Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատանիներու Խոստման Արարողութիւն Այնճարի Մէջ

February 1, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 28 յունուարի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութեանց  Ընդհանուր վարիչ մարմնին հովանաւորութեամբ ու կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ Այնճարի  ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան անդամներու խոստման արարողութիւն` կնքահայրութեամբ արցախցի հրապարագիր ու երկու նահատակներու հայր Միքայէլ Հաջեանի:

Լիբանանի, Հայաստանի ու Արցախի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկին բացումը կատարեց ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անդամ Խաժակ Հերկելեան, որ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Սումկայիթի ջարդերուն 36-րդ տարելիցը: Ան ողջունեց Միքայէլ Հաջեանի Այնճար այցելութիւնը, անդրադարձաւ  Արցախի մէջ համագիւղացի Գէորգ Հաճեանի ու արցախցի Նորայր Հաջեանի նահատակութեանց: Հերկելեան շեշտեց կարեւորութիւնը այս ձեռնարկին` յիշեցնելով Գարեգին Նժդեհի իմաստուն խօսքը` «Եթէ կ՛ուզես տեսնել ազգի մը ապագան` նայիր անոր երիտասարդութեան»: Աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՅԴ ԼՊՄ ԸՎՄ-ի կատարած այս նախաձեռնութեան` յայտնելով, որ կոմիտէն պիտի շարունակէ միշտ թիկունք կանգնիլ պատանեկան միութեան:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ «Յառաջ» միութեան կրտսերներու Կաղանդին առթիւ պատրաստած տեսերիզը, որուն մէջ անոնք իրենց պահանջատիրութիւնը կը յայտնեն Արցախի հողային տարածքին ու խաղաղութեան:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան  պատանիներէն Նազէ Այնթապեան` դաշնակով, իսկ Լիլի Գապագեան` երգով:

ՀՅԴ ԼՊՄ Ընդհանուր վարիչ մարմինի Այնճարի ներկայացուցիչ Սալբի Թաշճեան իր խօսքին մէջ  լուսարձակի տակ առնելով  դաշնակցական պատանիին պատրաստութեան կարեւորութիւնը` ըսաւ. «Այսօր կը հաղորդուինք դաշնակցական պատանիին խոստումով` զանոնք հրաւիրելով այն յանձնառութեան, որ իր դաստիարակիչ միջոցներով պիտի ծանօթացնէ, սորվեցնէ եւ իւրացնել տայ հայկական արժէքները, որոնք կը ներկայացնեն մեր ազգային, քաղաքական, յեղափոխական, մշակութային հարստութիւնը, եւ որոնք մեր ինքնութեան ու յարատեւութեան ցուցանիշը կը հանդիսանան` իբրեւ անձեռնմխելի ու անզիջելի ժառանգութիւն»:

Խօսքը ուղղելով  պատանիներուն` Թաշճեան յայտնեց. «Բոլորիս ակնկալութիւնն է, որ ձեր խոստումը խթան հանդիսանայ ձեր աշխատանքին, ձեր միտքը ըլլայ պայծառատես ու արդար, ձեր ազնուութիւնը գերազանցէ նեղ անհատականը, ձեր քայլերը առաջնորդուին մեր քաջարի հերոսներուն հետքերով` դէպի ազատ, անկախ ու Միացեալ Հայաստանի տեսլականով»:

Ապա Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան կնքահայրը եւ անոր ունեցած  բազմավաստակ գործունէութիւնը ազգային ու հրապարակային ծիրին մէջ:

Միքայէլ Հաջեան իր «հարազատ տան» մէջ զգալով` Այնճար այցելութիւնը կարեւոր նկատեց հաղորդակից դառնալու ժողովուրդին հետ: Ան անդրադարձ կատարեց Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն, տեղահանութեան եւ նորօրեայ մարտահրաւէրներուն ու հետագային առնուելիք քայլերուն: Ան համոզում յայտնեց, թէ Հայաստանի եւ Արցախի փրկութիւնը կը տեսնէ սփիւռքի աջակցութեան մէջ` բարոյական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ բոլոր առումներով:

Օրուան կնքահայրը հաստատեց, որ Հայաստանն ու Արցախը պէտք է ըլլան համայն հայութեան հայրենիքը, եւ բոլոր հայերը պէտք է իրաւունք ունենան մասնակցելու հայրենիքի հզօրացման ու բարգաւաճման` բոլոր մարզերուն մէջ:

Հաջեան իր խօսքը աւարտեց` բեմ հրաւիրելով պատանիները, կատարելու համար իրենց խոստման արարողութիւնը:

Ապա ՀՅԴ « Յառաջ» պատանեկան միութիւնը  յուշանուէրով մը պատուեց օրուան կնքահայրը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով:

Յայտնենք, որ Միքայէլ Հաջեան օրուան ընթացքին այցելութիւն տուաւ նահատակ Գէորգ Հաճեանի ընտանիքին եւ գիւղի տարբեր  հաստատութիւններու ու կեդրոններու:

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Մտքեր- 2. Երբ Սանձերդ Կը Յանձնես Օտարներուն

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.