Օրերս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչական դատարանը բաւարարած էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեանի եւ ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Մասիս Աբրահամեանի դատական հայցերը ընդդէմ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան` պարտաւորեցնելով Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը Մուրատ Փափազեանի եւ Մասիս Աբրահամեանի վերաբերեալ տուեալները հանել Հայաստանի տարածքին մէջ անցանկալի նկատուող օտարերկրացիներու տուեալներու շտեմարանէն:
Այս առիթով, 25 յունուարին ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, որուն կը մասնակցէին գործով ներգրաւուած փաստաբան Ռուբէն Մելիքեանը եւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը:
«Հրապարակուած որոշումով դատարանը շատ յստակ եւ համակարգային վերլուծութիւններու միջոցով ճանչցած է իրաւայարաբերութեան բացակայութիւնը եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը պարտաւորեցուցած է, որ հանեն Մուրատ Փափազեանի եւ Մասիս Աբրահամեանի տուեալները անցանկալի անձերու ցուցակէն», լրագրողներու հետ հանդիպումին յայտնեց Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը:
Անոր համաձայն, ամենեւին չնսեմացնելով Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան դերակատարութիւնը, այս երկու գործերը կարեւոր նշանակութիւն ունին սփիւռքահայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան տեսակէտէն:
Բացի Փափազեանէն եւ Աբրահամեանէն, Հայաստանի Հանրապետութեան համար անցանկալի անձեր ճանչցուած էին նաեւ Ասլան Ասլանեանը, Արթուր Նժդեհ Գարագաւորեանը եւ Սիւնէ Աբրահամեանը: Անոնց վերաբերեալ գործերը, Մինասեանի համաձայն, կը գտնուին իրաւական տարբեր գործընթացներու մէջ:
Փաստաբան Ռուբէն Մելիքեանը իր կարգին յայտնեց, որ շատ բարձր կը գնահատէ դատարանի որոշումը:
«Յոյս ունիմ, որ այս գործով վէճը շարունակելու առիթ չ՛ըլլար, թէպէտ կը հասկնամ, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը պիտի դիմէ վերաքննիչ դատարան: Բայց նաեւ յոյս ունիմ, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը խորապէս ծանօթանալէ ետք կը փորձէ լուծումներ գտնել նման իրավիճակներու համար: Շատ կարեւոր նկատելով որոշումը, կը տեսնենք զարգացման կարելիութիւն, որ յատկապէս կասկածի տակ չդրուի Հայաստան վերադառնալու իրաւունքը այն մարդոց, որոնց համար Հայաստանը հայրենիք է», ըսաւ Ռուբէն Մելիքեան:


