Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միշտ Վահանով, Երբե՛ք Առանց Վահանի (ՀՅԴ-ի 133-Ամեակի Առիթով)

January 26, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Տարի մը եւս կը տօնենք հիմնադրութեան տարեդարձը Դաշնակցութեան, որ օրացոյցի հաշուով 133 տարեկան եղաւ, բայց անոր  քաղաքական ու ընկերային նպատակները թերեւս հին  են այնքան, որքան հայութիւնն է, եւ հայութեան ձգտումներ եղած են` հայրենիքի անկախութեան, խղճի ազատութեան, ընկերային արդարութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ բարգաւաճ կեանքի: Նպատակներ, որոնց համար մտքի ու զէնքի անուանի ու անանուն այնքա՜ն  հերոսներ պայքարած են իր դրօշին տակ:

Պարզ ակնարկ մը բաւական է  հաստատելու համար, որ  հայ կեանքի մէջ չէ եղած ու չկայ որեւէ  կուսակցութիւն ու կազմակերպութիւն, որ ժամանակի իմաստով եւ հակառակ բազմաբնոյթ հալածանքներու, իր նպատակներուն կառչած`  դիմացած ու տոկացած ըլլայ այնքան, որքան Դաշնակցութիւնը: Տարածութեան տեսակէտէն ընդարձակուած ըլլայ այնքան, որքան ինք: Գործունէութեան առումով, ունեցած ըլլայ այնքան եռանդ ու կամաւոր աշխատողներ, որքան այս կուսակցութիւնը: Իսկ պայքարի մէջ` իր բացած  ճակատներով ու նուիրումի ոգիով գերազանցած է նոյնիսկ ինքզինք: Եղած է եզակի ու անհաւասար:  Ահա թէ ինչո՛ւ երկարամեայ իր գործունէութեամբ իրաւունք շահած է, որ տարին գոնէ մէկ անգամ եւ հրապարակով տօնէ ԻՐ ՕՐԸ` ընկերներով, համակիրներով եւ ուղեկից ազգայիններով:

Այս հաստատումները, խնդրենք, անհամեստութիւն չնկատուին, ոչ ալ մեծամտութիւն, այլ պարզ յիշեցում` առ այն, որ`

– 1890-ին հիմնուեցաւ ան Թիֆլիսի մէջ, բայց Արեւմտահայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին նուիրուեցաւ իր ամբողջ ուժերով: Ֆետայական շարժումով, բանաւոր ու գրաւոր քարոզչութեամբ, այսինքն խօսքով ու գործքով յեղափոխական ոգի ներշնչեց եւ զարթօնքի շարժում յառաջացուց հայ զանգուածներու  մէջ:

– 1918-ին` Սարդարապատի յաղթանակին, հայրենիքի ու անկախութեան կերտումին, ապա նաեւ ազգային պետականութեան կառուցումին մէջ`  ղեկավար դերակատարութիւնը անվիճելիօրէն պատկանեցաւ Դաշնակցութեան: Իսկ իր աննման  մարտիկներուն շնորհիւ փրկեց Զանգեզուրը, որ Ազրպէյճանի ճանկերուն մէջ չիյնայ:

–  1920-ական թուականներուն, Հայաստանի համայնավարացումէն ետք դաշնակցական գործիչներ սփիւռքեան զանազան երկիրներու մէջ կազմակերպական հսկայ աշխատանքի նուիրուեցան եւ գաղթական ու շուարած հայու բեկորներուն ուժ տուին: Կրթական, եկեղեցական, միութենական, հրատարակչական աշխուժութիւններով կազմակերպ հայագաղութներ ստեղծեցին եւ զանոնք Հայ դատի հետապնդումին լծեցին: Գլխաւորաբար ՀՅԴ-ի աշխատանքի շնորհիւ է, որ ցիրուցան սփիւռքահայեր գիտակցական մակարդակի վրայ իրարու միանան ու բոլորուին մէկ ու միեւնոյն նպատակին շուրջ, որ Հայ դատն է:

– 1988-ին ու անկէ ետք, արցախեան պոռթկումի առաջին օրերէն, Դաշնակցութիւնը ոչ միայն բարոյապէս թիկունք կանգնեցաւ շարժումին, այլ նոյնիսկ սփիւռքի մէջ իր ըլլալը արգելք չեղաւ, որ գործօն մասնակցութիւն բերէ պայքարին` դրամահաւաքով, զէնքով ու կռուողներով:

– Վերանկախացման հռչակագրի առաջին օրերէն Դաշնակցութիւնը վերակենդանացուց Ակնունիի  «ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ» կարգախօսը, գործօն ներկայութիւն եղաւ հայրենիքի մէջ` մարդուժով, տնտեսագիտութեամբ ու արհեստագիտութեամբ եւ իր կարելիութեան բոլոր միջոցներով ջանաց աջակցիլ համայնավարութենէն ազատագրուող մեր երկրին…

Դաշնակցութեան ծրագրին ու գործելակերպին համաձայն ըլլանք կամ չըլլանք, նոյնիսկ եթէ մերժենք տարբեր փուլերու մէջ իր ունեցած քաղաքական ընտրանքները, չենք կրնար չընդունիլ սակայն, որ այս կուսակցութեան ծառայութեան կողմնացոյցը մէկ ու միակ ուղղութիւն ցոյց կու տայ. դէպի իր ժողովուրդը, հայ Ժողովուրդը, ուր որ ալ գտնուի ան, Հայաստան թէ Լիբանան, կամ` Սուրիա, Քուէյթ թէ Ամերիկա, Ֆրանսա թէ Քանատա, կամ այլուր:

Եւ այսօր այդ ժողովուրդը` մեր ժողովուրդը, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ ունի մեծ դժուարութիւններ եւ կը դիմագրաւէ տագնապալի մարտահրաւէրներ, որոնք կը պարտադրեն  Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին, որ իր հիմնադրութեան օրը հպարտութեամբ  տօնելէ ետք վերաքննէ ինքզինք եւ նոր օրերու նոր հրամայականներուն վրայ իր ծառայութիւնը ծրագրէ ու արդիւնաւորէ:

44-օրեայ պատերազմի ողբերգական պարտութենէն ետք Արցախի անփառունակ անկումը, ինչպէս նաեւ հայրենի բնակչութեան պառակտուածութիւնը մեր հայրենիքը դրած են գոյութենական ահաւոր ճգնաժամի մէջ, որուն պատճառով ինկած է ան անորոշութեան գիրկը եւ մեծ դժուարութիւն ունի քաղաքական իր կողմնացոյցը ճշդելու: Այս բոլորը բնականաբար բարոյահոգեբանական ընկճուածութեան մատնած են համայն հայութիւնը: Անկասկած անոնք իրենց բացասական ազդեցութիւնը ունեցած են նաեւ Դաշնակցութեան ու դաշնակցական մարդուն վրայ` պատճառ դառնալով, որ անոնց գործունութիւնը նուազի: Որովհետեւ Դաշնակցութիւնն ու դաշնակցական մարդը կ՛ապրին ազգի տագնապներով ու կը գործեն հայութեան ու հայու հայրենիքին համար: Հայաստան եւ սփիւռք ներկայիս մատնուած են կացութեան մը, որուն պայմաններուն մէջ կը տիրէ համատարած խառնաշփոթութիւն:

Դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է սակայն, որ կառչած է իր աւանդներուն եւ գիտէ խառնաշփոթութեան ու ճգնաժամի մէջ եւ պայքարի ամէնէն թէժ պահերուն իսկ  կառչած մնալ իր վահանին:

Դաշնակցութիւնը երբե՛ք իր կատարածներով չէ գոհացած, այլ միշտ իր չկատարածները իբրեւ մարտահրաւէր, իբրեւ չելենճ նպատակադրած է կատարել: Այս առումով, գլխաւոր մարտահրաւէր է`  հայրենի ժողովուրդին մէջ քաղաքական ու գաղափարական շարժում դառնալու անհրաժեշտութիւնը:

Հայաստանի կառավարման գործին մեր մասնակցութիւնը թէեւ առիթներ տուած է մենք մեզ հաստատելու ու ճանչցնելու հայրենի հանրութեան, բայց յայտնօրէն պատճառ դարձած է, որ մենք «շահինք» նաեւ այն բոլոր դժգոհութիւնները, որ ժողովուրդը ունեցած է կառավարութեան նկատմամբ: Որով, մեր ինքնուրոյնութիւնը վերականգնելու եւ մեր արժէքները հայրենի հանրութեան ծանօթացնելու հրամայական խնդիրը ունինք:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան  133  տարուան կեանքը ցոյց կու տայ, որ ան երբեք դասալիք չէ եղած իր պարտաւորութիւններուն մէջ:  Անշուշտ յաճախ սխալներ գործած է, երբեմն անգործութեան մատնուած է, բայց երբեք դասալիք չէ եղած, եւ ատոր համար ալ  շահած է յարգանքը իր ժողովուրդին, նոյնիսկ` իր հակառակորդներուն:

Այո՛, միշտ վահանով, երբե՛ք առանց վահանի:

Այսօրուան հայ կեանքի բազմատեսակ դժուարութիւնները երկու տեսակ ընտրանքի դիմաց կը դնեն մեզ. մատնուիլ յոռետեսութեան եւ յուսահատիլ, կամ լարել մեր ամբողջական ուժերը  եւ նետուիլ պայքարի մէջ` յաղթելու կամքով:

Դաշնակցութեան 133  տարիներու կտրած  ճամբան վստահութիւն կը ներշնչէ, որ ան ինչպէս միշտ, նաեւ այսուհետեւ ինքզինք պիտի գերազանցէ,  ժողովուրդին հետ ու ժողովուրդին համար  վճռական պայքարի պիտի ձեռնարկէ եւ նորանոր յաղթանակներով պիտի հարստացնէ սերունդներուն համար հպարտանալու առիթ տուող իր ժառանգը  եւ կրկին ու նորովի պիտի շահի «ՄԵՐ ՕՐԸ» տօնելու իրաւունքը`  աւելի մեծ հպարտութեամբ:

 

 

 

Նախորդը

Մարդուժի Պատրաստութիւնը Եւ ՀՅԴ-ի Երիտասարդութիւնը

Յաջորդը

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Անյետաձգելի Պարտադրանք… (ՀՅԴ 133-Ամեակ) – Ե.

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.