Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումները կը վերսկսին այսօր, ուր տեղի պիտի ունենան 22-րդ հանգրուանի մրցումները:
16-րդ դիրքը գրաւող Նոթինկհամ Ֆորեսթ պիտի հիւրընկալէ Արսենալը, որ մինչեւ դեկտեմբերի սկիզբը պարագլուխի դիրքը կը գրաւէր: Այժմ 3-րդ դիրքի վրայ գտնուող Արսենալ, որ «Փրեմիեր լիկ»-ի ամէնէն երիտասարդ խումբերէն է, տակաւին վիրաւոր մարզիկներ ունի, մինչ Թոմաս Փարթի եւ Թաքեհիրօ Թոմիյասու իրենց ազգային խումբերուն հետ ըլլալով Ափրիկէի եւ Ասիոյ բաժակներու մրցաշարքերուն, կը բացակային:
Վաղը, շատ հետաքրքրական մրցումի մը, Լիվըրփուլ պիտի հիւրընկալէ Չելսին: Պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլի գերմանացի մարզիչ Եուրկըն Քլոփ քանի մը օր առաջ յայտնեց, թէ ամրան պիտի լքէ իր պաշտօնը 9 տարեշրջան բոլորելէ ետք Լիվըրփուլի հետ, ուր շահեցաւ «Փրեմիեր լիկ»-ի տիտղոս, «Չեմփիընզ լիկ», Անգլիոյ բաժակ, Լիկայի բաժակ, Անգլիոյ գերբաժակ, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գերբաժակ, ՖԻՖԱ-ի ակումբներու միջցամաքամասային բաժակը: Լիվըրփուլ դաշտ պիտի ներկայանայ առանց վիրաւորներ Մոհամետ Սալահի, Թիակօ Ալքանթարայի, Քոնսթանթինոս Ցիմիքասի, Ժոել Մաթիփի, Պեն Տոքի եւ Սթեֆան Պայչեթիչի, մինչ Չելսիէն (9-րդ դիրք) պիտի բացակային Ուեզլի Ֆոֆանա, Ռիս Ճէյմս, Ռոմես Լաւիա, Ռոպերթօ Սանչես եւ Լեզլի Ուկոչուքվու, որոնք բոլորն ալ վիրաւոր են:
Ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի պիտի հիւրընկալէ 19-րդ եւ նախավերջին դիրքը գրաւող Պըրնլին` յոյսով, որ աւելի մօտենայ Լիվըրփուլի, եթէ անշուշտ Լիվըրփուլ չկարենայ յաղթել Չելսիին: Սիթի 5 կէտով ետ կը մնայ Լիվըրփուլէն, սակայն մրցում մըն ալ նուազ կատարած է:
Նշենք, որ շաբաթավերջին տեղի ունեցած էին Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի Դ. հանգրուանի մրցումները, ուր արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները (հաւասարութեամբ աւարտած մրցումները պիտի կրկնուի մրցակիցի դաշտին վրայ):
Պորնմաութ – Սուանսի 5-0
Շեֆիլտ Ուենզտէյ – Քովենթրի 1-1
Պրիսթոլ Սիթի – Նոթինկհամ Ֆորեսթ 0-0
Չելսի – Ասթոն Վիլա 0-0
Թոթենհամ – Մանչեսթըր Սիթի 0-1
Իփսուիչ – Մէյտսթոն 1-2
Լիծ – Փլիմըթ 1-1
Լայսթըր – Պիրմինկհամ 3-0
Էվըրթըն – Լիւթըն 1-2
Շեֆիլտ Եունայթըտ – Պրայթըն 2-5
Ֆուլհեմ – Նիւքեսըլ 0-2
Ուեսթ Պրոմիչ – Վուլվզ 0-2
Ուաթֆորտ – Սաութեմփթըն 1-1
Լիվըրփուլ – Նորիչ 5-2
Նիւփորթ – Մանչեսթըր Եունայթըտ 2-4
Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած էին «Պունտըսլիկա»-ի 19-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնց աւարտին Պայէրն Միւնիխ 2 կէտով մօտեցաւ Պայեր Լեւերքուզընի, որ իր դաշտին վրայ չկրցաւ կոլ նշանակել Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի դէմ մրցումին (0-0):
Պայէրն Միւնիխ 3 կէտ շահեցաւ` յաղթելով Աուկզպուրկի դաշտին վրայ, սակայն վիրաւորներու ցանկը երկարեցաւ: Արդարեւ, Սերժ Կնապրիի, Քոնրատ Լայմըրի, Եոշուա Քիմիչի, Նուսէյր Մազրաուիի եւ Տայոթ Ուփամեքանոյի միացան Քինկզլի Քոման եւ Ալեքսանտր Փաւլովիչ:
Ստորեւ` արդիւնքները.
Ֆրանքֆորթ – Մայնց 1-0
Հոֆընհայմ – Հայտընհայմ 1-1
Վոլֆսպուրկ – Քէօլն 1-1
Պրեմըն – Ֆրայպուրկ 3-1
Շթութկարթ – Լայփցիկ 5-2
Աուկզպուրկ – Պայէրն Միւնիխ 2-3
Լեւերքուզըն – Մէօնշընկլատպախ 0-0
Ունիոն Պերլին – Տարմշթատ 1-0
Տորթմունտ – Պոխում 3-1
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1.- Լեւերքուզըն 49 (50-14)
2.- Պայէրն Միւնիխ 47 (56-18)
3.- Շթութկարթ 37 (43-25)
4.- Տորթմունտ 36 (40-26)
5.- Լայփցիկ 33 (42-26)
……………………………………………..
16.- Քէօլն 12 (12-34)
17.- Մայնց 11 (14-30)
18.- Տարմշթատ 11 (22-47)
Սպանիոյ 20-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումներու գծով, վաղը Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ Օսասունան: 4-րդ դիրքը գրաւող Պարսելոնա, որ շաբաթավերջին 5-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Վիարէալէն, իր դաշտին վրայ պիտի փորձէ անպայման յաղթել Օսասունային, աւելի ետ չմնալու համար Ժիրոնայէն (55 կէտ) եւ Ռէալ Մատրիտէն (54 կէտ): 44 կէտ ունեցող Պարսելոնա, որուն մարզիչը` Չաւի Հերնանտես, շաբաթավերջին յայտնած էր, թէ պիտի լքէ իր պաշտօնը, 12-րդ դիրքը գրաւող Օսասունային դէմ իր կարելին պիտի ընէ 3 կէտ շահելու: Չաւի «շուարած» կը թուի ըլլալ եւ շատ յաճախ կը փոխէ հիմնական մարզիկները մրցումէ մրցում: Ճիշդ է, որ գերմանացի բերդապահ Թետ Շթեկըն, Կաւի եւ Մարքոս Ալոնսօ վիրաւոր են, բայց Փետրին, Քանսելոն կամ Թորեսը պահեստի աթոռներուն վրայ ձգելը քիչ մը տարօրինակ էր… Նախապէս ան Ժոաօ Ֆելիքսը կը ձգէր պահեստի մարզիկներու մէջ:
Ռէալ Մատրիտ, որ շաբաթավերջին 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձած էր Լաս Փալմասի դաշտէն, պիտի մրցի 10-րդ դիրքը գրաւող Խեթաֆէի դաշտին վրայ: Ռէալէն պիտի բացակային Տաւիտ Ալապա, Էտեր Միլիթաօ եւ բերդապահ Քուրթուա, որոնք վիրաւոր են քանի մը շաբաթներէ ի վեր:
Ստորեւ` վաղուան յետաձգուած մրցումները.
Պարսելոնա – Օսասունա
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Ռայօ Վայեքանօ
Հինգշաբթի` Խեթաֆէ – Ռէալ Մատրիտ
Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքը գրաւող Ինթեր Միլան շնորհիւ խմբապետ Լաութարօ Մարթինեսի կոլին յաղթական վերադարձաւ Ֆիորենթինայի դաշտէն: Եուվենթուս չկրցաւ յաղթել Էմփոլիի եւ 1-1 արդիւնքով ինկաւ հաւասարութեան ծուղակին մէջ: Միլիք 18-րդ վայրկեանին վտարուած էր դաշտէն, բայց Տուշան Վլահովիչ կրցած էր կոլ նշանակել 50-րդ վայրկեանին, սակայն Թոմասօ Պալտանցի 70-րդ վայրկեանին կրցած էր օգտուիլ Եուվէի 10 մարզիկներով ըլլալէն` նշանակելով Էմփոլիի հաւասարութեան կոլը, երկար ժամանակ ճնշելէ ետք Չեժնիի բերդին վրայ (Եուվէ):
1 մրցում պակաս խաղցած Ինթեր 1 կէտի առաւելութիւն ունի Եուվէի վրայ, եւ երկու խումբերը իրար դէմ պիտի մրցին կիրակի գիշեր` Միլանի Սան Սիրօ դաշտին վրայ, ժամը 21:45-ին, «գագաթի մրցումին»:
Ստորեւ` 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները.
Քալիարի – Թորինօ 1-2
Աթալանթա – Ուտինեզէ 2-0
Եուվենթուս – Էմփոլի 1-1
Ա. Սէ. Միլան – Պոլոնիա 2-2
Ճենովա – Լեչէ 2-1
Վերոնա – Ֆրոզինոնէ 1-1
Մոնզա – Սասուլօ 1-0
Լացիօ Ռոմա – Նափոլի 0-0
Ֆիորենթինա – Ինթեր Միլան 0-1
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1.- Ինթեր Միլան 54 (50-10)
2.- Եուվենթուս 53 (36-13)
3.- Ա. Սէ. Միլան 46 (43-25)
4.- Աթալանթա 36 (37-21)
5.- Լացիօ Ռոմա 34 (24-20)
……………………………………….
18.- Քալիարի 18 (21-38)
19.- Էմփոլի 17 (15-36)
20.- Սալերնիթանա 12 (18-42)


