղութը սերտ կառոյց ըլլայ, եւ անոր անդամները աւելի համանման գաղափարական ուղղուածութիւն ունենան ազգային հարցերու հանդէպ (9):
Թատրերգութիւններ .- Ծանօթ եմ Ցեղասպանութեան բներգով 8 գործերու, որոնցմէ չորսը (ցանկին վրայ` «Դ.»-ով նշուած) դիտելու առիթ ունեցած եմ: Նախ` օտար հեղինակներ.
Ա.- «Անանուն» (Nameless) Devon Jackson, 2014 – Չորս վերապրող կիներ կը վկայեն:
Բ.- «Ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ»: (I Wish to Die Singing), Neil McPherson, 2015, Սիամանթոյի ոտանաւորի ներշնչումով, վաւերագրական բնոյթի:
Ծանօթ1.- Առաջինը եւ երկրորդը յօրինուած եւ ներկայացուած են Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ, թատերական համալսարանի սեւամորթ ուսանողներու կողմէ, քաղաքական առաջադրանքով` Թուրքիան դատապարտող հանրագրութեան մը համար ստորագրութիւններ հաւաքել:
Գ.- «Լուսաբաց» (Daybreak), Joyce Van Dyke, երկու վերապրող կիներու պատումը` իրենց տարագրութեան, Խարբերդէն մինչեւ Հալէպ: Աներեւակայելի խոցը ներկայացուած է գերիրապաշտ մօտեցումով, կը ներառէ խորհրդանշական պատկերներ, ինչպէս` ջրհեղեղ: Հեղինակը յայտնած է, որ թատրերգութիւնը միջոց մըն է պայքարելու համար Արեւմուտքի հաւաքական յուշակորուսութեան (amnesia) դէմ (10):
Դ.- «Հրէշը լուսնի վրայ» (Beast on the Moon), Richard Kalinoski 1992 («Դ.») Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ առանձին փրկուած իրարու անծանօթ Արամ եւ Սեդա կ՛ամուսնանան Փարիզի մէջ, բայց անկարող են ծննդաբերելու: Այդ այլաբանական խորհրդանիշ կրնայ ըլլալ անդարմանելի հաշմուածութեան: Զոյգը փակուած են անցեալի կիսկատար լուսանկարներու մէջ: Լուծումը կու գայ որդեգրելով որբուկ մը: Կը թուի, թէ սրտառուչ թատերակը կը թելադրէ փակել ջլատող, ցաւոտ էջը եւ սփոփանքը գտնել` ըստ կարելւոյն նոր կեանք սկսելով օտար ափերու վրայ:
(Շար. 1)
————————-
- Այս ուղղութեամբ հիմնադրական աշխատանք է P.Duggan «Զգալ ներկայացումը, յիշել խոցը» (Feeling Performance, Remembering Trauma), Platform, Receiving Reception, Vol. 2, No. 2, 2007.
- Տես, օրինակ, «Խոցի կատարումը յետ հակամարտութեան բեմերու վրայ» (Performing trauma on post-conflict stages) Kate Donoghue դեկտորական աւարտաճառ, 2021:
- Ինծի ծանօթ արդի օրինակներ են.- Harold Pinter Ashes to Ashes (1996) (Նացի եղեռն), Zinnie Harris Midwinter (2004) Անորոշ ռազմաճակատի բնակչութիւն, Simon Stephens Motortown (2006) Իրաք, Owen Sheers The Two Worlds of Charlie F. (2012) Աֆղանիստան:
- Այդ աղէտալի էր մեզի համար, որովհետեւ երիտթուրքեր արտաքսուած թուրքերը` տեղաւորեցին տեղահանելով հայերը: Հետագային նաեւ տեղահանելով Պոնտոսի յոյները: Այդ կոչուեցաւ «փոխանակում» (մուպետելէ):
- Յիշողութեանս մէջ խարանուած է նախակրթարանի տարիներուն իմ մասնակցած առաջին Ապրիլեան հաւաքը, երբ մեր կիսագրագէտ տնօրէնը մեծ խանդավառութեամբ ատենաբանեց Տէր Զօրի անապատի աւազներուն վրայ իր սովահար զաւկին այբուբենը սորվեցնող մայրերու մասին: Այդ տարիքին իսկ զգացի, թէ «ինչ որ բան էն չի»:
- Տես, օրինակ, Paul W Wilson II-ի դոկտորական աւարտաճառը.- Collective traumatic memory and its theatrical models 2014 «Հաւաքական խոցահար յիշողութիւնը եւ անոր թատերական կաղապարները»:
- Տես, օրինակ Marianne Hirsch «The Generation of Postmemory» 2012, հիմնադրական երկ է Alison Landsberg-ի «Prosthetic Memory The Transformation of American Remembrance in the Age of Mass Culture» 2004.
- Aintablian HK եւ այլք Direct ancestry to a genocide survivor has transgenerational effects on mental health; a case of the Armenianpopulation, MOJ Public Health ,Volume 7 Issue 4 – 2018.
- Ատրինէ Պապահեքեան, «Հայկական ցեղասպանութիւնը եւ անդրսերնդային խոցը», (The Armenian Genocide and the Transgenerational Cultural Trauma) 2019.
- Երեք հեղինակները մակերեսային տեղեկութիւն ունին եղելութիւններու շուրջ: «Մեզիրեհ», օրինակ ոչ թէ Խարբերդն է, այլ այդ շրջանին մէջ գտնուող կալանավայր մը ուր կ՛առաջնորդուէին հայ տղամարդիկ, ոչ կանայք:
