«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Տեվըն Պուքըր, որ 2 օր առաջ 62 կէտ նշանակած էր ի նպաստ Ֆինիքսի, կրցաւ 44 կէտ նշանակել, բայց Սանզ անգամ մը եւս պարտութիւն կրեց (յաջորդական երկրորդը)` 7 յաջորդական յաղթանակներէ ետք:
Փաուլօ Պանչերօ 26 կէտ նշանակեց ի նպաստ Օրլանտոյի, որ 113-98 արդիւնքով յաղթեց Ֆինիքսին:
Օրլանտօ շատ լաւ պաշտպանեց մանաւանդ 4-րդ մասին, երբ Պանչերօ (2,08 մեթր) Ֆրանց Վակնըր (2,08 մեթր) Մորիթց Վակնըր (2,11 մեթր) եւ Ճոնաթըն Այզեք (2,11 մեթր) միասին խաղցան:
Ֆինիքս լաւ սկսաւ մրցումը, բայց չկրցաւ լաւ ձեւով աւարտել: Արդարեւ, 13 կէտի առաւելութիւն մը ձեռք ձգելէ ետք, Ֆինիքս չկրցաւ լաւ ձեւով պաշտպանել, ընդհակառակն` Օրլանտօ ինք սկսաւ լաւ պաշտպանել եւ նշանակել: Վերջին մասին 31 կէտ նշանակեց Օրլանտօ, մինչ 13 կէտ նշանակած Ֆինիքս 15 կէտի տարբերութեամբ պարտուեցաւ:
Քեւըն Տիւրենթ 15 կէտ նշանակեց Պուքըրի 44 կէտին կողքին` ի նպաստ Ֆինիքսի, մինչ Մորից Վակնըր (16 կէտ եւ 12 ռիպաունտ) տապըլ տապըլ իրագործեց, իսկ իր եղբայրը` Ֆրանց Վակնըր (11 կէտ, 8 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ) եւ Մարքելէ Ֆիւլց 14 կէտ նշանակեցին ի նպաստ Օրլանտոյի:
Այս շաբաթավերջին յստակացան «Էն. Պի. Էյ.»-ի 2024-ի «Օլ Սթար» մրցումի խմբապետները: Արեւելեան շրջանի խմբապետ նշանակուեցաւ Եաննիս Անթեթոքումփօ (Միլուոքի), մինչ արեւմտեան շրջանի խմբապետ նշանակուեցաւ Լըպրոն Ճէյմս:
Քուէարկութիւնները, որոնք տեղի ունեցան 3 հանգրուանով, որոնց ընթացքին քուէներ ստացան 5 մարզիկներ` 3 յարձակողներ (ֆորուըրտ եւ սենթըր) եւ 2 պաշտպանողներ (փոյնթ եւ շութինկ կարտ):
Համակիրներուն քուէները 50 տոկոսով նկատի առնուեցան, մինչ 25 տոկոսով նկատի առնուեցան «Էն. Պի. Էյ.»-ի մարզիկներուն եւ 25 տոկոսով` լրագրողներուն քուէները:
Եաննիս երեք կողմերէն ալ թիւ 1 դասուեցաւ արեւելեան շրջանի խումբէն: Նոյնն էր պարագան Թայրիս Հալիպըրթընի (Ինտիանա), որ կարտերու բաժինի թիւ 1 դասուեցաւ: Արեւմտեան շրջանի քուէարկութիւններուն, Լըպրոն Ճէյմս մարզիկներուն եւ լրագրողներուն կողմէ 2-րդ դասուեցաւ, բայց համակիրներուն կողմէ թիւ 1 դասուիլը զինք առաջին դիրքի վրայ ձգեց: Կարտերու պարագային, համակիրները ընտրեցին Լուքա Տոնչիչը, մինչ մարզիկները եւ լրագրողները քուէարկած էին Շէյկիլճիըս-Ալեքսանտրի:
Ստորեւ` դասաւորումները եւ քուէարկութեան արդիւնքները: Նշենք, որ պահեստի 7 մարզիկները պիտի յայտարարուին երկու օրէն:
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆ
ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐ
1.- Եաննիս Անթեթոքումփօ (Միլուոքի)
2.- Ճէյսըն Թէյթըմ (Պոսթըն)
3.- Ժոել Էմպիիտ (Ֆիլատելֆիա)
4.- Ճէյլըն Պրաուն (Պոսթըն)
5.- Փաուլօ Պանչերօ (Օրլանտօ)
6.- Ճիմի Պաթլըր (Մայեմի)
7.- Պեմ Ատեպայօ (Մայեմի)
ՊԱՇՏՊԱՆՆԵՐ
1.- Թայրիս Հելիպըրթըն (Ինտիանա)
2.- Տեմիըն Լիլըրտ (Միլուոքի)
3.- ՃԷյլըն Պրանսըն (Նիւ Եորք)
4.- Թրէյ Եանկ (Աթլանթա)
5.- Տոնավան Միչել (Քլիվլենտ)
6.- Թայրիս Մեքսի (Ֆիլատելֆիա)
7.- Տերեք Ուայթ (Պոսթըն)
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆ
ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐ
1.- Լըպրոն Ճէյմս (Լոս Անճելըս Լէյքըրզ)
2.- Նիքոլա Եոքիչ (Տենվըր)
3.- Քեւըն Տիւրենթ (Ֆինիքս)
4.- Անթոնի Տէյվիս (Լոս Անճելըս Լէյքըրզ)
5.- Քուայ Լենըրտ (Լոս Անճելըս Քլիփըրզ)
6.- Փոլ Ճորճ (Լոս Անճելըս Քլիփըրզ)
7.- Ալփերեն Շենկիւն (Հիւսթըն)
ՊԱՇՏՊԱՆՆԵՐ
1.- Լուքա Տոնչիչ (Տալաս)
2.- Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր (Օքլահոմա Սիթի)
3.- Սթեֆ Քըրի (Կոլտըն Սթէյթ)
4.- Անթոնի Էտուըրտծ (Մինեսոթա)
5.- Քայրի Ըրվինկ (Տալաս)
6.- Ճէյմս Հարտըն (Լոս Անճելըս Քլիփըրզ)
7.- Տ՛Արոն Ֆոքս (Սաքրամենթօ)


