Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Արտաքին Գործոց Նախարարին

January 25, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 23 Յունուար 2024-ին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը երկար հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց արտաքին գործոց նախարար Շէյխ Ապտալլահ Պըն Զայէտ Ալ Նահեանի հետ։ Հանդիպումը կայացաւ նախարարին բնակարանին մէջ: Նախարարը իր կողքին ունէր պետական նախարարուհի Նուրա Պընթ Մուհամմէտ Ալ Քաապի: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը առիթ մը եղաւ նախ ընդհանուր ակնարկ նետելու Միջին Արեւելքը յուզող հարցերուն, կրօններու ու մշակոյթներու երկխօսութեան, հայ ժողովուրդին ու Հայաստանին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու մասնաւորաբար Լիբանանի այժմու կացութեան վրայ։ Յիշեալ հարցերու գծով թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ՛ նախարարը իրենց տեսակէտները, մտահոգութիւններն ու պատկերացումները փոխանակեցին՝ շեշտելով փոխադարձ հասկացողութեան անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց գլխաւոր քաղաքներուն՝ Ապու Տապիի, Տուպայի ու Շարժայի մէջ կայք հաստատած հայ համայնքներուն: Նորին Սրբութիւնը իր ջերմ գնահատանքը ու երախտագիտութիւնը յայտնեց նախարարին հանգուցեալ հօր՝ նախագահ Զայէտ Պըն Սուլթան Ալ Նահեանին, որուն հետ Վեհափառ Հայրապետը 1998-ին հանդիպում մը ունեցած էր, եւ որուն ընթացքին ան ընդառաջելով Հայրապետին փափաքին՝ եկեղեցաշինութեան համար յատուկ հողաշերտ մը յատկացուցած էր: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեց իր հանդիպումը նախարարին եղբօր եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց ներկայ նախագահին՝ Մուհամմէտ Պըն Զայէտ Ալ Նահեանին հետ, որ տեղի ունեցած էր 2014-ին, որուն ընթացքին Նորին Ս. Օծութիւնը ուրախուեամբ յայտնած էր Ապու Տապիի մէջ իր հօր նուիրած հողին վրայ եկեղեցւոյ, դպրոցի ու ազգային առաջնորդարանի շինութեան մասին: Հանդիպումին Հայրապետը շեշտեց, թէ Էմիրութիւններու մէջ կայք հաստատած մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց դրական ներդրումը կը բերեն երկրին բարգաւաճման:

Արտաքին գործոց նախարարը, իր կարգին, ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին անցեալի ու ներկայի այցելութիւնները Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ՝ ըսաւ, թէ հայերը ո՛չ միայն հաւատարիմ են այս երկրի սկզբունքներուն եւ իրենց գործօն մասնակցութիւնը կը բերեն անոր տնտեսութեան զարգացման, այլ նաեւ իրենց կրօնական ու մշակութային ինքնութեամբ առաւել կը հարստացնեն այս երկրին բազմամշակոյթ, բազմակրօն ու բազմացեղ ընկերութիւնը:

Յիշեալ հանդիպումին Նորին Ս. Օծութեան կողքին ներկայ էին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողոկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեան եւ թեմի ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Վարուժան Ներկիզեան։

 

Նախորդը

Պայտըն Կոչ Ուղղած Է Քոնկրեսին` «Անյապաղ» Հաստատելու Թուրքիոյ «Էֆ-16»-ներու Վաճառքը

Յաջորդը

Վե՜հ Դաշնակցութիւն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.