Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Սթոքհոլմէն Եկած Անգարայի Հարուածը Մոսկուային

January 31, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ կողմէ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի  անդամակցութեան դէմ դրուած արգելքի վերացումը սպասուած քայլ էր: Ուաշինկթընը առաջադրած էր սկանտինաւեան երկու երկիրներու անդամակցութիւնը ՕԹԱՆ-ին: Պայմաններ բեմադրելէ եւ  պատրուակային ձգձգումներէ ետք պարզ էր, որ Անգարան համաձայն պիտի ըլլար ըստ էութեան Ռուսիոյ դաշնութիւնը ՕԹԱՆ-եան ուժերով դարպասելու Միացեալ Նահանգներու կամ ընդհանրապէս հաւաքական Արեւմուտքի պահանջին: Խնդիրը ուղղակիօրէն դրուած էր Միացեալ Նահանգներու կողմէ, եւ Անգարային ի վերջոյ շատ խուսանաւելու տեղ չէր մնար:

Անգարայի խաղը հասած է վերջնագիծին եւ Շուէտի դէմ դրուած արգելքը վերցուած է: Մոսկուան բնականաբար անհանգիստ է ոչ միայն իր դէմ հիւսուող դարպասումի քաղաքականութեան մէջ  ռազմավարական նկատուող այս քայլի կիրարկումէն, այլ նաեւ Անգարայի կատարած ոստումէն: Մոսկուայի համար եւս պէտք չէ անակնկալ եղած ըլլայ այս նախապատրաստուող ոստումը կամ պարտադրուած քայլը:

Չի բացառուիր անշուշտ, որ Անգարան Մոսկուային փոխանցած ըլլայ այս անխուսափելիութիւնը: Այս քայլին զուգահեռ էր, որ ՕԹԱՆ-ի ամէնէն բարձր մակարդակներէն կը հնչէին ռուսական վտանգին դիմաց ռազմական պատրաստուածութեան գալու կոչերը:

Մոսկուայի ներկայացուցիչը Թուրքիոյ իրաւասութեան մէջ կը դիտէր այս որոշումը, պարզապէս երեսփրկութեան (ֆէյս սէյվինկ)  յատկանշական յայտարարութիւն կատարելով:

Թուրքիան Շուէտէն ակնկալութիւններ ունէր, յատկապէս քրտական կազմակերպութիւններու գրասենեակները փակելու, կամ իր բառապաշարով` ահաբեկչական կազմակերպութիւններու նստավայրեր չտրամադրելու առումով: Հիմա այդ բոլորը դուրս եկած են պայմաններու ցանկէն:

Այս քայլին դիմաց, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի պաշտօնակատար Վիքթորիա Նուլընտը այցելած է Անգարա: Այնտեղ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի պաշտօնակատարը հանդիպած է  բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներու եւ գործարար շրջանակներու ղեկավարներու հետ` քննարկելով երկկողմ, տարածաշրջանային եւ համաշխարհային հարցերու ամբողջ շրջանակը:

Նուլընտը յայտարարած է, որ «Միացեալ Նահանգները եւ Թուրքիան ՕԹԱՆ-ին Շուէտի անդամակցութեան Անգարայի համաձայնութենէն ետք կը վերադառնան լիարժէք համատեղ աշխատանքի տնտեսութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ:

Պաշտօնական լրահոսէն այնպէս կ՛ընկալուի, որ ամբողջ տարածաշրջանի եւ համաշխարհային հարցերու թղթածրարներու համատեղ քննարկումը եւ աշխատանքներու սլաքներու համակարգումը կախեալ էր Շուէտի խնդիրէն: Անգարան ենթարկուած է Միացեալ Նահանգներու պահանջին, որուն դիմաց Ուաշինկթընը վերստին կը համատեղէ իր երկրի եւ Թուրքիոյ անվտանգային եւ տնտեսական համագործակցութիւնները:

Տնտեսական ոլորտի տրամաբանութիւնը աւելի երեւելի է: Միացեալ Նահանգները Թուրքիան կը պատանդառեն իր տնտեսութեամբ: Թրքական դրամանիշի կտրուկ անկումները յանկարծակի չեն ըլլար եւ կապուած չեն զուտ շուկայական կամ ֆինանսական ելեւէջներէ: Ուաշինկթընը կը հեռակառավարէ Թուրքիոյ ֆինանսական քաղաքականութիւնը  եւ զայն կ՛օգտագործէ իբրեւ ճնշամիջոց` արգիլելով, որ իր կողմէ ճշդուած սահմաններէն դուրս գայ Թուրքիան:

Անվտանգայինը առաջին հայեացքով կրնայ վերաբերիլ «Էֆ 16»-ներու խնդիրին, որ հանգուցային էր թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն եւ գործօնային` թուրք-ռուս համագործակցութեան:

Ռուսիոյ դաշնութիւնը կը պատրաստուի նախագահական ընտրութիւններուն: Շուէտի ճամբով իրեն հասած թրքական հարուածը անհետեւանք չի մնար: Անգարան այսպիսով լուրջ հարուած կը հասցնէ եւ մասնակից կը դառնայ իր ռազմավարական վերջին գործընկերը թշնամի ուժերով շրջապատելու ամերիկեան քաղաքականութեան:

Անգարայի խաղի լուսանցքը բաւական կը նեղնայ այս ձեւով, հերթական անգամ Մոսկուան համոզելով, որ Հարաւային Կովկասի թէ Միջին Արեւելքի մէջ իբրեւ ռազմավարական գործընկեր հանդէս եկող Թուրքիան աւելի գործընկեր է Միացեալ Նահանգներու հետ եւ ի վերջոյ զինք դարպասող անվտանգային զինուորական ուխտին երկրորդ գլխաւոր ուժն է: Եւ այդպիսով` Հարաւային Կովկաս մտած Տրովադայի ձին:

«Ա.»

Նախորդը

Գիտական Վերլուծութեան Բարիքները

Յաջորդը

Ակնարկ. Հայոց Պատմութիւնը Անուանափոխելու Նպատակը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.