«Ազրպէյճանը Եւրոպական Միութեան եւ դաշինքի անդամ երկիրներու յուսալի գործընկերն է, մեր երկրին նկատմամբ երկակի չափանիշներ կիրարկելը եւ անարդար մօտեցում դրսեւորելը չի նպաստեր շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման», յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Չեխիոյ խորհրդարանի Պատգամաւորներու տան նախագահ Մարքեթա Փեքարովայի հետ հանդիպման ժամանակ:
Ազրպէյճանական պետական լրատուամիջոցներուն համաձայն, Պայրամով նաեւ ըսած է. «30 տարուան ընթացքին առաջին անգամ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան իրական պայմաններ կը ստեղծուին, եւ Եւրոպական Միութեան ու անդամ որոշ երկիրներու կողմէ որեւէ պատրուակով Հայաստանին ռազմական օգնութիւն տրամադրելը կամ հովանաւորչութեան ճանապարհով Հայաստանին խաղաղ գործընթացէն դուրս բերելը վնաս պիտի հասցնէ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատումին»:


