Գերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուած (գտնուելու վայրը անյայտ) անձերու հարցերով զբաղող միջգերատեսչական յանձնախումբը, ի պատասխան Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տարբեր պետական մարմիններու կողմէ պարբերաբար շրջանառութեան մէջ դրուող թեզին, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը հրաժարի տեղեկութիւններ տրամադրել Ազրպէյճանի անհետ կորսուած քաղաքացիներուն մասին, հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Ի պատասխան Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տարբեր պետական մարմիններու կողմէ պարբերաբար շրջանառութեան մէջ դրուող թեզին, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը մերժէ տեղեկութիւններ տրամադրել Ազրպէյճանի անհետ կորսուած քաղաքացիներուն մասին, անհրաժեշտ կը նկատենք ընդգծել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը 2020 թուականի նոյեմբերէն ի վեր Ազրպէյճանի Հանրապետութեան փոխանցած է 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին զոհուած 51 ազրպէյճանցիներու մարմիններու, ինչպէս նաեւ 90-ականներուն զոհուած շուրջ 50 անձերու մարմիններու գտնուելու հաւանական վայրերուն մասին տեղագրական նիւթեր, որոնք ստացուած են Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներէն:
«Անհրաժեշտ կը նկատենք յիշեցնել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 993 քաղաքացիներ եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայեր կը նկատուին անհետ կորսուած 90-ականներու սկիզբէն, 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին եւ ատկէ ետք Հայաստանի Հանրապետութիւնը լրջօրէն հետաքրքրուած է անոնց ճակատագիրներու պարզաբանումով:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը բազմիցս, ներառեալ բարձր եւ բարձրագոյն մակարդակով յայտարարած է, որ պատրաստ է անհետ կորսուած նկատուող անձերու ճակատագիրը պարզելու ուղղութեամբ համագործակցելու Ազրպէյճանի Հանրապետութեան հետ:
«Գերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուած (գտնուելու վայրը անյայտ) անձերու հարցով զբաղող Հայաստանի Հանրապետութեան միջգերատեսչական յանձնախումբը ի կատարումն 7 դեկտեմբեր 2023-ին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի վարչակազմի միացեալ յայտարարութեան մէջ արձանագրուած համաձայնութեան` վստահութեան կառուցման աւելի շատ քայլեր կատարելու վերաբերեալ, Ազրպէյճանի համապատասխան կառոյցին կ՛առաջարկէ աշխուժացնել համագործակցութիւնը»:


