Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 1, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակը յունուար ամսուան ընթացքին ձախողցուցած է 900 սուրիացի տեղահանուածներու Լիբանան ապօրինի մուտքը` լիբանանեան-սուրիական ցամաքային սահմաններէն:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց երեսփոխան Էտկար Թրապուլսին, որուն հետ քննարկեց Պէյրութի կարիքները: Մաուլաուիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Քըրթ Ճորճ Շթուքըլ Շթիլֆրիտ: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Մաուլաուի ընդունեց նաեւ նախկին երեսփոխան Մանսուր Ղանեմ Պոնը, որուն հետ քննարկեց Քեսրուանի վերաբերող հարցեր:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ ընդունեց նախկին երեսփոխան Էտի Մաալուֆը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի: Կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց գերիշխանականներուն ջանքերը մէկտեղելու` երկրին որոշումը հակակշռել փափաքող փորձերուն դիմաց: Անդրադառնալով մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին դէմ կատարուած ցեխարձակումներուն` Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը հաստատեց, որ դասալքութեամբ ամբաստանելու պայքարները ոչինչ կը փոխեն ազատականներէն:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ խստիւ դատապարտեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին դէմ շղթայազերծուած արշաւը` հաստատելով, որ անիկա ոչ մէկ ձեւով կ՛օժանդակէ Լիբանանի ազգային շահերը պաշտպանելու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա կոչ ուղղեց բոլորին ներքին երկխօսութիւն մը կատարելու իմաստով արտաքին ճիգերուն ընդառաջելու` վերջ տալու համար նախագահական դատարկութեան փուլին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը ներքին քաղաքական խաղերուն մաս չի կազմեր` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը պատրաստ է պաշտպանելու Լիբանանը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընը` ներկայութեամբ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի եւ երեսփոխան Ուաէլ Պու Ֆաուրի: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Մարոնի միաբանութեան նախագահ աբբահայր Հատի Մահֆուզը, որուն հետ քննարկեց ազգային, ընկերային եւ կրթական շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ այդ առումով Մարոնի միաբանութեան ունեցած դերակատարութիւնը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը պատրաստ է պատերազմի կամ ապահովական մագլցումի ամէն տեսակի հաւանականութեան: Ան հաստատեց, որ նախ եւ առաջ պէտք է Միացեալ Նահանգները դատավարութեան ենթարկել, որովհետեւ անոնք են պատերազմը երկարաձգելու հիմնական որոշումին մեղսակիցները:

 

 

Նախորդը

Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարար. «Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Համար Ժամանակի Կը Կարօտինք»

Յաջորդը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դատապարտեց Յորդանանի Սահմանին «Ամերիկացի Անհատներու» Վրայ Կատարուած Յարձակումը

RelatedPosts

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը`  Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու  Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»
Լիբանանեան

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը` Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»

October 19, 2026
Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ»  Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում
Լիբանանեան

Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ» Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում

October 19, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.